ՅԻՇԵԼՈՎ ՔԱՋ ՔԱՐՈԶԻՉԸ
Հասած ենք արդէն երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր վախճանման առաջին տարեդարձին։ Տարի մը անցաւ այն թուականէն ասդին, երբ Ան միացաւ Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ սպասաւորներու փաղանգին։ Այդ պահուն երբ կը կոտտային մեր ցաւատանջ ու այրեցաւեր սրտերը, դէմ յանդիման մնացած էինք իրարու հակադիր զգացումներու հետ. կը ցաւէինք անոր համար որ մեր սիրելի հովուապետը առյաւէտ կը հեռանար մեզմէ. իսկ միւս կողմէ՝ կ՚ուրախանայինք, թէ իր հանգիստը գտած էր ի վերջոյ աւելի քան տասը տարուան երկարժամանակեայ անկողնոյ ծառայութեան շրջանէ մը վերջ։ Ամէն պարագայի խոնարհեցանք Աստուծոյ օրհնեալ կամքին առջեւ, Տէրունական աղօթքի բառերով. «Եղիցին կամք քո»։
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք եղաւ այն իրաւ հոգեւոր սպասաւորներէն, քարոզիչներէն, որոնք բծախնդրութեամբ եւ ուղիղը ուսուցանելու նախանձախնդրութեամբ փարած էին Աստուծոյ Խօսքին։ Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը պատասխանատուութեան գերազանց գիտակցութեամբ կապուած էր եկեղեցւոյ սպասաւոր դառնալու կոչումին։ Խորապէս հաւատացած ու կատարեալ համոզում գոյացուցած էր, թէ այդ կոչումը դուռ պիտի բանար եկեղեցանուէր ու եկեղեցաշէն առաքելութեան։ Առանց այլեւայլի հոս թաքնուած էր գաղտնիքը քաջ քարոզիչին յաչս հաւատացեալ ժողովուրդին վայելած լայն ժողովրդականութեան։ Բազմակողմանի իր աստուածատուր շնորհներուն մէջ յայտնաբերուած էր այն ցայտուն գիծը, որ զուգահեռ կ՚ընթանար Կեանքի Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքի քարոզութեան առաքելութեան ընծայելի կարեւորութեան հետ։ Անյետաձգելի ծառայութիւն մըն էր սա, զոր յաջողութեամբ ի գործ դրաւ ամէն հասակի հաւատացեալներու կեանքերէն ներս թափանցելով։ Ամէն վայրկեան իր ականջներուն մէջ կ՚արձագանգէր երանաշնորհ Շահան Սրբազան Հօր արտասանած բառերը, քահանայական կոչման արարողութեան պահուն. «…զի որ ոչ ունի զգիտութիւն Սուրբ Գրոց, նաեւ ոչ զզօրութիւնն Աստուծոյ որ ի նմա ըստ Աւետարանին, մի գուցէ յանցանիցէ։ Որոց վասն ողբալով ասէ Մեծն Սողոմոն. Ո՜հ, որոց թողեալ զուսումն մանկութեան, եւ մոռացեալ զուխտն աստուածային (Առակաց, 2.17)»։ Մեսրոպ Պատրիարք դարձաւ քաջ քարոզիչ մը։ Բնաւ ձեռքէ չթողուց իր ամբարած գիտելիքները եւ չմոռցաւ Աստուծոյ Ուխտը, նաեւ յիշելով Քրիստոսի պատուիրանը. «Ով որ պատուիրաններէն, փոքրերէն անգամ բան մը ջնջէ եւ մարդոց այնպէս ուսուցանէ, փոքր պիտի կոչուի երկնքի արքայութեան մէջ. Իսկ ով որ կատարէ եւ ուսուցանէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի արքայութեան մէջ» (Մատթէոս, 5.19)։ Այս բոլորին առընթեր միշտ ի մտի ունեցաւ նաեւ թէ՝ «Աստուած, իր արեգակը կը ծագեցնէ չարերուն եւ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ արդարներուն եւ մեղաւորներուն հաւասարապէս» (Մատթէոս, 5.45) եւ «չի կամենար մեղաւորի մահը այլ կ՚ուզէ որ ան չար ճանապարհէն դառնայ ու փրկուի» (Եզեկիէլ, 18.23)։ Այս երկու նախադասութիւնները կարծես նշանաբանի վերածուած էին երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի կեանքէն ներս։ Իր քարոզչական առաքելութիւնը հիմնաւորուած էր այս նախադասութեանց վրայ։ Հաւատացած էր Պօղոս առաքեալի բառերուն մէջ յայտնաբերուած ճշմարտութեան, նաեւ անոր առընթեր տրուած հարցումներու շարանին. «ով որ Տիրոջ անունը կանչէ՝ պիտի ապրի։ Բայց ինչպէ՞ս կանչեն զայն, երբ չհաւատացին անոր. կամ ինչպէ՞ս հաւատան, երբ չլսեցին զայն. կամ ինչպէ՞ս լսեն, երբ մէկը չէ քարոզած իրենց. կամ ինչպէ՞ս քարոզեն, երբ առաքուած չեն» (Հռովմայեցիս, 13-15)։
