ԱՇԽԱՐՀԸ ՊԱՏԱԾ Է ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԱՀԸ
Զանազան վարակներ եկան ու անցան՝ թռչնակրիփ, խոզի կրիփ եւ այլն։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ ցաւ պատճառած էր մարդկութեան՝ խլելով բազում կեանքեր… Սակայն այս մէկը տարբեր է։
Քորոնաժահրը կը սպառնայ մարդկութեան գոյութեան։ Անզէն կերպով ան գաղտնի փուլով կը զարգանայ շատ արագ։ Երկու շաբաթ վերջ կ՚ելլէ մէջտեղ, հիւծելով իւր զոհը։ Անգութ ժահրը գաղտնի շրջանին կը նախընտրէ թափառիլ ու բոյն հիւսել մարդոց մարմիններուն մէջ։ Ան կարծես պատերազմ յայտարարած է համայն մարդկութեան ու մեր Երկիր մոլորակին։
Մեր այսօրուայ անզէն թշնամին մեծ արագութեամբ զարգանալով կը կտրէ ու կ՚անցնի երկիրներ եւ տարածութիւններ։ Անոր դիմաց ոչ մէկ պատնէշ կայ։ Ժամ ու պատարագ չի հարցներ, ներս կը խուժէ ու կ՚ոչնչացնէ իւրաքանչիւրը։
Դժբախտաբար գարնան սկնզբին, տակաւին բնութիւնը ձմրան քունէն չարթնցած, ծառ ու ծաղիկ չծաղկած՝ ան Պարսկաստանէն գաղտնօրէն խուժեց երկիր Նաիրի։ Հայ ժողովուրդը կազմ ու պատրաստ, զինուած՝ երկրի շեմին կը սպասէր աշխարհը ահուսարսափի մէջ պահող ժահրին, որպէսզի երկրի սահմանը չհատած դուրս քշէր անկոչ հիւրը։ Աւա՜ղ, չյաջողեցանք։ Մարդասպան փոքրիկ անտեսանելի հսկան խաբէութեամբ հասաւ երկիր։ Ինչպէս ամէնուր, Հայաստանի մէջ նոյնպէս կարճատեւ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին տարածուեցաւ։
Անգութ թշնամիի սարսափէն օրեր առաջ Հայաստանի մէջ յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն։ Ազգաբնակչութիւնս բան ու գործ ձգած կը գտնուի «տնային կալանքի» մէջ, զայն անուանելով մեկուսացում կամ ինքնամեկուսացում։
Դատարկ փողոցներ, փակ դռներ, մարած լոյսեր, անազատ ազատներ, դիմակաւոր մարդիկ, մասնակի խուճապ… Վստահաբար աս չէր մեր երազը։
Այսօր աշակերտները, ուսանողները, գործատեղիներն ու աշխատաւորները կը գտնուին անժամկէտ արձակուրդի մէջ։ Ակամայ կը թուի, թէ հիանալի է, վերջապէս կը հանգչինք մեր ուզածին պէս։ Սակայն ինչպէ՞ս հանգչիլ սահմանափակ ազատութեամբ։ Ինչպէ՞ս հանգչիլ, երբ մահուան ուրուականը կը պտտի մեր շուրջը։ Մեզմէ ոչ մէկը կ՚ուզէ այսպիսի արձակուրդ։ Մեր ազատութիւնը չունի գին, մենք սովոր չենք ապրելու վանդակներու մէջ։
Կարծես մէկը սահմանափակած ըլլայ մեր շնչել-արտաշնչելու իրաւունքը։ Կը շնչենք, սակայն ոչ լիաթոք ու հանգիստ սրտով։ Ներքուստ ունինք պահած ահ մը, որ ամէն վարկեան կը կառչի մեր ուղեղին։
Քորոնաժահրի վտանգէն քանի օրէ ի վեր կը նստիմ տունը ու շատ կը կարօտնամ իմ ազատութիւնը։ Նախապէս կ՚ուզէի փակուած մնալ տունը, իսկ հիմա կարօտ եմ ճեմապարտէզներու, փողոցներու… Առեւտուրի համար փողոց կ՚ելլեմ, սակայն առաջուայ պէս հանգիստ չեմ։ Ներքին անհանգստութիւն մը պատած է հոգիս։
Ընդհանուր առմամբ Հայաստանի մէջ վիճակը հանգիստ է, չկայ խուճապ։ Մարդիկ կը փորձեն ժպիտով ու զուարճախօսութիւններով պայքարիլ քորոնաժահրի դէմ։ Եւորոպայի պէս մեր փողոցները ամայի չեն։ Ակամայ կը թուի, թէ բնականոն կեանքը կը շարունակուի։ Ինչպէս միշտ, հայ ժողովուրդը իր յոյսը կը կապէ Աստուծոյ հետ։ Վստահ ենք, որ շուտով սա պատուհասն ալ կը լքէ մեր մոլորակը։
Այս ընթացքին, տունը փակուած ըլլալով զանազան միտքեր կ՚այցելեն ինծի։
Յաճախ կը խորհիմ, արդեօք սա պատերա՞զմ է, թէ՞ խաղաղութիւն… Եթէ մարդկութիւնը ունենար ընտրութեան հնարաւորութիւն, ո՞ր մէկը կ՚ընտրէր՝ քորոնաժա՞հրը, թէ պատերազմը…
Արդեօք ասոնցմէ ո՞ր մէկը աւելի սարսափազդու է։ Երկուքն ալ կը խլեն բազում մարդկային կեանքեր, կաթուածահար կ՚ընեն կեանքի բնականոն ընթացքն ու երկրի տնտեսութիւնը։ Մարդիկ կ՚ապրին վախի ու անհանգստութեան մէջ։ Կարծեմ երկուքն ալ գրեթէ հաւասար են։
Սա ճգնաժամային միջոցին պէտք չէ ըլլանք յուսահատ։ Ամէն երկվարկեանը պէտք է ապրինք բարձր տրամադրութեամբ ու լիայոյս, քանզի սէրը, հաւատքն ու յոյսն է, որ կը փրկէ աշխարհը։
Այս ալ կ՚անցնի, մեր սրտերուն մէջ նորէն կը բացուի գարուն, պարզապէս պէտք է համբերել ու յուսալ…
Առողջութիւն, ուժ ու կորով մեզ՝ բոլորիս…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան