ՆՈՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՊՈՂԱՐԵԱՆ. ՁԵՌԱԳՐԱԳԷՏ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԲԱՆԱՍԷՐԸ (1904-1996)
«Պողարեան Եպիսկոպոսի 11 հատորները վստահելի նիւթ են պարունակում հայերէնի պատմական հնչիւնաբանութեան, պատմական բառագիտութեան եւ քերականական կառուցուածքի պատմական հետազօտութեան համար»
Դոկտ. Վազգէն Համազասպեան
ՔՍԱՆԱՄԵԱԿ
Քսանչորս տարիներ անցած են 20-րդ դարու կարկառուն եւ հայ հոգեւորականութեան առաջատար գիտնական-բանասէր Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեանի վախճանումէն։ Երջանկայիշատակ Սրբազանը իր բովանդակ կեանքը նուիրեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանուց, եւ յատկապէս Ձեռագրատան, ուր 4 հազար հայերէն ձեռագիրներ ի պահ կը մնան դարերէ ի վեր։ Նորայր Սրբազան եղաւ բոլոր ձեռագիրներուն իսկական հայրը՝ զանոնք տասնեակ մը մեծադիր հատորներու մէջ կեանքի կոչելով, ցուցակագրելով եւ հրատարակելով։
Որպէս իսկական ուխտապահ միաբան, աննմանը եւ օրինակելին եղաւ իր ժամանակակից հոգեւորականներուն մէջ, լռակեաց, իմաստուն եւ ամենէն արդիւնալիցը՝ Երուսաղէմի բովանդակ պատմութեան մէջ, որուն աշխատանքը պտղալից դարձաւ միակ անձի մը հաւատաւոր առաքելութեամբ, քննախոյզ, հեռու եւ բոլորովին անյարիր վանքի անիմաստ տագնապներէն։ Իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք ոչ մէկ միաբան պիտի կատարէր ձեռագիր մատեաններու այդ հսկայ աշխատանքը։ Ինք եղաւ առաջինն ու վերջինը որպէս պահապան անխօս գրչագիրներուն, որոնք լեզու ելան ու յայտնուեցան աշխարհին։
Երկու ձեռագիրներ՝ Աւետարան մը եւ Գանձարան մը, մեծ հայրս Յակոբ Արզումանեան 1925-ին Էվէրէկէն Երուսաղէմ ուխտի երթալով նուիրած է Երուսաղէմի Ձեռագրատան, որոնք 3459/20 համարներուն ներքեւ ցուցակագրուած են։ Այսօր ի ձեռին ունիմ երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի 11 ապրիլ 1925 թուակիր նամակը՝ ուղղուած մեծ հօրս, ուր կ՚ըսուի «Շնորհակալութեամբ ընդունեցինք Ձեր սիրելութեան կողմէ Ս. Աթոռոյս Մատենադարանին նուիրուած երկու կտոր ձեռագիր մատեանները, ԱՒԵՏԱՐԱՆ մը, եւ ԳԱՆՁԱՐԱՆ մը։ Կը նուիրենք Ձեր Սիրելութեան մեր հայրական ջերմագին օրհնութիւնները եւ կը մաղթենք կատարեալ յաջողութիւն ի գործս բարիս։ Ողջունիւ Սիրոյ, Աղօթարար՝ Պատրիարք Երուսաղէմի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան»։ Նորայր Սրբազանի Ցուցակներուն մէջ կը գտնուին այդ երկու ձեռագիրները։
Երկարակեաց, բարեկրօն ու գիտնական այս հոգեւորականը իր 84 տարեկանին, 1988 թուին, առանց որեւէ հանդիսութեան կը նշէր իր քահանայական ձեռնադրութեան 60-ամեակը, կատարելագործելէ ետք հսկայ աշխատանք Երուսաղէմի հազարաւոր ձեռագիրները պրպտելով, եւ յարատեւ ուսուցանելով Ընծայարանի ուսանողութեան՝ դաստիարակելով հոգեւորականներու շարք մը սերունդներ։ Նորայր Սրբազան ապրեցաւ ինն բեղմնաւոր եւ առողջ տարիներ եւս ու վախճանեցաւ մերձ 93 տարեկանին՝ 1996 թուի դեկտեմբեր 19-ին։
ԱՅՆԹԱՊԷՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Ծնած Այնթապ 1904 յունուար 17-ին, Սրբազանը որդին էր Գարեգին Աւագ Քհնյ. Պողարեանի, Երուսաղէմ ընդունուած որպէս ժառանգաւոր Եղիշէ Դուրեան մեծանուն Պատրիարքի օրով, որմէ եւս կը ստանար սարկաւագի եւ կուսակրօն քահանայի կարգերը, Պատրիարքի շունչին տակ եւ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի ուսուցչութեան ներքեւ աւարտելէ ետք իր ուսման շրջանը։ 1928 թուին Նորայր Պողարեան եւ Տիրան Ներսոյեան Այնթապցի զոյգը, Գարեգին Պողարեան եւ Ներսէս Թավուքճեան աւագ քահանաներու արժանաւոր որդիները, կուսակրօն քահանայի կոչում եւ օծում կը ստանային Դուրեան Պատրիարքէն։ Երկուքը շուտով Անգլիա կ՚ուղեւորէին Պատրիարքի յանձնարարութեամբ՝ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում ստանալու եւ ապա վանք վերադառնալու եւ լծուելու իրենց առաքելութեան։ Ապագան հաստատեց, որ Նորայր եւ Տիրան արքեպիսկոպոսներ հանդիսացան անցեալ դարու առաջնակարգ բարձրաստիճան հայ հոգեւորականները։
ՆՈՐԱՅՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Երբ նոր ստացեր էր վարդապետական աստիճանները, Նորայր Վարդապետ 1935 թուին կը հրաւիրուէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն որպէս տեսուչ՝ յաջորդելով հիմնադիր վերատեսուչ Շահէ Արք. Գասպարեանին, հինգ տարուան շրջանի համար։ Երուսաղէմ վերադարձին, ձեռագրատան իր բեղմնաւոր տարիներու նուիրեալ աշխատանքէն ետք 1951 թուին, Միաբանական ժողովի ընտրութեամբ Սուրբ Էջմիածին կը մեկնէր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալու Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոսէն, օծակից ունենալով Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանը, Սուրէն Քեմհաճեան եւ Սահակ Տէր-Յովհաննիսեան եպիսկոպոսները։
ՁԵՌԱԳՐԱԳԷՏ ՀԵՂԻՆԱԿԸ
Նորայր Եպիսկոպոսի մնայուն եւ արդիւնաշատ աշխատանքը Երուսաղէմի «Ս. Թորոս» ձեռագրատան հայերէն ձեռագիրներու մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը եղաւ, որ յանգեցաւ «Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց» կոչուած 11 մեծադիր հատորներու հրատարակութեանց։ Սրբազանը սկսաւ զանոնք հրատարակութեան յանձնել 1953 թուականէն սկսեալ Բ հատորով, որ շարունակութիւնն էր Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի հատորին՝ հրատարակուած Ս. Ղազարի Մխիթարեան տպարանէն 1948-ին, որ կը բովանդակէր թիւ 1-140 ձեռագիրները։ Նորայր եպիսկոպոսի Բ հատորը կը ցուցակագրէր թիւ 141-240 ձեռագիրները։ Յաջորդ հատոր մը 1960-ին կ՚ընդգրկէր 560 յաւելեալ ձեռագիրներ եւս լրացնելով 700 գրչագիրներու ցուցակագրութիւնները։
Նորայր Եպիսկոպոս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն գնահատուեցաւ եւ 1973-ին արքեպիսկոպոսութեան բարձրացաւ։ Ձեռագրատան տեսչութիւնը վարեց 43 տարիներ խղճամիտ եւ բազմարդիւն կերպով, «Ցուցակներու» 11 յաջորդական հատորներու հրատարակութեամբ, նախ 3 հազար եւ ապա հազար մնացեալ ձեռագիր մատեանները նկարագրելով բոլոր հատորներուն մէջ, անմնացորդ աշխատութեամբ եւ անհատնում համբերութեամբ։ Իսկական գիտնականի յաւերժական արդիւնքը յանձնելով գալիք սերունդներուն, Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան կը հանդիսանայ գլուխը 20-րդ դարու հայ բանասիրութեան։
ՀԱՏՈՐ Բ
Գաղափար մը տուած ըլլալու համար կատարուած աշխատանքի մասին, նախ կը նշեմ 1953-ի իր Բ հատորին մէջ պարունակուած հարիւր ձեռագիրներէն մի քանի նմոյշներ, եւ ապա՝ 1971-ին հրատարակած իր Ե մեծադիր հատորէն։ Ասոնցմէ առաջինը սրբազան հեղինակը յատուկ մակագրութեամբ տողերս գրողին նուիրած էր, երբ Արզումանեան իր առաջին այցելութեամբ Երուսաղէմ կ՚այցելէր 1955-ի Սուրբ Ծնունդին։ Յիշեալ հարիւր ձեռագիրներուն մէջ աչքառու կը դառնային հայ պատմիչներու բնագիրներէն ոմանք, շարք մը մեկնութիւններ, ճառընտիրներ, Դատաստանագիրքի տարբերակներ եւ Եւսեբիոս Կեսարացիի Պատմութիւն Եկեղեցւոյ գիրքին թարգմանութիւնը։
