«ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ»

Մեծ պահոց շրջանի հինգերորդ կիրակին մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը կոչած են «Դատաւորի կիրակի», հիմք ունենալով Նոր կտակարանի մէջ տեղ գտած մեր Տիրոջ պատմած մէկ առակին, որ կը կրէ «այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը» անուանումը:

«Յիսուս առակ մը պատմեց Իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։ Եւ ըսաւ.

-Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար։ Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր. “Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս”։ Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. “Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ”։

Ապա Տէրը շարունակեց.

-Լսեցէք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը։ Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ Իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ։ Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»:

Շատ խորիմաստ ու բազմաթիւ պատգամներ ունեցող առակ մըն է այս եւս, որ այնքան կը համապատասխանէ Մեծ պահոց ապաշխարութեան այս շրջանին: Արդարեւ, մենք մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին քանի՜-քանի անգամներ այդ անիրաւ դատաւորին տեղը յայտնուած ենք: Ոմանք կրնան չհամաձայնիլ այս միտքին, բայց պահ մը եթէ զգուշութեամբ սերտենք մեր առօրեան, մեր շրջապատը՝ որոնց հետ անմիջական կամ ոչ անմիջական շփումի մէջ ենք, անպայմանօրէն այսպէս կամ այնպէս յայտնուած ենք այդ անիրաւ դատաւորին հանգամանքին մէջ: Եւ հակառակը, քանի՜-քանի անգամներ այդ այրի կնոջ հանգամանքին մէջ յայտնուած ենք, սակայն Երկնաւոր Թագաւորին նկատմամբ ունեցած մեր հաւատքին, յոյսին ու սիրոյն համար պայքարած ենք՝ մինչեւ Երկնայինէն ստացած ենք մեր մխիթարութիւնն ու բաւականութիւնը:

Անցնինք առակի բացատրութեան. առակին սկիզբը կը նկատենք, որ Աւետարանագիրը գրած է, թէ Տէր Յիսուս այս առակը պատմած է, որպէսզի սորվեցնէ մեզի, թէ առանց վհատելու կամ ձանձրանալու պէտք է աղօթենք՝ անդադար աղօթենք, մինչեւ որ պատասխան ստանանք:

Սարգիս Կունդ կը գրէ.

Դատաւոր մը կար (Ղկ 18.2):

Կր. Իշխանական միտքը կ՚ըսէ, որ մարմինին ու ոգիին մէջ ինչպէս որ կ՚ուզէ այդպէս կը ներգործէ, երբեմն բարիին միտելով, որոնք են հոգեկան առաքինութիւնները, եւ է, մարմնական վատթար ախտը:

ԻԳ Արդ, միտքը դատաւոր է, ու կ՚ընտրէ ինչպէս որ կ՚ուզէ: Կը կրէ ու շտեմարանին մէջ կը պահէ: Ինչ բանէ որ չ՚ախորժիր, դուրս կը դնէ եւ դուրս փակուած կը պահէ, կամ եթէ մտած է դուրս կը հանէ: Եւ այսպէս ոմանք բարիք եւ ոմանք չարիք կ՚ըլլան: Բայց այստեղ չար մարդու մասին է առակը:

Ստ. Անիրաւ ու չար:

Քաղաքի մը մէջ (Ղկ 18.2):

Կր. Ընդարձակ աշխարհը:

Իգ. Կամ մարդոց բնակութիւնը կ՚ըսէ, որոնք կը մտնեն ու կը շրջին: Ասոր մէջ կը բնակին չարեր ու բարիներ: Իսկ զգայութիւնները դռներն են, որոնք մտնողները կ՚ընդունին:

Ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար (Ղկ 18.2):

Իգ. Այսպիսին են միտքերը, նրբութեան եւ ծածուկ ըլլալնուն համար: Աստուծոյ երկիւղը արհամարհուած է անկէ: Իրաւագէտը կը վկայէ, որ կը քննէ ամէն տեսակի ապիրատութիւն եւ ատեղի գործերէն ոչինչ ծածուկ կը մնայ իրմէ, թէ անօրէն մտածում ունեցած ըլլայ, որովհետեւ գարշ խորհուրդով զազրալիներուն մէջ կը շաղի: Սակայն, որովհետեւ մարդիկ չեն տեսներ, իսկ ան չ՚ամչնար՝ արատաւոր կիրքերն ու վնասակար ցանկութիւնները միշտ ինքն իր վրայ ունենալով: Աստուծոյ սպառնալիքներուն դէմ ալ խստացած է, ու մարդոց ամօթանքը իրեն ոչինչ կը համարէ:

