ՔԱՆՆԻ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Քաննի 73-րդ շարժանկարի փառատօնը քորոնաժահրի պատճառով յետաձգուած է։ Այսպէս, Քաննի 73-րդ շարժանկարի փառատօնը, որ պէտք է տեղի ունենար մայիսի 12-23 թուականներուն միջեւ, նոր տիպի քորոնաժահրի պատճառով պիտի չկայանայ մայիսին, ինչպէս նախատեսուած էր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին տեղեկացուցած է փառատօնի «Թուիթըր»ի պաշտօնական կայքէջը։

«Առողջապահութեան ոլորտի մէջ ճգնաժամի եւ զարգացող իրավիճակի պատճառով՝ Քաննի 73-րդ փառատօնը տեղի պիտի չունենայ մայիսի 12-23-ը», ըսուած է փառատօնի կազմակերպիչներու յայտարարութեան մէջ։

Անոնք տեղեկացուցած են, որ յետագայ գործողութիւններու համար մի քանի տարբերակ կը քննարկեն։ Անոնցմէ ամենակարեւորը փառատօնի յետաձգումն է մինչեւ յունիսի վերջ՝ յուլիսի սկիզբ։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020