«ԿՈՏՐԵԼԷՆ ԵՏՔԸ»
Այսօր եւս մեր շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապէ հատուած մը՝ «Կոտրելէն ետքը»։
Արդարեւ, կան հատուածներ, որոնք թուականի հաշուով որքան ալ «հին» համարուին, մշտանորոգ են, քանի որ անոնց մէջ կը գտնուի «կեանքի դաս»եր, կեանքի փորձառութիւններ։ Կեանքի դասը միշտ պէտք է մարդ արարածին, քանի որ կեանքը անվերջ դպրոց մըն է՝ ուր մարդ ի՛նչ տարիք, ի՛նչ դիրք եւ աստիճան ալ ունենայ, միշտ «ուսանող» է, եւ կեանքի մէջ միշտ սորվելիք նոր բաներ կը գտնուին։ Ահաւասիկ, այս իմաստով Գրիգոր Զօհրապի գրիչէն ելած հետեւեալ հատուածն ալ ամէն շրջանի, ամէնուրեք օգտագործելի «դաս»եր կը պարունակէ։
Արդէն ամէն գաղափար որ կը խօսի ամէն շրջանի մարդկային կեանքի, ամէն ատեն մարդ կը գտնէ օգտակար տարր մը անոր մէջ, ան մշտանորոգ է եւ օգտագործելի՝ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կարդալու արժանի «գործ» մը, կամ ըսենք՝ դասագիրքէ հատուած մը։
Ուրեմն այս մտածումներով հետեւինք Գրիգոր Զօհրապի «Կոտրելէն ետքը» հատուածին։
Ինչպէս միշտ, հատուածը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ, հաւատարիմ մնալով բնատիպին։
ԿՈՏՐԵԼԷՆ ԵՏՔԸ
Հաւկաւ ազնիւ յախճապակի էր այս սուրճի սկահակը իր պզտիկ պնակին մէջ, երբոր նուէր բերին ինծի օր մը։
Տուողը, բարեկամներէն մէկը, որուն պզտիկ ծառայութիւն մը մատուցեր էի, ըսաւ թէ չնչին բան մըն էր տուածը։
Ասիկա զատեր էր, որպէսզի սուրճս անոր մէջէն խմեմ եւ միշտ յիշեմ զինքը այս առթիւ։
Պարզ զարդի համար տեղ մը դրինք։ Քանի մը օր վերջը հոս ու հոն նետուեր էր. անգամ մը պզտիկ զաւկիս ձեռքը տեսայ, հետը կը խաղար ու ժամանակ կ՚անցնէր։ Օրին մէկն ալ ձեռքէն վար ինկաւ, հազար կտոր եղաւ։
Անցած օր անոր պզտիկ պնակը ձեռքս անցաւ, սրտի նեղութեան մէկ վայրկեանիս. նուրբ գծագրութիւններն ու գունագեղ կիտուածները կը զննէի։ Ստուգիւ գեղեցիկ արուեստի մը հրաշակերտն էր։ Յանկարծ, իրարու փաթթուած երկու տառեր նշմարեցի, վրան արքայական զինանշանով։ Ճիշդ դիմացի կողմը շրջանակին՝ միեւնոյն զինանշանը ու միեւնոյն սկզբնատառերը։
Այս տառերը Ֆրանսերէն Լ եւ Ֆ տառերն էին. եւ ահա լոյսը իսկոյն ծագեցաւ մտքիս մէջ։ Լուի Ֆիլիփի կը վերաբերէր այդ սուրճի սկահակը իր պնակով։
Ալ տարակոյս չկար, Ֆրանսայի թագաւորինն էր անիկա. իր զարդարուն ու նրբակերտ շինուածքը բաւելու էր արդէն՝ մէկ նայուածքով ճշդելու թէ ան սովորական մահկանացուի յատուկ բան մը չէր կրնար ըլլալ։
Եւ հիմա որ կոտրած, փշրուած էր այդ խեղճ սկահակը, որուն արժէքը չէի կրցած ըմբռնել, երբոր տարիներ մնացեր էր քովս, ձեռքիս տակ, հիմա որքա՜ն կը զղջայի ըրածիս վրայ, որչա՜փ կը կշտամբէի ինքզինքս՝ քիչ մը հոգ եւ ուշադրութի՛ւն չտանելուս համար թանկագին բան մը հասկնալու եւ պահպանելու։
Բարեկամութիւններն ալ ատանկ են շատ անգամ, ամենադոյզն արժէք մը՝ չենք տար այն սրտերուն, որոնք յօժար ու լուռ հաւատարմութեամբ մը մեզի կը սպասեն, եւ հարկ է որ այդ սրտերը խորտակուին, որպէսզի կորուստին մեծութիւնը կարենանք զգալ եւ չափել։
Այսպէս պատահեցաւ իմ սուրճի սկահակիս համար ալ։ Ճանչցայ… կոտրելէն ետքը։
ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ
***
Մարդիկ, ընդհանրապէս բան մը կորսնցնելէ ետք անոր արժէքը կը հասկնան. ահաւասի՛կ, այս է Գրիգոր Զօհրապի մեզի յիշեցուցած ճշմարտութիւնը, եւ կամ տուած դասը՝ իր իսկ փորձառութեամբ։ Բայց կան պարագաներ՝ ուր զղջալը որեւէ օգուտ չ՚ունենար, քանի որ կորսուածը այլեւս ետ չի դառնար, զայն գտնել անկարելի կ՚ըլլայ։ Որեւէ բանի մը արժէքը հասկնալու համար անոր կորուստին սպասել՝ մարդկային տկարութիւն մը, թերութիւն մըն է։ Եւ եթէ մարդիկ, մանաւանդ կեանքի մէջ ներկայացած բարեպատեհ առիթներուն կենսական արժէքը գիտնային, անդրադառնային անոնց կարեւորութեանը, շատ աւելի երջանիկ կեանք մը պիտի ունենային…։
Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Գրիգոր Զօհրապ, բարեկամութիւններն ալ այդպէս են, անոնց արժէքը շատ անգամ կը հասկցուի, երբ անոնք որեւէ կերպով բացակային մեր կեանքէն։ Իսկական բարեկամը միշտ հաւատարիմն է բարեկամութեան. մասնակից թէ՛ ուրախութիւններու, թէ՛ տխրութիւններու։ Արդարեւ ճշմարիտ բարեկամին արժէքը կը հաս-կըցւի անոր բացակայութեան միջոցին, որովհետեւ ճշմարիտ բարեկամը ապաւէն մըն է մարդուս՝ յոյս մը՝ որ կ՚աճի սիրոյ մէջ։
Եւ ուրիշ դաս մըն ալ. տրուած նուէրներուն նիւթական արժէքին առանց նայելու պէտք է խնամք եւ հոգ տարուի՝ անոնց բարոյական արժէքը նկատի ունենալով, եւ յարգելով նուէրը տուողին բարի եւ անկեղծ զգացումները։
Նուէրը, որովհետեւ կը ներկայացնէ նուէրը տուողին անձը եւ բարեկամական զգացումները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 20, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024