ՍՏՈՒԳԻՉ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅ
Չինաստանի մէջ մարդամեքենայ մշակած են քորոնաժահրի ստուգման համար։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ շինուած է խելացի մարդամեքենայ մը, որ կրնայ մարդոց կոկորդէն քսուք առնել՝ նոր քորոնաժահրի վարակի ախտորոշման համար։ Այս մարդամեքենան կրնայ նուազեցնել վարակման ռիսքը՝ բոյժ-աշխատողներու շրջանակին մէջ։
«Չինաստանի մէջ շինուած է խելացի մարդամեքենայ՝ մարդոց կոկորդէն քսուք վերցնելու համար: Նորոյթը կոչուած է օգնելու քորոնայի վարակի ախտորոշման եւ բոյժ-աշխատողներու շրջանակին մէջ վարակման ռիսքի նուազեցման առաջադրութեամբ», գրուած է մարդամեքենան ստեղծած ընկերութեան կայքէջի հաղորդագրութեան մէջ:
Մարդամեքենան բաղկացած է օձաձեւ մեքենական ձեռքէ, երկոսպնեակ ներդիտակէ, տուեալներու անհաղորդալար հաղորդման սարքաւորումներէ եւ այլ մասերէ, ճշդուած է կայքէջին մէջ: Քսուքը վերցնելու ժամանակ բոյժ-անձնակազմը ստիպուած կը գտնուի վարակակիրի հետ սերտ շփման մէջ, ինչ որ կը բազմապատկէ վարակման վտանգը: Մշակողները համոզ-ւած են, որ նոր մարդամեքենան բոյժ-աշխատողները կրնայ պաշտպանել քորոնաժահրով վարակուելէ։