ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՄԷՋ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ե­րեւ­ման Ս. Խա­չի տօ­նին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապրուե­ցաւ Գու­րու­չէշ­մէի հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Վոս­փո­րի ա­փի այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ միշտ ե­ղած է սրտա­մօ­տիկ ուխ­տա­վայր մը, ո­րու հիմ­նադ­րու­թեան 334-րդ տա­րե­դար­ձը նշուե­ցաւ հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լոր­տով։

Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսալ լե­ցու­ցած էին ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ա­սա­տուր Սար­կա­ւագ Էօզ­տէ­միր­ճի եւ Ար­տէն Կի­սա­սար­կա­ւագ Տիք­մէ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւե­ցան Կո­մի­տաս Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Հրաչ Օ­հա­նեա­նի։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հայ­րը կի­սա­սար­կա­ւա­գի աս­տի­ճան շնոր­հեց Ալ­ֆա Օ­հա­նեա­նին, որ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր իր սպա­սար­կու­թիւ­նը կը բե­րէ Գու­րու­չէշ­մէի ե­կե­ղեց­ւոյ։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուեցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ բա­ցօ­թեայ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քուե­ցաւ եւ այս առ­թիւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ Մինչ այդ, Գու­րու­չէշ­մէի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը սի­րոյ սե­ղա­նով մը պա­տուեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, որ օրհ­նեց պատ­մա­կան այս թա­ղէն ներս տա­րուած աշ­խա­տան­քը, գնա­հա­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թե­ղը վառ պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ թա­ղա­կան­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րը ու մաղ­թեց յա­րա­տե­ւու­թիւն։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015