Յատկանշական է, որ անոնցմէ թիւ 230 Ժողովածոյ պատմական գրոց ձեռագիրը Երուսաղէմի Ս. Փրկիչ վանքին մէջ ԺԷ. դարուն գրուած ձեռագիր մըն է, որ կը պարունակէ Ագաթանգեղոսի, Մովսէս Խորենացիի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ Եւսեբիոսի բնագիրները։ Իսկ թիւ 216 ձեռագիրը՝ Գրիգոր Տաթեւացիի Հարցմանց գիրքը կը պարունակէ, գրուած Կ. Պոլիս 1666 թուին։ Նոյն հատորին մէջ կ՚երեւի թիւ 173 հին Ճառընտիրը՝ գրուած Արջըրայ գիւղին մէջ 1512 թուականին։ Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքէն օրինակ մը, գրուած Ստամպօլ 1772-ին, եւ Ժ. դարու հայ պատմիչ Թովմա Արծրունիի Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց պատմագրութենէն տարբերակ մը, լրիւ բովանդակութեամբ 225 էջերով, կաշեկազմ, որուն գրութեան վայրն ու թուականը կը պակսին։
ՀԱՏՈՐ Ե
1971 թուին հրատարակուած Ցուցակին հինգերորդ հատորի 604 էջերուն մէջ Նորայր Արքեպիսկոպոս արձանագրած է մինչեւ թիւ 1700 ձեռագիրը, ցուցակագրելով 335 մատեաններ, ընդ որս 80 շարականներ, 81 ժողովածուներ, եւ 3 Աւետարաններ, 85 մանրանկարներու նմանահանութիւններով։ Բանասէր Յարութիւն Քիւրտեան, որ գրախօսած է այս հատորը, կ՚ըսէ թէ «ձեռագիրները մեծ մասամբ 18-րդ դարէն են, եւ թիւ 1620-ը՝ շարական մըն է Սարգիս Պիծակէ, ոսկեզօծ։ Չորս Պիծակեան ձեռագիրներ կան այս հատորին մէջ»։ Բանասէր Վազգէն Համազասպեանի վկայութեամբ «Ձեռագրերի սոյն 11 հատորները վստահելի նիւթ են պարունակում հայերէնի պատմական հնչիւնաբանութեան, պատմական բառագիտութեան եւ քերականական կառուցուածքի պատմական հետազօտութեան համար»։
ՊՈՂԱՐԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԱՅԼ ԵՐԿԵՐԸ
Առանձին արժէքաւոր գիրքերու հեղինակ եղած է նաեւ Նորայր Արքեպիսկոպոս։ Յովհաննէս Թլկուրանցիի Տաղագիրքը, 1958, Հայ գրողներ Ե.-ԺԷ. դար, 1971, Գրիգոր Ակներցիի Թաթարաց պատմութիւնը, 1974, Կնիք Հաւատոյ հատորին քննական վերահրատարակութիւնը, 1974, Կանոնագիտութիւն եւ կրօնագիտութիւն, 1992, Վանատուր եւ Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատոյ Հանգանակները, 1993, Գրիգոր Նարեկացիի ներբողները, 1995, Գիրք Թղթոց՝ ձեռագիրներու համեմատութեամբ, 1994, զոր իրագործեց իր վերջին օրերուն խնդրանքովը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան։
Իր պետական այցելութեամբ Երուսաղէմ գտնուած օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան 1995 նոյեմբեր 6-ին, վանք այցելելով յատուկ կերպով կ՚այցելէր ծերունի Նորայր Արքեպիսկոպոսին եւ անոր Աջը կը համբուրէր, ըսելով՝ «Սրբազան Հայր, գալ Երուսաղէմ եւ Նորայր Սրբազանը, բանասիրութեան հսկան, գործընկերս չտեսնել ի՛նչպէս կարելի է»։
Երուսաղէմի Հայոց վանքի դարաւոր պատմութեան մէջ Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան կը մնայ առանձինն, կողքին Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի շնորհալի եւ պատկառելի անձին եւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի խոհուն եւ իմաստուն առաջնորդութեան, երկուքէն այլապէս աւելի արդիւնաւոր իր կատարելագործած աննախընթաց աշխատանքով։ Հայ Եկեղեցին եւ ազգը անտարակոյս շատ բան կը պարտին Նորայր Սրբազան Հօր, իսկ ինք իր արգասիքը կը պարտի իր մտաւորականի տաղանդին, գիտնականի միտքին ու կամքին, իր երկարակեաց առողջութեանը, եւ անընդմէջ վանքին մէջ իր կեանքի երկար տարիներու աղօթանուէր եւ աշխատունակ բնակութեանը։
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Նոր Օր», Պոսթոն
Հարթակ
- 11/30/2024