Մեսրոպ Պատրիարք սկսելով իր աբեղայութեան շրջանէն վայելեց հոգեւոր ծնողին՝ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի քաջալերութիւնը եւ այդ քաջալերութեամբ գնաց Աստուծոյ Խօսքը քարոզելու, զԱյն զանգուածներու լսելի դարձնելու, հաւատքի ու անոր կապուած աստուածպաշտութեան կարեւորութիւն ընծայելու զգացումը ար-թընցնելու համար։ Սակայն պէտք է յիշել նաեւ, թէ քարոզչական առաքելութեան ճանապարհին վրայ փուշեր ու տատասկներ բուսան։ Գտնուեցան անձեր՝ որոնք առաջին առթիւ չկրցան համոզուիլ, թէ իր քարոզած ճշմարտութիւնները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր ուսուցումներն էին։ Տարիներով եկեղեցւոյ մէջ շապիկ հագած ծառայողներ, եկեղեցի յաճախողներ լսելով իրենց համար անծանօթ նիւթերու քարոզութիւնը կը նեղուէին եւ նոյնիսկ կը բարկանային։ Անոնք այս քարոզութիւնները կը նկատէին նորելուկ ուսուցումներ՝ ըստ իրենց հասկացողութեան։ Նոյնիսկ կը յանդգնէին քաջ քարոզիչի նկատմամբ աղանդաւոր բառը գործածելու։ Ըստ իրենց, քարոզուածները ժողովրդական ասութեամբ «հին գիւղին բերուած նոր սովորութիւններ» էին։ Անոնք բոլորը խորքին մէջ ազնիւ, նաեւ բարի անձեր էին։ Իրենց թերութիւնը կը կայանար այն հասկացողութեան վրայ, ըստ որում եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնները բաւարար կը նկատուէին եւ այս տրամադրութիւնը կը գրաւէր իրենց կեանքի կեդրոնը։
Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը միշտ կ՚ընդգծէր, թէ ծէսը, արարողութիւնները պէտք էր լաւ ու կանոնաւոր կատարել, միշտ յիշեցնելով, թէ եկեղեցւոյ հոգեւոր շինութեան համար այդ բոլորին առընթեր անհրաժեշտ էր նաեւ Աստուծոյ Խօսքին քարոզութիւնը։ Իր հայրական խօսքով կ՚ազդարարէր բոլոր անոնց, որոնք քարոզի պահը մեղա՜յ մեղա՜յ զբօսանքի պահ կը նկատէին եւ կամ առանց թափանցելու քարոզի իմաստին, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ քարոզի պարունակութիւնը խծբծանքի նիւթի կը վերածէին։ Անոնք որոնք ականջ տուին իրեն, դարձան իր հարազատ աշակերտները ու բարեկամները։ Իսկ անոնք որոնք յամառեցան մնալ ու պնդել իրենց կարծիքին վրայ, զրկուեցան Աստուծոյ Խօսքին շնորհներէն, բանտարկուած մնալով իրենց հոգեւոր կուրութեան մէջ։
Մեսրոպ Պատրիարք աւելի քան տասը տարի հեռու մնաց եկեղեցւոյ սրբազան բեմերէն եւ սրբազան բեմերը կարօտցան իր հեղինակաւոր ձայնը, տեղին ազդարարութիւնները, հայրական խրատները ու հոգեւոր ճշմարտութեանց լիիրաւ ու կատարեալ ուսուցիչը՝ վարդապետը։ Սիրեց վարդապետ կոչումը։ Նոյնիսկ բարեկամական սեղմ շրջանակներու մէջ կը շեշտէր, թէ ինք կը նախընտրէր վարդապետ կոչուիլ, հետեւելով այն բարձրաստիճան եկեղեցականներուն՝ որոնք իրենց տապանաքարերուն միջոցաւ կը յիշեցնէին, թէ անոնք ամէն բանէ առաջ վարդապետներ էին։
Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետական կոչումին հաւատարիմ քաջաքարոզ հոգեւորականը ի մտի ունեցաւ Պօղոս առաքեալի խօսքը. «պիտի մեծարուի Քրիստոս իմ մարմնիս մէջ թէ՛ կեանքով եւ թէ՛ մահով. քանի որ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, իսկ մեռնիլը՝ շահ» (Փիլիպպեցիս, 1.20-21)։ Ծառայած տարիներուն իր շնորհները ի սպաս դրաւ Քրիստոսի քարոզութեան եւ առիթ ընծայեց, որ Կեանքի Խօսքը կենսաւորէ սրտերը։ Այսօր յետ մահու, անդրշիրիմեան կայքէն կը շարունակէ աղօթել, որպէսզի եկեղեցւոյ անդամները առաջնորդուին Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով ու Քրիստոս յայտնաբերուի անոնց կեանքերէն ներս։
