ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՏԵՆԴԻ ՕՄԵԿԱՆ. ՓԼՈՒԶՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ԱՒԱ՞ՐՏ

Ժողովրդային իմաստութիւններ, առասպելներ եւ կրօններ, մարգարէանալով, միամտացած ամբոխներ յուզելով, յաճախ խօսած են աշխարհի վերջի մասին:

Այսօր արդէն գիտութիւնը կը նախատեսէ վախճան մը՝ կեանքի համար անհրաժեշտ տարրերու սպառումով. թթուածին, նաւթ, ջուր, ծովերու մակերեսի բարձրացում: Եւ ի հարկէ՝ անպատասխանատուութեամբ, շրջապատի անխնայ ապականումով:

Արդէն գիտական ուսումնասիրութիւններու առարկայ է աշխարհի վերջի մտահոգութիւնը, որ տեսութիւն չէ այլեւս, ոչ ալ կրօնական-բնազանցական խնդիր, եզր ալ հնարուած է, կ՚ըսեն՝ collapsolgie. առանց խրտչեցող համարուելու, կրնանք թարգմանել եւ ըսել՝ փլուզմագիտութիւն:

Կը թուեն աշխարհի փլուզման նախատեսուած պատճառները, որոնք այլեւս այդքան ալ նախատեսութիւն չեն: Փլուզման գաղափարը մասնաւորաբար թափ առած է բնապահպանութեան սպառնացող պատճառներու եւ անոնց հետեւանքներու ուսումնասիրութեամբ: Ոմանք արդէն ինքնապաշտպանութեան անհատական միջոցներու կը դիմեն, որպէսզի կարենան իրենց գոյութիւնը պահել, սնունդ եւ ջուր կ՚ամբարեն մեծ աղէտի նախատեսութեամբ, երբ վաճառատուները դատարկուած կ՚ըլլան: Ոմանք ալ աղէտէն ենթադրաբար հեռու մնալիք տեղեր բնակութիւն կը հաստատեն:

Թէեւ միամիտ պէտք է ըլլալ ենթադրելու համար, որ աղէտը շրջանային կրնայ ըլլալ եւ ոչ՝ համաշխարհային, համամոլորակային:

Նախատեսուող մեծ աղէտին դրսեւորումները մեզի կը հրամցնեն բնապահպանութեան կարգախօսով պայքարողները: Ըստ կարգ մը հեղինակաւոր գիտնականներու, կլիմայական խանգարումը հաւանօրէն անվերադարձ է, քանի որ մոլորակի ջերմութիւնը պիտի աճի: Եթէ այսօրուան թափով շարունակուի բեւեռներու սառոյցի անհետացումը, մոլորակի կլիման հետզհետէ աւելի տաք պիտի ըլլայ, ովկիանոսներու հոսանքները պիտի դանդաղին եւ դադրին, կլիմայ բարեխառնող Կոլֆ Սթրիմը պիտի չհոսի, սառցային շրջաններու անտառները, ինչպէս՝ Սիպերիոյ, մեծ քանակով բնածխական կազ պիտի նետեն մթնոլորտին մէջ, հասարակածային եւ արեւադարձային գօտիներու անտառները պիտի այրին, Խաղաղական ովկիանոսի ծովեզրերու բուստերը (corail) պիտի ոչնչանան, Ամազոնի աւազանի անտառները ներկայի ընթացքով պիտի վերանան, մոլորակի կլիմայական հաւասարակշռութիւնը պիտի խախտի:

Այս բոլորին մասին բնապահպանները ահազանգ հնչեցուցած են, մեծ ժողովներ ալ գումարուած են, կը գումարուին, բայց արդիւնքները չնչին են, զանգուածները եւ քաղաքակրթութիւնը կը շարունակեն ապրիլ այնպէս, որ կարծէք վտանգը երեւակայական է: Կը շարունակենք անխնայ նաւթ այրել երկրի վրայ եւ երկինքի մէջ:

Ուսումնասիրութիւնները դեռ չըսին, թէ ո՛ր փուլէն անդին կեանքը անկարելի պիտի ըլլայ, այսինքն մոլորակը պիտի ըլլայ անբնակ-անբնակելի անապատ: Քաղաքակրթութիւններու ճարտարարուեստականացումէն ի վեր, վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին, մոլորակի միջին ջերմաստանը մէկով աւելցած է, ըստ նախատեսութիւններու, մինչեւ դարավերջ ան պիտի աւելնայ երեքով կամ չորսով, եւ ըստ գիտնականներու, այդ սահմանէն անդին Մեծ Աղէտին առաջքը կարելի պիտի չըլլայ առնել:

