ՎԱՐԴԸ ԵՒ ՓՈՒՇԸ
Վարդը՝ վա՛րդ, բայց ինչո՞ւ ըլլայ նաեւ փուշ։ Բնութեան անայլայլելի օրէնքին տրամաբանութիւնը ա՛յդ է.- ուր որ վարդ կայ, հո՛ն փուշ ալ պիտի ըլլայ։
Բայց անպէտը ինչ գործ ունի պիտանիին քով, կամ տգեղը ինչո՞ւ կայ անմիջապէս գեղեցիկին քով։ Ահա, ճիշդ այս «անտրամաբանութիւն»ներով, անբացատրելի հակադրութիւններով հիւսուած են բնութեան տրամաբանութիւնները։
Արդարեւ, մարդուն համար այն որ անտրամաբան է՝ բնութեան համար տրամաբանական է եւ սովորակա՛ն։ Եւ ահաւասիկ սա գեղեցիկ վարդին վրայ փուշը ինչո՞ւ եղեր է. ինչո՞ւ համար վարդը առանց փուշի չէ եղեր։
Ա՛յս է բնութեան անողոք Օրէնքը։
Անշուշտ որ բուսաբանական գիրքեր, բուսաբաններ կը վերլուծեն եւ կը բացատրեն այս օրէնքը. բայց օրէնքին բացատրութիւնը չէ կարեւորը, այլ՝ բուն իսկ «օրէնքի իրականութիւն»ը։ Օրէնքը՝ որ կը յայտնուի եւ կը հռչակուի պարզապէս սա՛ է թէ՝ «վարդը առանց փուշի չ՚ըլլար»։
Այս ուղղութեամբ, մարդ կրնայ հարցնել սա հարցումը.- Ո՞ւր երբեք՝ բառը իր փոխաբերական իմաստովը գործածելով, վարդ կայ եւ փուշ չկայ, ինչպէս բնութեան՝ նո՛յնպէս մարդկային կեանքին մէջ։ Ուրիշ խօսքով՝ այս օրէնքը ունի նաեւ իր բարոյական կողմը. չէ՞ որ ըսինք. ամէն օրէնք՝ յետին վերլուծմամբ՝ Աստուծոյ կամքին մէկ յայտնութիւնն է։
Արդարեւ աշխարհ հաստատուած է հակադրութիւններու վրայ, եւ ինչպէս մարդկային կեանքը՝ հոն ուր լոյս կայ, հոն կայ նաեւ խաւար, հոն ուր բարին կայ, հոն կայ նաեւ չարը. կեանքը ամբողջ սեւի եւ ճերմակի հակադրութեան դրութիւն մըն է։ Վարդ եթէ կայ, անպայմա՛ն փուշ ալ պիտի ըլլայ, ինչպէս որ եթէ երջանկութիւն կայ, դժբախտութիւն ալ պիտի ըլլայ, եւ կեանքը ահաւասիկ ա՛յս է…։
Բնութեան մէջ ալ նոյնն է. ո՛ւր որ ոսկի կայ հողին ծոցը՝ ունի իր կղկղանքը, եւ պէտք է որ զտուի, որպէսզի ոսկին փայլի։ Իր հանքէն հանուած ադամանդը չի շողար, չի փայլիր այնպէս՝ ինչպէս կը շողայ, կը փայլի, կը փալփլի կտրուելէն եւ տաշուելէն յետոյ՝ կնոջ մը մատին վրայ եւ կամ թագաւորի մը թագին վրայ…։
Սա սեւ երկաթն իսկ՝ իր հանքին մէջ՝ խառնուած է հողի եւ անպէտ տարրերու հետ, եւ պէտք է որ կրակով մաքրագործուի եւ գործածելի ըլլայ, որպէս մետաղ մը, որ նիւթական քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան ծառայած է աւելի ազդուօրէն, աւելի օգտակար կերպով քան որեւէ ուրիշ մետաղ։
Արդարեւ, մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ կոչուած է աշխատելու, մշակելու, գործելու. առանց աշխատութեան, առանց մշակելու, առանց գործելու կարելի չէ օգտակարը, նպաստաւորը ձեռք ձգել։ Եւ ա՛յս է արարչութեան սկզբնական օրէնքը։
Բայց այն նոյն օրէնքին՝ աւելի յստակ լուսաբանութիւնը կը տեսնենք մեր կեանքին մէջ։
Պահ մը խորհինք. ինչո՞վ կ՚անցնի մեր կեանքը. ծայրէ ի ծայր «միօրինակ» փորձառութիւններո՞վ։ Անշուշտ ո՛չ։ Չէ՞ որ կեանքը հակադրութիւններու վրայ հիմնուած հրաշալի՜ ներդաշնակութիւն մըն է…։ Եւ այդ հակադրութիւններն են, որ պայքար մը կը ստեղծեն ներքին, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ ներուժի մը եւ այդպէս կեանքը իմաստ մը կը ստանայ եւ նպատակ մը կ՚ունենայ. եթէ չըլլային այդ հակադրութիւնները, կեանքը միօրինակ, միակերպ, միապաղաղ ընթացք մը պիտի ըլլար միայն։
