ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՆ՝ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԵԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի պետութեան նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները տեղեկութիւններ փոխանակեցին Հայաստանէ եւ Իսրայէլէ ներս քորոնաժահրի վարակի տարածման առկայ վիճակին, համաճարակի կանխարգիլման ու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։

Իսրայէլ ունի աշխարհի լաւագոյն, զարգացած, յառաջացած, գիտահետազօտական նորարարութիւններու վրայ հիմնուած ժամանակակից բժշկութեան եւ առողջապահական համակարգերէն մին։ Նկատի ունենալով այս հանգամանքը՝ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ Իսրայէլի աջակցութիւնը թէ՛ մասնագիտական խորհրդատուութեան եւ թէ սարքաւորումներու պարագաներու առումով զգալի օժանդակութիւն կ՚ըլլայ Հայաստանի համար համաճարակի յաղթահարման գործընթացէն ներս։

Արմէն Սարգսեան եւ Ռէուվեն Ռիվլին համաձայնութեան հասան եւ այս հարցին շուրջ աւելի առարկայական ու մասնագիտական քննարկման նպատակով փութով հեռախօսազրոյց մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարներուն միջեւ։ Անհրաժեշտութեան պարագային կարիքները գնահատելու նպատակով տեսակապի միջոցաւ պիտի կազմակերպուի նաեւ մասնագէտներու ընդլայնուած քննարկում մը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հոլոքոստի ձօնուած 5-րդ միջազգային համաժողովին մասնակցելու համար Արմէն Սարգսեան մօտաւոր անցեալին այցելած էր Իսրայէլ եւ իր կեցութեան օրերուն ընդունուած՝ Ռէուվեն Ռիվլինի կողմէ։

ԱՖԷԵԱՆԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ նաեւ ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանի հետ, որու գլխաւորած կենսափորձագիտական ընկերութիւնը քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը արտադրելու վրայ է։ Այդ պատուանիւթի փորձարկումները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն նահանգի Սիէթըլ քաղաքի Kaiser Permanente առողջապահական հետազօտական կաճառէն ներս արդէն սկսած են։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Նուպար Աֆէեան անդրադարձաւ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի ստեղծման ու փորձարկման աշխատանքներուն։ Զրուցակիցները անդրադարձան աշխարհի վրայ եւ Հայաստանէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Անոնք խօսեցան նաեւ կանխարգիլման ու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցներուն եւ անոնց արդիւնաւէտութեան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ Հայաստանէ ներս համաճարակի տարածման կանխարգիլման ու յաղթահարման ուղղեալ առնուած քայլերը, նաեւ կարեւորեց ջանքերու համատեղումը եւ համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներու հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2020