Հետաքրքրական. ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը կը սահմանուի որպէս ջերմաճարտարարուեստական: Ամէն բան կը կատարուի նաւթով, ջերմութիւն արտադրելով՝ տեղափոխութիւն, երկրագործութիւն, ճարտարարուեստ: Արդարեւ, առանց նաւթի՝ ո՛չ ցանք, ո՛չ հունձք, ո՛չ հիւսուածեղէն, ո՛չ ինքնաշարժ, ո՛չ օդանաւ, ո՛չ ովկիանոսներու վրայ ցանց կապած բեռնափոխադրութիւններ: Տեւաբար չվերանորոգուող ուժանիւթի սպառում կայ, որ կրնայ օր մը չըլլալ, պիտի չըլլայ, արտադրուած ջերմութիւնը տեւաբար կը տարածուի մթնոլոտրին մէջ: Ներկայ թափով դեռ որքա՞ն ժամանակ կրնայ տեւել նաւթային արտադրութիւնը: Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը կը շարունակէ ապրիլ եւ գործել այնպէս, որ կարծէք նաւթահորերու պարունակութիւնը կը մատակարարուի, կը նորոգուի, անսպառ է: Նաւթահորերու մէջ հոսող գետեր չկան:

Ժամանակակից քաղաքակրթութեան տնտեսական (չ)իմաստութիւնը կը խտանայ զարգացման եւ աճի մէջ: Թերթերը կը խօսին արտադրութիւններու աճի մասին՝ սննդամթերքի, անասնաբուծութեան, ինքնաշարժներու, փոխանակութիւններու, ճամբորդութիւններու, գործիքներու եւ այլն: Բոլոր տեսակի արտադրութիւնները կը պահանջեն ուժանիւթ: Այս ընկերաքաղաքակրթական եւ տնտեսական խելացնոր աշխուժութիւնը, որ կը միտի յարաճուն կարեւոր-անկարեւոր պահանջներ բաւարարելու, կարիք ունի ուժանիւթի, զոր կը սպառէ՝ մթնոլորտին մէջ արտանետելով ջերմութիւն եւ թունաւոր կազեր: Միաժամանակ կ՚արտադրուի, կ՚արտադրենք աղբ, զոր չենք կրնար չէզոքացնել, հետեւաբար տեղի կ՚ունենայ ապականում:

Ուսումնասիրութիւն մը կ՚ըսէ, որ երբ վերջնականապէս սպառած ըլլանք նաւթային բոլոր պաշարները, մոլորակի ջերմութիւնը պիտի աւելնայ տասը աստիճանով: Պարտադրաբար պիտի փոխուին արտադրութեան եղանակները, պիտի փոխուին պահանջները, բնութիւնը, բուսական եւ կենդանական աշխարհը պիտի չըլլան այն, ինչ որ են այսօր: Այսինքն մոլորակը պիտի երթայ դէպի փլուզում, եւ կեանքը կրնայ չքանալ:

Դրամատիրական եւ ճարտարարուեստական-սպառողական անսանձ վազքը, զոր կ՚ուզենք տեսնել յառաջդիմութեան լոյսին տակ, որ տեւաբար կը ձգտի պահանջներ բաւարարելու եւ նոր պահանջներ ստեղծելու, մանաւանդ՝ բաւարարելու երկրորդական ոչ անհրաժեշտ պահանջներ, յաճախ վնասակար, դանդաղ կամ արագ ընթացքով, պիտի առաջնորդէ յաջորդական փլուզումներու, որուն այսօր անմիջականօրէն տեսանելի պատկերը բեւեռներն են, բարձրադիր լեռներու յաւերժական ձիւնի անհետացումը, որուն պատճառով պիտի նուազի աղբիւրներու ջուրը:

Բնապահպանական աղէտը այլեւս յոռետեսական մտքի մարզանք չէ:

Խօսուն թիւեր կան երեւութապէս պզտիկ համարուող սպառողական երեւոյթներու մասին: Օրինակ, ըստ ուսումնասիրութիւներու, ամէն վայրկեան, որ կ՚անցնի, աշխարհի մէջ կը խմուի 2.7 միլիոն բաժակ սուրճ, բազմապատկեցէ՛ք 60-ով եւ 24-ով եւ կ՚ունենաք օրուան սպառումը: Գործածուող բաժակներու չնչին տոկոսը վերստին գործածելի է, անոնք կը դառնան աղբ, կ՚ապականեն ովկիանոսները, կը սպառնան ձուկերու կեանքին, օր մըն ալ ստեղծելու համար ովկիանոսային անապատ:

Սուրճի 2.7 միլիոն բաժակը դեռ ոչինչ է, երբ կը բաղդատենք ամէն վայրկեան մոլորակին շուրջ դարձող օդանաւերու պարին: Ամէն օր աւելի քան 100.000 օդանաւեր թռիչք կ՚առնեն եւ վառելանիւթ կը սպառեն, բնածխային կազը կը մաղեն մոլորակին վրայ: Ճամբորդատար օդանաւ մը, միջին հաշուով, ժամական կը սպառէ 6 թոն վառելանիւթ: Կրկին պէտք է դիմել հաշուիչ մեքենային՝ գումարելով եւ բազմապատկելով օդանաւերու թիւը, թռիչքներու ժամերը եւ այրուող նաւթը:

