ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՄԻՋՈՑ
Մինչ համայն աշխարհ կեդրոնացած է քորոնաժահրի դէմ պայքարի վրայ, մարդկութիւնը սպասումի մէջ է նաեւ պատուաստանիւթի մը գիւտին ուղղութեամբ։ Աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կը տարուին համապատասխան աշխատանքներ եւ այս առընչութեամբ կը կատարուին հաղորդումներ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ «Moderna Inc.» անուն ընկերութիւնը mRNA-1273 կոչուած պատուաստանիւթ մը արտադրած է։ Մինչ այս իրադարձութիւնը ստեղծած է լայն արձագանգ, թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները նիւթը կ՚արծարծեն տարբեր երեսակով մը։ Արդարեւ, ամերիկեան ընկերութեան գլուխը կը գտնուի հայազգի յայտնի դէմք մը՝ Նուպար Աֆէեան։ Ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան հայաշխարհին մօտէն ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է։ Ան մաս կը կազմէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ու միեւնոյն ժամանակ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն մին է։ Թրքական լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ «Moderna Inc.» ամերիկեան ընկերութեան գլուխը կը գտնուի օսմանահայ մը։ Այս ամբողջին մէջ, մանաւանդ, «Սէօզճիւ» թերթի կայքէջին վրայ մանրամասնօրէն ներկայացուած է Նուպար Աֆէեանի կենսագրութիւնը։ Դրուատիքով կը շեշտուի, որ ազգութեամբ հայ Նուպար Աֆէեանի ընտանիքի արմատները կը ձգուի մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն։ Ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած են պնդումներ, ըստ որոնց Նուպար Աֆէեանի մեծ հայրը եղած է օսմանեան բանակի բժիշկներէն մին։ Յամենայնդէպս, «Սէօզճիւ»ի կայքէջին վրայ առաւել մանրամասնօրէն ներկայացուած է Նուպար Աֆէեանի ընտանիքի պատմութիւնը։ 1915-էն վերջ Պէյրութ գաղթած ընտանիքի մը մասին է խօսքը։ Նուպար Աֆէեանի հայրը՝ Պատրիկ Աֆէեան 1929 թուականին ծնած է Պուլկարիոյ մէջ։ Ան զբաղած է գործարարութեամբ՝ հաւկիթներ ներածելով Թուրքիայէն Պուլկարիա։ Իսկ Նուպար Աֆէեան Միացեալ Նահանգներէ ներս կենսաթեքնիկ եւ կենսաբանական գիտութիւններու բնագաւառի յառաջատար ձեռներէցներէն մին է։ Յիշեալ թերթի կայքէջը կը շեշտէ, որ վերջին քսանութ տարուան ընթացքին ան հիմնած է աւելի քան երեսուն ընկերութիւն եւ ենթադրաբար անոնց ընդհանուր արժէքը կը հասնի 10 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Նուպար Աֆէեան 1987 թուականին տոքթորականի թեզը պաշտպանած է ամերիկեան աշխարհահռչակ համալսարաններէն մէկուն՝ Մասաչուսեցի փորձագիտութիւններու կաճառի (MIT) մէջ։ Ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ ձեռներէցութեան, նորարութեան, նախաձեռնողական դրամագլուխի, կենսաքիմիայի, ճարտարագիտութեան, դեղագործութեան, բժշկական փորձագիտութիւններու եւ վերականգնուող ուժանիւթի խնդիրներուն շուրջ։
Նուպար Աֆէեանի գլխաւորած ընկերութեան կողմէ արտադրուած պատուաստանիւթը արդէն սկսած է փորձարկուիլ մարդոց վրայ։