Եւ այդ հակադիր արժէքներուն պատճառաւ կեանքը կենդանութիւն կը ստանայ եւ ապրելու կ՚արժանանայ։ Այլապէս եթէ չըլլային հակադրութիւններ, կարելի պիտի ըլլա՞ր խօսիլ ներդաշնակութեան վրայ։ Ներդաշնակութիւնը կեանքին հիմնական տարրն է եւ արդիւնք՝ հակադրութիւններու…։
Արդարեւ կեանքին արժէքը իր հակադրութիւններուն մէջ կը կայանայ, անոնց մէջ է որ կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ, ապա թէ ոչ «կեանք» գոյութիւն չ՚ունենար։
Ուստի, կրկնելով փոխաբերութիւնը. մեր վարդին քով միշտ կայ փուշը։ Յոյսեր կը բողբոջին վարդերու նման բուրումնաւէտ եւ գեղեցիկ, եւ յոյսեր կը խամրին փուշերու նման։ Իրականութեան «վարդ»ին հետ կու գայ նաեւ պատրանքի «փուշ»ը։ Մեր ընկերային բոլոր յարաբերութիւնները՝ հաւասարապէս հաճելի՝ վստահելի՝ եւ թէ ըմբոշխնելի չեն։ Միշտ ելեւէջներ ունին։ Երբ հարիւր անձի հետ շփում ունինք, որեւէ կերպով -ընկերային, առեւտրական, պաշտօնական- թերեւս անոնց մէջէն բաղդատաբար քիչերը արժէքաւոր են իրենց շնորհներովը, եւ մեծ մասը՝ անարժէք, անկարեւո՛ր։
Հապա մեր աշխատութիւննե՞րը։ Հապա մեր պայքա՞րը։ Երբ ուշադրութիւն դարձնենք, այն ատեն պիտի տեսնենք, թէ որքան ուժ եւ ժամանակ կը սպառենք «փուշ»ի վրայ՝ բոլորովին անարժէք եւ անկարեւոր նպատակներու եւ գործերու վրայ։ Մեր կեանքը կը ներկայացնէ «շղթայ» մը՝ որուն օղակներէն ոմանք ոսկի են, ուրիշներ արծաթ թերեւս, բայց մեծ մասամբ ժանգոտած երկա՜թ…։
Յուցուցէ՛ք մարդ մը՝ որ իր կեանքին ամէն մէկ ժամը սուրբ է, եւ ստեղծագործ՝ մտքով, եւ բարերար՝ գործով, սրտով։ Չկա՛յ ատանկ մարդ։ Ամենէն մեծ հանճարին գործերն իսկ՝ իր կեանքին բաղդատաբար փոքրագոյն բաժինը կը ներկայացնեն, գործածուած ժամանակի եւ ուժի հաշուով։
Չէ՞ որ կրամ մը սնունդ առնելու համար պէտք է որ մէկ քիլօ կերակուր ուտենք։
Միթէ մեր բերնէն ելած ամէն մէկ խօսք օգտակա՞ր է, կամ ամէն նախադասութիւն՝ որ էջի մը կը յանձնուի՝ ներշնչի՞չ է։
Սոկրատ՝ «Սոկրատ» ըլլալով, թերեւս աւելի շատ «յիմար» խօսքեր խօսեցաւ քան իմաստուն խօսքեր, որոնց մենք ծանօթ ենք։
Կեանքի արժէքը պէտք է գտնենք ներդաշնակութեան մէջ «համեմատական»ի հաշուով, եւ ո՛չ թէ «բացարձակ»ի։
Եւ եթէ մարդ կը յաջողի իր կեանքին «կէս»ը արգասաւոր, արդիւնաբեր եւ օգտակար աշխատութեամբ անցընել, արդէն արժեցուցած է իր կեանքը, իմաստ է տուած իր կեանքին եւ մօտեցած է կեանքի նպատակին, որովհետեւ տասը մարդոցմէ ինը՝ նոյնիսկ իրենց կեանքին մէկ չորրորդը չեն կրնար արժեցնել։
Ուստի, մարդկային կեանքին իսկական արժէքը, տարբեր բացատրութեամբ, կեանքին իմաստը կախեալ է ո՛չ թէ «վարդ» եղած տեղը «փուշ»ի բացակայութենէ, այլ՝ վարդի եւ փուշի ներկայութիւններուն համեմատութենէն եւ անոնց հրաշալի՜ ներդաշնակութենէն։
«Փուշ»ը՝ կայ ու կայ, քու եւ իր մէջը, բայց որքա՞ն «վարդ» ալ կայ…։
Ահաւասիկ, ա՛յդ է հարցը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 21, 2020, Իսթանպուլ