ԴԷՊԻ ԺԱՄԿԷՏԻ ՎԵՐՋԸ

Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ։ Անգարա բաւական բարդ ժամանակաշրջան մը կը դիմագրաւէ, որովհետեւ այժմու բոլոր իրադարձութիւնները կը զուգորդուին իրերամերժ ազդակներով։ Մէկ կողմէ սեղանի շուրջ թրքական եւ ռուսական պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը կը շարունակուի, իսկ միւս կողմէ դաշտի վրայ բախումները կանգ չեն առներ։ Ռուսական զօրքերու աջակցութեամբ Սուրիոյ բանակը կ՚արձանագրէ յառաջխաղացում։ Կը հաղորդուի, որ Իտլիպ քաղաքի կեդրոնն ալ ատեն-ատեն Սուրիոյ բանակի եւ այդ երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի զօրակիցներու օդային յարձակումներուն թիրախ կը դառնայ։ Անգարա եւ Մոսկուա բանակցութիւններ կը վարեն՝ Սոչիի համաձայնութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու համար։ Երէկ, դժբախտաբար Իտլիպի մէջ նահատակուեցաւ նաեւ երկու թուրք զինուոր։ Այսպէս, Սոնէր Էնես Պայքուշ եւ Շիւքրիւ Էլիպոլ զոհ գացին օդային յարձակման։

Ըստ Անգարայէն հասած լուրերուն, Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս թրքական եւ ռուսական պատուիրակութիւնները երէկ երեկոյեան վերսկսան քննարկումներ ծաւալել։ Նախորդ երկու ապարդիւն փուլերէն վերջ, սա թուրք-ռուսական բանակցութիւններու երրորդ փուլն է։ Թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալ։ Հիւր պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուին՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին եւ Սուրիոյ գծով նախագահ Փութինի յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ։ Երէկ երեկոյեան սկսած բանակցութիւնները կը շարունակուին նաեւ այսօր։ Ռուսական դիւանագիտական շրջանակները յայտնեցին, որ ինչպէս միշտ՝ այս բանակցութիւններէն կ՚ակնկալեն դրական արդիւնք։

Այս բոլորին զուգահեռ կը բանի նաեւ ուրիշ ժամացոյց մը։ Արդարեւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մինչեւ ամսավերջ ժամկէտ սահմանած էր, որպէսզի Սուրիոյ բանակը հեռանայ թրքական զօրքերու Իտլիպի շրջանի դիտարկման յենակէտերու գտնուած վայրերէն։ Նախագահ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Անգարա անդրդուելի կը մնայ եւ իր կողմէ տրուած ժամկէտն ալ լրանալու վրայ է։ Այս զգուշացումներուն առընթեր, Էրտողան տեղեկացուց, որ մարտի 5-ին Իսթանպուլի մէջ պիտի տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Մեզ Սուրիոյ ժողովուրդը կանչած է», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ իր դիտարկման կէտերու պաշարուիլը։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան անդամ 14 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Իտլիպի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի Սուրիոյ բանակի եւ Ռուսաստանի յարձակումները կանգ առնեն։ Եւրոպացի նախարարները ընդգծեցին, որ մարդասիրական աղէտ մը առկայ է Իտլիպի մէջ, ուր մարդկային միջազգային իրաւունքը կը խախտուի՝ հիւանդանոցներու եւ դպրոցներու ռմբակոծումով։ Եւրոպացի նախարարները Ռուսաստանին ալ կոչ ուղղեցին, որպէսզի Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները տեւականացնէ՝ Իտլիպէ ներս լարուածութեան նուազեցման եւ քաղաքական լուծման մը հասնելու նպաստ բերելու առաջադրութեամբ։

Համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրեցին՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Լեհաստանի, Հոլանտայի, Պելժիոյ, Փորթուգալի, Իրլանտայի, Ֆինլանտիոյ, Շուէտի, Դանիոյ, Լիթվայի եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարները։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020