APPLE ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՓԱԿԵՑ ԻՐ ԽԱՆՈՒԹՆԵՐԸ

Apple-ի բոլոր խանութները ժամանակաւորապէս կը փակուին քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի պատճառով Apple ամբողջ աշխարհի վրայ երկու շաբաթով կը փակէ իր խանութները, բաց կ՚ըլլայ միայն Չինաստանի մէջ գտնուող խանութը: Այս մասին Dailymail կը հաղորդէ Apple-ի գլխաւոր տնօրէն Թիմ Քուքի յայտարարութիւնը:

Քուք նշած է, որ խանութները փակ կը մնան մինչեւ մարտի 27-ը, իսկ ընկերութիւնը 15 միլիոն ամերիկեան տոլար կը յատկացնէ համաշխարհային տնտեսութեան վերականգման համար:

Նոր քորոնաժահրի՝ CՕVID-19-ի բռնկումը արձանագրուած է 2019 թուականի դեկտեմբերի վերջին, Կեդրոնական Չինաստանի ամենախտաբնակ քաղաքին՝ 12-միլիոն բնակիչ ունեցող Ուհանի մէջ: Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը զայն որակած է «փանտեմի»։

Դժբախտաբար, աշխարհի մէջ քորոնաժահրով վարակման դէպքերու թիւը ամէն օր կը փոխուի՝ բարձրացում արձանագրելով։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020