ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ

Քորոնաժահրէն պաշտպանուելու դիմակները վերածած են նորաձեւ աքսեսուարի։ Այսպէս, Նիւ Եորքի բնակիչները քորոնաժահրէ պաշտպանուելու համար նախատեսուած բժշկական դիմակները վերածած են նորաձեւ աքսեսուարի:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ամերիկացիները այն կարծիքին են, թէ COVID-19-ի շուրջ ստեղծուած խուճապը ոճի հետ կապուած փորձերը դադարեցնելու պատճառ չէ եւ նորաձեւութեան տեսակէտէ կը մօտենան պաշտպանիչ միջոցներու ընտրութեան: Օրինակ, ոմանք քաղաքին կը քայլեն կենդանիներու մռութներով վառ դիմակներով, գոյնզգոյն սմայլիկներով կամ ալ սեւ դիմակներով:

Քաղաքի բնակիչներու մեծամասնութիւնը չի կրնար խուսափիլ հասարակական վայրերէ, որու կապակցութեամբ դիմակները անոնց համար դարձած են պաշտպանութեան միակ հասանելի միջոցը: «Չկան պատուաստանիւթեր, չկան դեղամիջոցներ: Ուրեմն ինչո՞ւ չպաշտպանենք մենք մեզ», հարց կու տայ 30-ամեայ Իտըն Պլեկմը, որ սեւ դիմակ կը կրէ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020