ՍՏ Որովհետեւ Աստուծմէ չվախցաւ ու Անոր Որդին խաչել տուաւ, ու Անոր մարգարէները եւ առաքեալները սպաննեց: Եւ մինչեւ հիմա Աստուծոյ թոյլտուութեան համաձայն քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներ կը յարուցէ, ամբարտաւան ու ամբարհաւաճ դատաւորը: Մարդոցմէ չ՚ամչնար՝ մարդոց ցեղը արհամարհելով:

Եփ. Անոր անիրաւութիւնը խիստ էր, որովհետեւ համարձակեցաւ ու շրջանցեց Աստուծոյ երկիւղը: Իսկ անոր ժպրհութիւնը արհամարհեց մարդոց ամօթանքը:

Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար (Ղկ 18.3):

Կիղ. Մարդոց հոգին՝ դրախտի փառքէն ու ճոխութենէն ինկած, եւ բարիքներէն զրկուած:

Իգ. Որովհետեւ շատ մեծ տագնապ է հոգիին համար առաքինութիւններէն դատարկուիլը: Թէեւ մեղքերով ապուշցածին համար չ՚երեւիր, սակայն հոգին ապականութիւնը կը կրէ՝ մարմնական ախտերով լեցուած:

ՍՏ Մարդու հոգին այրի դարձած է Քրիստոսէն, որ եկեղեցական հոգիին Փեսան է:

Անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր (Ղկ 18.3):

Հոգիին կը բողոքէր միտքին մօտ, երբ զղջացած կը խոցոտէ մեր միտքը պիղծ գործերուն յիշատակով, որով ժամանակը ծախեցինք, եւ զղջալով ափսոսանքով դարձի կու գանք: Երբեմն առանց ջանքի կ՚արտասուենք, եւ այստեղիններէն ատելութեան կը փոխուինք ու արձակուածները կը խնդրենք: Այս բոլորը թախանձելը հոգինն է:

ՍՏ ԶՔրիստոս թողած այրին՝ անիրաւ դատաւորին կ՚ապաւինի՝ անյագութեանց մեղքերէն լլկուած:

Իրաւունքս պաշտպանէ (Ղկ 18.3):

Իգ. Մարմինի բնութեան կարիքները չափով բաժնելով հարկաւորը տալ, որ հաստատ կը պահէ զայն եւ ո՛չ անչափելի ցանկութեամբ կը հեղու: Ըստ նմին եւ հոգիին բաժինը պատշաճ առաքինութեան, որ ողջ կը մնայ, եւ մեղքերու մահը չի՛ կրեր:

Հակառակորդէս (Ղկ 18.3):

Սատանայէն, որ մարմինը հոգիին դէմ միշտ զէնքի կը վերածէ զգայարանքներու ցանկութեամբ:

ՍՏ Կարելի եղած չարիքներէն ու անիրաւութիւններէն: Մէկը իշխել ում մէկը իշխուիլ, ինչպէս Բեղզեբուղի՝ դեւերու իշխանին մասին ըսուեցաւ: Արդ, այրին իրաւունք կը խնդրէ՝ հակառակորդին դառնութենէն թօթափուած, կամ դեւ էր, որ կը լլկէր, կամ մարդ՝ սատանային հնազանդած:

Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել (Ղկ 18.4):

Միտքին վատթարագոյն յօժարութիւնը կը ցուցնէ:

Կր. Որ մեղքերով կապուած էր ու թոյլ չէ՛ր տար չարէն մերկանալ եւ իր անձը պատիժներէն ազատել: Այլ, ժամանակին մէջ կ՚ապրի, եւ առժամայն կ՚ընտրէ մարմինին ախորժածները տալ. յառաջիկայ ժամանակը բարեգործելը մէկ կողմ կը ձգէ: Այս սնոտի յոյսով ինքզինք կը խաբէ, յանկարածկի ալ այստեղի կեանքէն կը հեռանայ: Անպատրաստ ու բարի գործերէն դատարկ մշտնջենաւոր կապանքին մէջ կը մտնէ:

Մատթէոս Ջուղայեցին կը գրէ.

Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ (Ղկ 18.4-5):

Արդ, երեք բան կը ստիպեն իրեն այս բանը ըսել:

Ա. Նախ՝ որ մարդը կ՚ըսէ, թէ Աստուծմէ ինծի տանջանք մը չգայ վրաս, այդ պատճառով այս ամբարշտութենէս դարձի գամ:

Բ. Երկրորդ՝ կ՚երկնչի գազաններէն կամ չար բռնաւորներէն, կամ ճանապարհէն կամ ալ այլ բաներէ, ու կ՚ըսէ՝ դարձի գամ:

