ԱՄՆ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԵԿՈՅՑԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՎԻՃԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին օրերուն հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տարեկան զեկոյցը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը մատնանշեց, որ 2019-ին Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած զեղծարարութիւնները հետաքննելու եւ մեղաւորները պատժելու ուղղութեամբ: Նոյն զեկոյցին մէջ կ՚ընդգծուի նաեւ, որ ամբողջ տարուան ընթացքին շարունակուած է 1 մարտ 2008 թուականի դէպքերու գործով դատաքննութիւնը։ Յիշեցուած են այս գծով առաջադրուած շարք մը մեղադրանքները՝ սահմանադրական կարգի տապալում, զեղծարարութիւններ եւ ապացոյցներու կեղծում:
Ամերիկեան այս զեկոյցը կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի մասին Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչի հրապարակած զեկոյցին, որուն մէջ կը նշուի, որ «մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու քայլերը պէտք է կատարուին զգոյշ եւ խստօրէն համապատասխանեն օրէնքի գերակայութեան, դատարաններու անկախութեան եւ թափանցիկութեան»: Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ հետեւեալը. «Յունիսի 4-ին խորհրդարանը ընդունեց օրէնք մը՝ մարտ 2008-ին ընտրութիւններուն յաջորդած բռնութեան զոհերուն օգնութիւն ցուցաբերելու մասին, իսկ սեպտեմբերի 5-ին կառավարութիւնը յատկացուց 720 միլիոն դրամ (1.5 միլիոն տոլար)՝ զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն օգնելու համար»։
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ զեղծարարութեան դէմ պայքարի եւ կը նշուի, որ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն վերջ իշխանութիւնները հետաքննութիւններու սկսած են՝ բացայայտելով համակարգային զեղծարարութիւն։ «Կառավարութիւնը բազմաթիւ քրէական գործեր յարուցեց նախկին պաշտօնատարներու, անոնց հարազատներուն, խորհրդարանականներու եւ որոշ պարագաներով՝ դատական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ անոնց հարազատներուն դէմ: Կառավարութիւնը նման գործեր յարուցած է նաեւ խումբ մը ներկայ պաշտօնատարներու դէմ», դիտել տրուած է զեկոյցին մէջ։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի դատական համակարգի հարցերուն: «Թէեւ օրէնքը կ՚ենթադրէ անկախ դատական համակարգ մը, սակայն դատական համակարգը հիմնականին մէջ անկախութիւն չի ցուցաբերեր: 2018-ին տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն վերջ եւս դատական համակարգի պարագային հասարակութեան անվստահութեան մակարդակը բարձր կը մնայ», ըսուած է զեկոյցին մէջ:
1980-ականներու վերջաւորութեան եւ 90-ականներու սկիզբին Ատրպէյճանէն գաղթած անձերու հարցերով ալ կը նշուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է անոնց ապաստան տալու նպատակով եւ 1.5 միլիառ դրամ տրամադրած է 112 գաղթական ընտանիքներու բնակարան յատկացնելու համար: