«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԹՈՄՐԻՍ ԱԼՓԱՅԻ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ԳՈՐԾԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը միջոցէ մը ի վեր գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «gülsün ağavni zilha» գիրքը, որու հեղինակն է Թոմրիս Ալփայ։ Անցեալ տարի «Եունուս Նատի» պատմուածքի մրցանակի դափնիին արժանացած գործ մըն է այս մէկը։ Առաջին հրատարակութիւնը տեղի ունեցած է 2018 թուականին եւ աւելի վերջ գիրքը արժանացած՝ մրցանակի։ Թոմրիս Ալփայ «Արաս»ի կողմէ կատարուած վերահրատարակութեան համար գրի առած է երկու նոր պատմուածք։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Լորա Սարը։
Տասներեք պատմուածքէ բաղկացեալ այս գիրքը ունի հետաքրքրական ու հեշտ ընկալելի բովանդակութիւն։ Հեղինակի հաղորդական ոճն ու պատմուածքներուն մէջ վարպետօրէն բանաձեւուած երեւակայական աշխարհը եւ վկայութիւնները կը պայմանաւորեն գիրքի հրապոյրը։
Թոմրիս Ալփայ աւարտած է «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէն։ Մասնագիտութեամբ դեղագործ է։ 1962-էն սկսեալ աշխատակցած է գրական մամուլի եւ շարք մը յառաջատար թերթերու։ Արժանացած է «Օրհան Քեմալ» պատմութեան մրցանակին 1991-ին։ Զանազան գիրքերու հեղինակ Թոմրիս Ալփայ տասներկու տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ իր վկայուած ֆրանսական լիսէի գրական մրցանակի դատակազմը։