Երանաշնորհ Պատրիարքին համար «կեանքը Քրիստոս» էր (Փիլիպպեցիս, 1.21)։ Յետ մահու Ան դարձեալ կը համախմբէ իր հոգեւոր զաւակները նոյն ճշմարտութեան շուրջ։ Ապրեցաւ Քրիստոսի հաւատքով, սրտերէ ներս ցանեց հաւատքի սերմեր, հաւատաց Քրիստոսի եւ այդ հաւատքով իրագործուած հրաշքներուն եւ առիթը ունեցաւ այդ բոլորին պտուղները վայելելու հոգեւոր ուրախութիւնը։ Մեր վարժարաններու երբեմնի սիրասուն մանուկները վստահ եմ, թէ կը յիշեն զինքը, որ պլպլացող մոմերու լոյսով զիրենք առաջնորդած էր Քրիստոսի Ս. Ծնունդի տօնական ուրախութիւնը վայելելու։ Վստահ եմ, թէ կը յիշեն մեր երբեմնի երիտասարդները, որոնք առաջին անգամ իր քարոզութեամբը ճաշակեցին Աստուծոյ Խօսքին քաղցրութիւնը։ Վստահ եմ, թէ իր աշակերտները կը յիշեն ազգին ծերերուն նկատմամբ ցուցաբերուած սէրն ու յարգանքը, մանաւանդ ամանորներուն, երբ իր առաջնորդութեամբ կ՚այցելէին Ազգին Տան ծերերուն, պահ մը մոռցնելու համար իրենց առանձ-նութիւնը եւ զանոնք ուրախացնելու՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնըն-դեան երգերով ու աղօթքներով։
Երանաշնորհ Պատրիարք Հայր,
Ձեր բարոյական ներկայութիւնը մեր մէջ այսօր եւս ունի առաջնորդող զօրութիւն։ Մենք այս տողերը կը մրոտենք առանց որեւէ նկատումի եւ ակնկալութեան եւ կամ ոեւէ մէկը գոհ ձգելու առաջադրութեամբ։ Կը հաւատանք, թէ մեր ի խորոց սրտէ բղխած անկեղծ բառերը կ՚ուրախացնեն Ձեզ։ Մենք սիրեցինք Ձեզ, հակառակ երբեմն Ձեր ցուցաբերած խստութեան, բարկացկոտ նկարագրին, որ վստահ ենք, թէ արդիւնքն էր ոմանց կողմէ երբեմն որդեգրուած ժխտական կեցուածքին, հանդէպ՝ արդիւնաւէտ գործելու ուղղութեամբ Ձեր ընդգրկած ըմբռնումին եւ հասկացողութեան։ Դուք օրինակ եղաք բոլորիս, սորվեցնելով՝ թէ բարոյական յաղթանակի պսակը կարելի կ՚ըլլայ ստանալ անցնելով համբերութեան ճանապարհէն։ Ձեր վախճանման տարելիցը առիթ կ՚ընծայէ որ յիշողութեանց մէջ թարմանան Ձեզմով յայտնաբերուած առաքելաշաւիղ ծառայողի տիպարը։ Դուք այսօր տակաւին կը շարունակէք քարոզել Ձեզմով նուիրականացած սկզբունքներով։ Գոհութիւն եւ փառք կու տանք ամենակալին Աստուծոյ որ ճանչցած ենք Ձեզ, եղած ենք առաքելակիցներ, հոգ չէ թէ նուիրապետական տարբեր աստիճաններու վրայ։ Փառք Աստուծոյ որ հակառակ որդեգրուած տարբեր կեցուածքներու, տակաւին պատնէշի վրայ կը մնայ նուիրականութեանց նկատմամբ Ձեր ցուցաբերած հաւատարմութեան օրինակը, որուն արմատները կ՚երկարին ու կը հասնին մինչեւ Ձեր Երանաշնորհ Հոգեւոր Ծնողին ու Յովակիմեան եւ Կոլոտեան սրբազան աւանդներու հաւատարիմ ծառայողներուն, ջահակիրներուն։
Աստուած հանգիստ շնորհէ Ձեր հոգւոյն։ Աստուած Սուրբ Հոգիին զօրութեամբը շարժէ սրտերը, շնորհէ ծառայութեան եռանդ, որպէսզի Հայ Եկեղեցին իր փարախին մէջ ունենայ Քրիստոսի սիրով զօրացած իրաւ սպասաւորներ, որոնք «պարծենան խաչի նշանով» (Գաղատացիս, 6.14) եւ ի նշան պատասխանատուութեան «առնելով իրենց խաչերը հետեւին Աստուծոյ Միածին Որդիին» (Մատթէոս, 10.38), ծառայելու Անոր Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցիին շինութեան եւ պայծառութեան։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
5 մարտ 2020, Գատըգիւղ