ԱՄԲՈՂՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԲՈՒՌՆ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ
Քորոնաժահրի դէմ պայքարը ամբողջ թափով յառաջ կը տարուի բովանդակ աշխարհէն ներս։ Համաճարակի արտասովոր պայմաններուն ներքեւ Թուրքիան ալ ամբողջական զօրակոչի մը մօտեցումով կը ջանայ յաղթահարել այս մեծ առողջապահական սպառնալիքը։ Հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ այս խնդիրը դարձած է թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը։ Անշուշտ, զոհողութիւններու առիւծի բաժինը կը վիճակի առողջապահութեան համակարգի մասնագէտներուն, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կ՚աշխատին մեծ յանձնառութեամբ։ Այս տեսակէտէ երէկ շատ հետաքրքրական եւ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի կոչին անսալով՝ ամբողջ երկրին մէջ, երէկ, ժամը՝ 21.00-ին ժողովուրդը բնակարաններու պատշգամներէն կամ պատուհաններէն բուռն ծափահարութիւններով հանդէս եկաւ՝ արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը՝ առողջապահութեան համակարգի աշխատողներուն նկատմամբ։
Միւս կողմէ, Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի զոհերու թիւը բարձրացած է 4-ի։ «Մեր ցաւը աւելցած է, սակայն պիտի յաջողինք», ըսաւ նախարարը։
Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ, վերջին 24 ժամուան ընթացքին քորոնաժահրի 1981 քննութիւն կատարուած է Թուրքիոյ մէջ։ Այդ քննութիւններու 168-ը ցոյց տուած է, որ կան նոր հիւանդներ։ Այսպէսով, վարակուածներու թիւը հասած է 359-ի։
Ամբողջ երկրին մէջ ներկայիս հանրութիւնը զգայնութեան կը հրաւիրուի, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ ինքզինքին համար արտակարգ դրութիւն հռչակէ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ ընկերային ցանցերով իրերայաջորդ կը հրապարակուին բազում վիճակագրական տուեալներ, ըստ որոնց լիարժէք մեկուսացման պարագային կարելի է որքան ազդու ձեւով պահպանուիլ համաճարակէն ու զերծ մնալ անոր հետեւանքներէն։