Աւելի պարզը մեր քթին տակ տեղի ունեցող աղէտի օրինակ է ծխախոտի սպառումը: Աշխարհի մէջ ամէն օր 11 միլիառ սիկարեթ կը ծխուի: Ծուխ, մուխ եւ թոներով կճատներ կ՚ապականեն մթնոլորտը: Պէտք է խօսիլ նաեւ այդ միլիառաւոր սիկարեթներու պատրաստութեան համար սպառած ուժանիւթի մասին: Եւ կը գումարուի բնութեան ապականումը: Յուսադրիչ լուր. 2005-էն 2015 ծխողներու թիւը 5%-ով նուազած է:

Անցեալին ընկերային կազմակերպութեան եւ բարոյականի տեսութիւններ կը մշակուէին: Պղատոն, Արիստոտէլ, Քանթ կամ Հեկել բնապահպանական խնդիր չէին դիմագրաւեր: Շէյքսփիր կամ Պեթհովեն բնութեան ապականման խնդիր չունէին, նկարիչները ապրող եւ գեղեցիկ բնութեան մասին կը վկայէին: Այսօր նախատեսուող աղէտը պատասխանատուութիւնն է ժամանակակից մարդուն, ան ըլլայ քաղաքական գործիչ, գիտնական, գրող, արուեստագէտ թէ շարքային համեստ քաղաքացի: Հարց պէտք տալ, թէ ո՞ւր կը տանինք կեանքի արգանդ բնութիւնը:

Սպառում-մսխում, զբօս-մսխում, պերճանք-մսխում, պատերազմներ-մսխում, եւ կարելի է շարունակել թւումը, համաշխարհային վտանգ դարձած են: Պէտք չէ հետեւիլ դրամատիրական շահախնդրութեամբ քաջալերուող կեղծ պահանջներու ոչ անհրաժեշտ բաւարարութիւններուն:

Պարզ: Համակեցութեան բարքերը պէտք է վերանայուին:

Թիւերու լեզուն վիճելի չէ: Հարց կու տա՞նք, թէ որքան ջուր պէտք է սպառել մէկ քիլօ կովու միս արտադրելու համար. այդ սպառումը 383-էն 547 լիթր է: Իսկ միսի սպառումը աշխարհի մէջ, միջին հաշուով, իւրաքանչիւր երկվայրկեանի համար 10.000 քիլօ է, 2017-ին այդ սպառումը եղած 323 միլիոն թոն, ջուրի սպառումը հաշուելու համար կրկին բազմապատկեցէ՛ք 383 կամ 547-ով եւ գաղափար մը կը կազմէք մսխումի մասին:

Ուժանիւթ, ջուր, ապականութիւն եւ այդ պաստառին վրայ՝ հրաշք-կեանքի «լինել-չլինել»ու դասական գրական հարցումը:

Քաղաքացիական նոր գիտակցութիւնը պիտի գիտնա՞յ վայրագ աճման հակադրել բնութեան եւ կեանքի պաշտպանութիւնը: Մեծ կամ պզտիկ քայլերով, քանի որ հաւաքաբար պատասխանատու ենք, եւ նախատեսուող մեծ աղէտը զանազանութիւն պիտի չդնէ հրէի եւ հեթանոսի միջեւ:

Մեծ երկիր, փոքր երկիր, ապականում եւ կլիմայական փոփոխութիւն՝ պէտք է դիտել մոլորակի եւ կեանքի ապագայի տեսանկիւնէ, ի հարկին կեանքի փրկութեան յեղափոխութիւն մը յառաջացնելով այսօր՝ ընդդէմ եսասիրական եւ չարաշահող բոլոր ուժերուն, անոնք ըլլան անհատներ թէ երկիրներ, որպէսզի վաղը ուշ չըլլայ:

Որպէսզի հայրերու ի գին ամէն բանի աճելու եւ հարստանալու կիրքով չտարուին նոր սերունդները, բնապահպանական եւ մոլորակի հարստութիւններու պաշտպանութեան գիտակցութիւնը կրթական ծրագիրներուն մէջ տեղ պէտք է գտնէ, քանի որ այսօրուան մանուկը վաղը չափահասը պիտի ըլլայ:

Եթէ ուշանանք, օր մը ուշացանք ըսող ալ կրնայ չմնալ:

Դիտա՞ծ էք լուսնի կամ Հրատի մակերեսի պատկերները… Անոնց լուռ անկենդանամայութեան տխրութիւնը…

Կապոյտ մոլորակը այդ տխրութեա՞ն պիտի դատապարտենք…

Աղէտը քաղաքական սահմանագիծներ պիտի չունենայ:

Վկա՛յ Չինաստանը հարուածող ժահրը՝ քորոնավիրուսը, մկրտուած՝ covid-19:

Երբեմն գիւղի զանգակատան գմբէթէն անդին պէտք է նայիլ:

Գիւղը՝ Նիւ Եորք, Փարիզ, Շանկհայ, մինչեւ… նոյնիսկ Երեւան:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քուինզ, Նիւ Եորք

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020