Գ. Եւ երրորդ՝ թէ կը խղճայ հոգիին ու կը նեղուի անոր թախանձանքներէն, կ՚ըսէ՝ բաւական է, դարձի գամ: Իսկ այս օրինակը Տէրը հաւատացեալներուն համար տուաւ, որոնք նեղութիւններու մէջ են, ու Աստուծոյ կ՚աղաղակեն, թէ եթէ ասոր համար տարակոյս կայ, թէ՝ «Աստուած կը լսէ Իր ծառաներուն աղաչանքները» (հմմտ. Բ. Մն 6.19), կամ «վրէժխնդիր կ՚ըլլայ անոնց» (հմմտ. Սղ 98.8), կ՚ըսէ Տէրը, որովհետեւ անմարդի ու վայրենամիտ դատաւորը բազմաթիւ մաղթանքներով [աղաչանքներով] հաւանեցաւ դառնալ իրաւունքին [այսինքն՝ այրիին դատը տեսնելուն], ինչքան աւելիով Աստուած, որ ամենադատն է, Ան որ պատրաստ է բոլորին տալ, այլ՝ այն միայն, որ արժանին կը խնդրենք Իրմէ, որ մեզի օգտակար ըլլայ եւ Անոր տալը՝ պատշաճ: Եւ արդ, խօսքին սկիզբը դրաւ, թէ «պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու» (Ղկ 18.1), եւ թէ՝ եթէ չէք հաւատար, թէ կ՚առնէք խնդրուածները, ձեզի օրինակ թող ըլլայ անիրաւ դատաւորը, որ բազմաթիւ խնդրանքներու ի պատասխան՝ կատարեց: Ապա այս միայն իրն է տալն ու վրէժխնդիր ըլլալը, որովհետեւ երկայնամիտ կ՚ըլլայ մեզի նկատմամբ, իսկ մեզի՝ կարճամիտ ըլլալը օրէնք չէ:

Սարգիս Կունդ կը գրէ.

Լսեցէք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը (Ղկ 18.6):

ԿՐ Այսինքն՝ միտքին դարձը, որ մշտապէս յիշատակելէն կ՚ըլլայ: Որովհետեւ աղօթքն ու անդադար յիշատակելը Աստուծոյ երկիւղը, անիրաւ միտքերը դարձի կը բերեն: Անընդհատ գալուն ու խնդրելուն համար անոր դատաստանը տեսաւ:

ԵՓ Այրիին համարձակութիւնը [անդադար խնդրելը] աւելի խիստ էր, որ երկուքն ալ խոնարհեցուց, եւ իր կամքին ետեւէն բերաւ այդ, յետոյ դառն անիրաւ եւ ոսոխի փոխեց ժտութիւնը: Եւ քաղցր պտուղ տը-ւաւ, որ անոնց համար օտար էր: Արդ, անոնց ուղիղ դատաստան ըրաւ եւ այրի կնոջ հատուցում ըրաւ:

ԻԳ Է՛, որովհետեւ անմարդի ու վայրենամիտ դատաւորը հաւանեցուցին բազմաթիւ մաղթանքները իրաւունքին գալու:

Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ Իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան (Ղկ 18.7):

Անոնք որոնք կը դարձի կու գան, Աստուած անոնց վրէժխնդիր կ՚ըլլայ, այսինքն՝ ձեռնատու կ՚ըլլայ առաքինասէր գործերու՝ առ ի ժուժկալութիւն, երբ կ՚աղաղակեն Անոր մշտական աղօթքներով ու պաղատանքներով:

Եփ. Իսկ Աստուծոյ արդարութիւնը պահանջել գիտէ, իսկ Աստուծոյ ողորմութիւնը կեցուցանել կը ճանչնայ: Թէեւ անոր անօրէնութիւնը հակառակ էր անոր արդարութեան իսկ անոր չարութիւնը հակառակ էր անոր ողորմութեան ու քաղցրութեան, ինչքա՞ն աւելի մենք կրնանք ժտութեամբ բռնադատել Աստուծոյ ողորմութիւնն ու արդարութիւնը: Որովհետեւ կու տայ անոնց իրենց բնութեան պտուղը, այսինքն՝ Անոր արդարութիւնը վրէժխնդիր կ՚ըլլայ մեզի սատանայէն ու Անոր ողորմութիւնը կը հանգստացնէ մեզ:

Սուրբ Իգնատիոս կը գրէ.

Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ (Ղկ 18.8):

Որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ բոլոր բարի գործերը, սպառուած, երկրէն կը պակսին եւ միայն աստուածգիտութիւնը կը մնայ, եւ այն՝ ոմանց համար, որովհետեւ ասիկա յիրաւի յայտնի կ՚ընէ, քանի որ նեռը գալով՝ այդ անբարի օրերը եւ իշխանութեամբ զօրացած ընդ կրօնից կը պատերազմի՝ վերցնելու համար զայն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 մարտ 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020