ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԺՈՂՈՎ ՄԸ
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը այսօր երեկոյեան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կը գումարէ ժողով մը։ Սա Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի նոր անունն է եւ նոյն ձեւաչափով տեղի կ՚ունենայ նիստը՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
Պատրիարքարանի մէջ վերջերս լայնախարիսխ համայնքային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այդ ժողովի ընթացքին տեղեկացուցած էր, որ Աթոռը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ համայնքի աշխարհական վարիչներէն եւ Պատրիարքարանի ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ կեդրոնական սեղանի մը ստեղծման։ Այդ ժողովէն գրեթէ անմիջապէս վերջ կազմակերպուած է այս օրուան ժողովը, որ նախատեսուած է դռնփակ։ Համայնքային մամուլին հրաւէր չէ ուղարկուած այս նիստին համար։
Վերջին տարիներուն VADİP-ի ժողովները տեղի ունեցած են բաւական ցանցառ եւ անկանոն պարբերականութեամբ։ Վերջին անգամ VADİP-ի ժողով մը տեղի ունեցած էր երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանումէն անմիջապէս վերջ։
Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ մեզի տեղեկացուց, որ ընդհանուր առմամբ իրազեկման բնոյթ պիտի ունենայ այս օրուան ժողովը։ Արդարեւ, նման ձեւաչափի մը մէջ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային վարիչները չեն համախմբուած։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ այս օրուան ժողովին ժամանակ պիտի հրապարակուի նաեւ նոր դիւան մը։ Արդարեւ, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան փոխ-ատենապետը ըլլալ յանձն առած է եւ այս կարգադրութեան մասին ալ այսօր մանրամասնօրէն տեղեակ պիտի դառնան համայնքային վարիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ունեցած էին հանդիպում մը։