ԿԵԱՆՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Շատ սովորական կը թուի «ի՞նչ է մարդկային կեանքը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը» հարցումը շատերուն, եւ նոյնիսկ ոմանք «անիմաստ» եւ «ունայնութեամբ զբաղիլ» կը նկատեն զայն։ Արդարեւ, անոնք կ՚ըսեն, թէ կեանքը կ՚ապրինք եւ կատարելիք բաւական դրական գործեր կան այս կեանքին մէջ, ապա ուրեմն անոր էութեան մասին հարցում հարցնել եւ պատասխանի սպասել «ժամանակի վատնո՛ւմ» է, քանի որ գործնական որեւէ օգուտ եւ նպաստ չունի կեանքին էութեան մասին մտածել, այնքան ատեն՝ երբ կեանքին բարիքներէն կ՚օգտուինք. կ՚ապրինք եւ կը վայելենք անոր անհամար գեղեցկութիւնները։ Կեանքը ապրիլ, կեանքը վայելել բաւարար է, այլեւս անոր մասին միտք զբաղեցնել եւ յոգնեցնել անիմա՛ստ է։

Այսպէս կը խորհին շատեր ահաւասիկ։

Բայց մարդ միայն նիւթական աշխարհի մը մէջ չ՚ապրիր, կա՛յ նաեւ հոգեւոր աշխարհ մը՝ ուր կեանքը իմաստ եւ նպատակ կը ստանայ։ Ուստի չկայ առանց պատճառի արդիւնք. ամէն երեւոյթ որ գոյութիւն ունի, եւ կեա՛նքը, անպայման պատճառ մը ունի։ Երեւոյթի մը գոյութեան համար անհրաժե՛շտ է «պատճառ»ը։

Այս ուղղութեամբ «անիմաստ» պէտք չէ նկատուի կեանքին պատճառը գիտնալու փափաքը՝ քանի որ հետաքրքրութիւնը հետեւանք է բանականութեան, եւ մարդը բանական էակ մըն է։

Մարդկայի կեանքին եւ անոր նպատակին շիտակ ծանօթանալու համար Աստուծոյ Խօսքը իմանալ անհրաժե՛շտ է, քանի որ անով միայն կարելի է սորվիլ, թէ «Աստուած մարդը ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար ստեղծեց»։ Եւ եթէ «մարդկութիւն»ը գոյութիւն ունի, ասիկա պատահական կամ դիպուածի արդիւնք չի կրնար ըլլալ. այլ բանաւոր պատճառ մը, եւ ուրեմն, իմաստ մը եւ նպատակ մը ունի։ Արդարեւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը «ծրագիր» մըն է, որուն մաս կը կազմէ նաեւ մա՛րդը։ Արդէն ծրագիրի մը մաս կազմել կը նշանակէ՝ նպատա՛կ մը ունենալ…։

Ուստի Սուրբ Գիրքով կը սորվինք, թէ Արարիչը ստեղծած է մարդիկ իբրեւ «զաւակ»ները եւ դրած է զանոնք իր անհուն եւ անսահման տիեզերքի շատ պզտիկ մէկ մասը կազմող նիւթական եւ կենդանական աշխարհին մէջ, որպէսզի անոնք հոն ապրին Իր ուզածին պէս, Իրեն հետ շարունակական հոգեկան հաղորդակցութեան մէջ գտնուին, Իր սուրբ կամքը ի գործ դնեն իրարու հանդէպ եւ իրենց միջավայրին հանդէպ, եւ հոգեկան շահեր ապահովեն Իր փառքին համար։ Մէկ խօսքով, Աստուած ստեղծեց մարդը՝ որպէսզի Ինքզինք յայտնէ, ապա թէ ոչ, Աստուած իր աստուածութիւնը, իր ամենակարողութիւնը, իր ամենաողորմածութիւնը, իր նախախնամութիւնը ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ պիտի յայտնէր…։

Եւ իրապէ՛ս, որքա՜ն բարի է Աստուծոյ շարժառիթը եւ նպատակը մարդիկ ստեղծելուն մէջ։ Աստուած ստեղծեց մարդը՝ որպէսզի Իր անհո՜ւն բարութենէն, խնամութենէն օգտուին եւ գիտնան, որ Աստուած գոյութիւն ունի։

