ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին՝ գահակալութեան տարեդարձին առթիւ։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւնները կը շարունակեն ներդաշնակ զարգանալ։ Նախագահ Սարգսեան Սրբազան Պապին մաղթեց քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ կորով՝ երկար տարիներ առաջնորդելու համար տիեզերական եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020