ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ ԵՒ «ԱԶԴԱՐԱՐ»Ը - Գ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Ա. Ամուրեանի «Հայոց առաջին պարբերաթերթը =Ազդարար= Խմբագիր՝ Յ. Քհնյ. Շմաւոնեան» խորագրեալ շահեկան յօդուածը՝ որ հրատարակուած է Յակոբ Այվազի՝ 1 մարտ 1980 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ։
1849-1853 թուականներուն Սինկափուրի մէջ Դ. Գալստեան կը հիմնէ վիմատիպ «ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԷՐ» երկշաբաթաթերթը։ Այդ տարին Սինկափուրի հայ բնակիչներու թիւը յիսուն հոգիէ աւելի չէր։ Անոնցմէ 30-ը վաճառականներ էին։
1862 թուականին Կալկաթայի մէջ հիմնուած է «ԵՂԲԱՅՐԱՍԷՐ» հանդէսը, որ կը պայքարէր ձուլման դէմ, ու կոչ կ՚ընէր ուժ տալ մշակոյթի պահպանումին եւ զարգացումին. սակայն կը փակուի 1863-ին։
1892-ին հիմնուած է «ԱՐԱ» հանդէսը Յովսէփ Մելիք Բեգլարեանի ջանքերով, անգլիրերէն լեզուով։
1908-1909 թուականներուն լոյս կը տեսնէ «ԱՐՄԵՆԻԱ» հանդէսը՝ դարձեալ անգլիերէնով։
Այս բոլորը՝ Հնդկաստանի մէջ։
19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ նաեւ Թիֆլիսը, Պագուն եւ Մոսկուան կ՚ողողուին հայ մամուլի օրկաններով։ Իսկ 20-րդ դարասկիզբին եւ մինչեւ մեր օրերը լոյս կը տեսնեն հայ մամուլի հարիւաւոր օրկաններ, որոնց մէջ ամենէն տարեցները Մխիթարեան հայրերու հիմնած եւ հրատարակած «ԲԱԶՄԱՎԷՊ»ը եւ «ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ»ն են։
Գաղութահայ մամուլի մէջ կը տեսնուին Պոստոնի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» օրաթերթը, որ հիմնուած է 1898-ին, ապա՝ Քալիֆորնիոյ «ԱՍՊԱՐԷԶ» եւ Թուրքիոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթերը որ հիմնուած են 1908 թուականին։ Այնուհետեւ միւս թերթերն ու պարբերականները 50, 40 եւ աւելի նուազ տարիք ունին։
Ահա, 1794 թուականին Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի հիմնած եւ հրատարակած «ԱԶԴԱՐԱՐ»ի յաջորդները ի՛նչպիսի ծաւալում ունեցան։
Եւ 1794 թուականէն մինչեւ այսօր, 1980 թուական, այս 186 տարիներու ընթացքին հայ մամուլի հազարաւոր օրկաններ լոյս են տեսած եւ կը շարունակեն այսօր եւս, թիւով աւելի քան 200։
Ինչպիսի՜ մեծ գործ որ կատարեցին հայ տառերու գիւտարարները, մատենագիրներու հսկայ փաղանգ ստեղծելով, նո՛յնպիսի երախտաւոր գործ կատարեցին հայ տպագրիչները։ Անոնք իրենց այս գործով՝ Հայրենիքը եւ գաղութները պատելով տպարաններու ցանցով, իսկ հայ մամուլի հիմնադիրներն ու երախտաւորները ղեկավարեցին եւ կը շարունակեն ղեկավարել հայ հանրային միտքը, հասարակաց կարծիքը եւ հզօրագոյն ազդակն են հայ մշակոյթի եւ ազգայնութեան։
Ա. ԱՄՈՒՐԵԱՆ
1980
***
Ահաւասիկ, ամփոփ պատմութիւն մը հայ մամուլին՝ որը կը պարտինք Ա. Ամուրեանի։
Եւ յաճախ կը կրկնենք. ամէն մտաւորական հոգեւորական է նաեւ իր լայն իմաստով, եւ ամէն հոգեւորական՝ մտաւորական է նաեւ։ Ահաւասիկ այս տեսակէտին պատմական մէկ ապացոյցը. հայ մամուլի հիմնադիրը եղեր է հոգեւորական մը՝ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան եւ իր այդ մեծ գործը շարունակողներուն մէջ եղեր են բազմաթիւ հոգեւորականներ…։
Եւ այս ցոյց կու տայ, թէ մարդ էակը միտքով եւ հոգւով ամբողջ մըն է իր մարմնին մէջ։ Եւ մարդ կատարեալ է երբ կ՚օգտագործէ թէ՛ միտքը եւ թէ՛ սիրտը՝ հոգի՛ն։
Վերջացնենք մամուլի երախտաւորներու երկու խօսքովը։ Միքայէլ Նալբանդեան կ՚ըսէ.
«Եղան ժամանակներ, երբ մարդը հարիւր տարի ապրեցաւ, բայց մի օրուայ ճամբայ չգնաց, բայց եղան ժամանակներ, երբ մի օրում մի դար վայլեց»։
Իսկ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ.
«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։
Մամուլը, իրապէս շա՜տ բան կ՚արժէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 26, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024