Սակայն կայ ասկէ աւելին տակաւին։

Աստուած մարդիկ ստեղծած է անմահութեան համար։ Ուրիշ խօսքով, մեր Երկնային Հօր «ծրագրին» մէջ մարդկային կեանքին նպատակն է «յաւիտենական կեանք»։ Ասիկա բնական եւ բանական է, քանի որ մարդը նոյնիսկ իր շինածը չ՚ուզեր, որ ի վերջոյ ոչնչանայ՝ զայն կը խնամէ, կը պահէ եւ իր շինածով ինքզինք հպարտ կը զգայ։ Ան երբեք չ՚ուզեր, որ կորսուի իր շինածը։ Արդարեւ, մարդ նոր բան մը չի ստեղծեր, այլ գոյութիւն ունեցածը կը գտնէ, գիւտ կ՚ընէ եւ կը շինէ, կը կատարելագործէ զայն։ Այս իմաստով մարդ գիւտարար եւ շինարար է, իսկ Աստուած՝ արարի՛չ, այսինքն ոչինչէն ստեղծող, արարող։ Հասարակաց կէտը հոս սա է. ստեղծող կամ գիւտարար, ո՛չ մէկը կ՚ուզէ, որ իր արտադրածը կորսուի, ոչնչնայ։

Ուստի այս կենսատու ճշմարտութեան ամենամեծ ապացոյցը Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է՝ որուն մէջ մարմնացաւ եւ մարդացաւ Աստուծոյ անսահման, փրկարար Սէրը մարդոց հանդէպ։

Յաճախ հարցուած է եւ միշտ պիտի հարցուի, թէ մարմնական-ֆիզիքական մահէն յետոյ մարդիկ ի՞նչ պիտի ըլլան։

«Թերահաւատութիւն» կոչուած վտանգաւոր հիւանդութեան ախտանի՛շն է այս հարցումը, որ առիթ կ՚ընծայէ ուրիշ երկու հարցումներու, որոնց մէջ է պատասխանը։

Սոյն հարցումներն են. առաջին՝ «Աստուած կը սիրէ՞ մարդիկ», եւ երկրորդ՝ «մարդիկ գործնականապէս, իրենց կեանքով, ապրելակերպով, ընդհանուր վարմունքով եւ գործերով Աստուծոյ սէրը կը գնահատե՞ն եւ ինքզինքնին անոր արժանի կ՚ընե՞ն»։

Աստուծոյ սէրը բնաւ չի թոյլատրեր՝ չի կրնար թոյլատրեր, որ իրեն արժանի եղողը գոյութիւն ունենալէ դադրի, կորսուի կամ մեռնի։

Մարդոց համար անմահութեան ճամբան Աստուած ինքը գծած է եւ անկէ անցնողներուն համար կեանքը երաշխաւորուած է՝ ճամբուն Տիրոջ համար ամենասուղ գնով՝ Անոր միածին Որդւոյն կեա՛նքին գնով։

«Որովհետեւ Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ Անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Ահաւասիկ, ա՛յսպէս յայտարարեց Յիսուս։

Այս անայլայլելի, մշտնջենաւոր ճշմարտութիւնը պէտք է անջնջելիօրէն դրոշմուի ապրողներուս հոգիին մէջ եւ գրաւէ զմեզ եւ տիրէ մեր համակ կեանքին, որովհետեւ Ան երկնից թագաւորութեան մէջ, երկնից մէջ, մեր մուտքի երաշխաւորագի՛րն է՝ արտօնագիրն է։ Անշուշտ եթէ զԱյն անվերապահ հաւատքով՝ ընդունած ենք եւ մեր կեա՛նքով ստորագրած ենք։ Ուստի «անմահութիւն»ը մարդկային կեանքի համար վերջնականապէս իրագործուած սրբազան նպատակն է, անոր թանկագին «ժառանգութիւն»ն է, Երկնաւոր Հօրմէն պատրաստուած, պարգեւատրուած ամէնուն համար։ Բայց զայն կը ժառանգեն անոնք միայն՝ որոնք ինքզինքնին Անոր արժանի կ՚ընծայեն Յիսուս Քրիստոսի արժանաւորութեամբ, անոր յարմարելով. «Եւ այս է յաւիտենական կեանքը որ ճանչնան Քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ, եւ Յիսուս Քրիստոսը զոր դուն ղրկեցիր», կ՚ըսէ մեր Տէրը իր հոգեթով աղօթքին մէջ։

Ոմանք այս խորիմաստ եւ ճակատագրական խօսքը մակերեսային կերպով կը կարդան եւ կ՚անցնին. ոմանք ալ անոր խորը կը թափանցեն եւ զայն կ՚իւրացնեն։ Ուստի զԱստուած իր Որդւոյն միջոցաւ եւ Իր աստուածային բոլոր վսեմ ստորոգելիներովը ճանչնալը կը նշանակէ Անոր յանձնուիլ, Անոր նուիրուիլ, Անոր ծառայել, զԱյն պաշտել, վերջապէս միա՛յն Անոր համար «ապրիլ»։ Ասիկա կը նշանակէ Աստուծոյ հարազատ զաւակներուն վայել վարմունք ցուցնել հոգեւոր նուիրականութիւններուն հանդէպ, ընկերին հանդէպ, ամէնուն հանդէպ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 14, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020