ՊԱՅՔԱՐ՝ ՅԱՆՈՒՆ «ԻՐԱՒԱՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ»
Օրացոյցները կը ցուցնէին 1857 թուականի մարտի 8-ը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ հագուստեղէնի գործարան մը… Աշխատանքային դաժան, անարդարացի ու վատ պայմաններով, երկար աշխատաժամերու փոխարէն չնչին աշխատավարձք… Այս անդիմադրելի ու վհատեցուցիչ վիճակը հիմք հանդիսացաւ գործադուլ ընել գործարանի աշխատաւորուհիներուն համար, որոնք կը պահանջէին «իրաւահաւասարութիւն»։
Երկրէն ներս բանուորուհիներու պայքարի ալիք մը ծայր առաւ ու այդ դէպքերը նախասկիզբը հանդիսացան բանուորական պայքարներու ծաւալման։ Անկախ իրենց մշակութային առանձնայատկութիւններէն կամ քաղաքական հայեացքէն՝ քաղաքի բնակիչ բազում կին աշխատաւորներ համախմբուեցան՝ սեռային հաւասարութեան մասին ահազանգելու եւ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար քայլերթով մը անցան Նիւ Եորքի փողոցներով։ Անոնց հասարակաց փափաքն էր՝ աշխատանքային պայմաններու բարելաւումը, տղամարդոց հետ հաւասարաչափ աշխատավարձք ստնալն ու երկար աշխատաժամերու կրճատումը։ Կանանց մղած պայքարը խափանուեցաւ ամերիկեան բանակին կողմէ եւ կայ ուշագրաւ փաստ մը հրդեհի մը մասին, որու զոհ գացած է ցոյցերու մասնակից 129 կին։ Այդ 129 կինը ոստիկաններու հետ բախումներ ունենալու ու ճնշման հակադարձելու պատճառով՝ բռնութեամբ, գիտակցաբար փակուած են գործարանի մէջ։ Փաստ մը կայ նաեւ, որ այդ դէպքերը առասպել են ու հնարուած՝ ընկերվարական քարոզչութեան տարածման ծառայեցնելու համար։
Եթէ ուսումնասիրենք Նիւ Եորքի մէջ յառաջ եկած հրդեհները, որոնց շարքին անպայման արձանագրուած է «Թրիանկըլ» շապիկի գործարանի հրդեհը։
1900-ականներու սկիզբին կիներ ստիպողաբար կ՚աշխատէին առհասարակ հագուստեղէնի արտադրութեան հետ կապուած գործարաններու մէջ, ուր աշխատանքային պայմանները առաւել ծանր ու ահռելի վիճակ ունէին եւ սակաւաթիւ էին այն կանայք, որոնք կը ստանային արդար ու բաւարար աշխատավարձ։ Շաբթուայ մէջ 65 ժամուան աշխատանքի փոխարժէքն էր միայն 5 տոլար։ Իրավիճակը նոյնն էր նաեւ «Թրիանկըլ» գործարանի աշխատաւորուհիներուն համար։ Գործաւորներ կը գումարէին ժողովներ՝ վերոյիշեալ բոլոր խնդիրներու արդիւնաբեր լուծում գտնելու համար։
Գործարանատէրերը՝ Հերիս եւ Պլանք ծանօթ էին գործաւորներու իրաւունքներու հետամուտ սենտիքաներու դէմ իրենց դիրքորոշումներով։ 1909 թուականին, 150 գործաւոր գործէ արձակուած էին այն պատճառով, որ անոնք գործաւորներու իրաւունքները պաշտպանող Համաշխարհային հագուստեղէնի աշխատաւորուհիներու միութեան (International Ladies’ Garment Workers’ Union) համարիկներ էին։ Նոյն տարուայ սեպտեմբերին գործարանի աշխատաւոր կանայք յայտարարեցին գործադուլ, որ կարճ ժամանակի ընթացքին վերջ գտաւ գործարանատէրերուն ճնշումներով։ Անոնք ամէն ճիգ ի գործ դրած էին արգելք հանդիսանալու համար գործաւորներու ընդվզումին։ Դարձեալ նոյն տարուայ դեկտեմբերին քաղաքի զանազան գործարաններէ մօտաւորապէս հազար բանուորուհիներ ցոյց մը կազմակերպեցին քաղաքապետարանի շէնքին մօտ՝ ահազանգ հնչեցնելով սեռական խտրականութեան ու իրենց դէմ կատարուած բռնութեան։
1910 թուականի փետրուարին յաղթանակ տօնեցին ընդվզող կիները ու արժանացան վայելել իրենց փափաքած իրաւունքները։ Միայն «Թրիանկըլ» գործարանի տէրերը մերժեցին աշխատաւորներու պահանջները իրականացնել ու համաձայնագիր կնքել։
«Թրիանկըլ» գործարանը հիմնուած էր «Աշ» կոչուած շէնքի 8-րդ յարկը։ Հետզհետէ բարելաւելով իրնեց տնտեսական վիճակը՝ Հերիս եւ Պլանք գնեցին նաեւ շէնքին 9-րդ եւ 10-րդ յարկերը։ 25 մարտ 1911 թուականին մօտաւորապէս հազար հոգինոց աշխատակազմով գործարանի 8-րդ յարկին ծագեցաւ հրդեհ մը, սակայն քանի որ գործաւորները առանց դադարի կ՚աշխատէին, արգելափակուած էին բոլոր ելքերը։ Այս պատճառով կարելի չեղաւ հակակշռի տակ առնել հրդեհը եւ հրոյ ճարակ դարձած շէնքը լափեց հարիւրաւոր աշխատաւորներու կեանքը։
Հրդեհին զոհ գացին իրենց չինչին թոշակով կեանքի ու մահուան պայքար մղող 146 հոգի, որոնց 129-ը կին էին։ Անոնց գրեթէ բոլորը Եւրոպայի զանազան երկիրներէն գաղթած էին դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ աւելի շահութաբեր աշխատանք մը ճարելու եւ աւելի մարդավայել ապրելու համար։
Ներկայիս, այդ դաժան ժամանակներէն անցած են տասնամեակներ, սակայն անցեալին կիներու մղած յամառ ու երկարատեւ պայքարներու շնորհիւ նշանակուած է «Կանանց միջազգային օր»ը, իսկ այսօր ստացած է տօնի իմաստ։ Տակաւին կան երկիրներ, ուր կանայք զրկուած են կրթութեան, աշխատանքի, ընտրութիւններու ու քաղաքական կեանքի լիարժէքօրէն մասնակցելու իրաւունքներէն, նոյնիսկ իրենց ազատ կամքով չեն կրնար տալ ամուսնութեան որոշում։ Երազ չէ ստեղծել աշխարհ մը, ուր գոյութիւն չունենայ խտրականութիւն ու ատելութիւն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