ԱՇՈՒՂ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԲԵՐԴԱԿՑԻ
Միջնադարեան աշուղներէն է Սարկաւագ Բերդակցի, որուն ո՛չ ծննդավայրը յայտնի է եւ ոչ ալ կեանքը։ Բանասէր Կ. Կոստանեան այս աշուղին գեղեցիկ մէկ տաղը գտած է՝ 1617 թուականին գրուած տաղարանի մը մէջ։ Այդ տաղը խաղողի եւ գինիի փառաբանութիւնն է եւ հեղինակը՝ հաւանաբար կղեր մը ըլլալուն համար, իր գինիի ջատագովութիւնը պարտկելու համար «Ես հաղորդութեան գինիի ասեմ» բռնազբօսիկ խօսքը կը փակցնէ տաղին վերջը եւ կը ջանայ իր կրօնաւորի ժուժկալութիւնը ապացուցանել։ Այդ տաղը թէ՛ ներդաշնակ դասաւորումի եւ թէ՛ ժողովրդական շարժառիթի եւ նմանութիւններու տեսակէտէ, արժանի՛ է նկատողութեան։
Ահաւասիկ քանի մը համարներ՝ հատուածներ։
Խաղող ըզքեզ գովել պիտի, բոլոր պտղովդ ես հաւասար,
Զի դու միայն ես գեղեցիկ, ամէն պտղոյ թաճ ու ըզվար։ (=թագ ու պսակ)
Թելդ քաշած է յոսղւոյն մէջէն, դու մարգարիտ ոսկին շարած,
Քու մէկ պտուղդ աժէ (=կ՚արժէ) ճուհար, տպագիոն, ակն ու գոհար։
Ազգ մի թուխ, ազգ մի սպիտակ (=տեսակ մը), ազգ մի կարմիր, որ լուս կուտար,
Ազգ մի դեղին՝ խունկի նըման, անուշահոտ, մուշկ ու ամպար,
Դու ի դրախտէն մեզ արմաղան (=նուէր) ի յԱրարչէն պարգեւեցար
Հոտով անուշ, գինւով յիմար, մարդիկս սիրովն որ յագենայր։
… Թագաւորաց սիրտըն բանաս (գինիի կ՚ակնարկէ) եւ տէր առնես քաղքի հազար,
Թէ ունէր ան հազար չարկամ (=թշնամի), նա քո սիրովն մոռանար
Թէ բարկացեր լինի մարդոց, կամ խոցե՜լ զինքըն դիժար (=խիստ)
Յորժամ խըմէր կութ մը քենէ, բաշխէր զամէնն եւ հաշտենայր։
Յորժամ խըմէ աղքատն քենէ, որ զհացն ու ջուր մուրանայր,
Նաեւ լինի տէր աշխարհիս, արարածոցս պատսպար,
Յորժամ խըմէ կոյրն քենէ, որ ի մորմէն ծներ խաւար
Հանց քաղաքաց տայր մեկնութիւն, զորս չէ տեսեր, չունի խապար։
Յորժամ խըմէ մունճն ի քենէ, որ լեզուէն քամ (տկար) ու տկար,
Զերթ (=պէս, նման) ըզթութակ առնու լեզու, մասխարանայ (=միմոսանայ) քան զդիւահար։
… Զքեզ տանին գեղ, եւ ի քաղաք, վանք, անապատ եւ յագարակ,
Այն տեղն որ դուն չի գտնուիս, ո՛չ ժամ լինի, ո՛չ պատարագ.
Ո՜վ սարկաւագ Բերդակացի, դու ի գինւոյն ի՞նչ շահեցար.
Այնչա՞փ ունիս սէր հետ գինւոյ, որ գովեցիր սըրտովդ յօժար։
- Գէմ (գէթ) ես չունիմ գինւոյ կարիք, ես բաժակին (սկիհ) եմ խըզմէթքար (=ծառայ),
Ես ըզբաժակն գովեցի, որ մեր հոգւոյն է լուսարար։
ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԲԵՐԴԱԿՑԻ
ԺԶ դարուն ապրած ուրիշ աշուղ մըն է նաեւ Ղազար Սեբաստացի, հաւանաբար քահանայ մը։ Իրմէ սիրային տաղ մը գտնուած է կրկին 1617-ին գրուած տաղարանի մը մէջ, ուր իր սիրուհին կը նկարագրէ բոցավառ յուզումով մը եւ կը խօսի անոր արեւի եւ լուսնկայի ոգեկոչումով։ Իր այս տաղը լի է արեւելեան վառ եւ տրոփուն զգացումներով, երբ կը դրուատէ իր սիրականին ծով աչքերը, դէմքը, ատամները, շրթունքն ու յօնքերը։ Այրող մրրկող սրտի մը անզուսպ եւ յուզիչ պոռթկումն է այս երգը՝ զոր կը վերջացնէ յուսահատական տուներով եւ «մեղայ»ներով։
Քանի մը տուներ իր «ԾՈՎ ԱՉՔ» տաղէն։
Ծով աչք, ա՜խ, քանի նայիս խոլորով (=սրտնեղած)
Գաս նստիս, զաչերդ ածես խնճերով (=դաշոյն)
Երբոր գաս, անցնես, ճեմես նազերով,
Տանես շունչս ու խելքս ու հոգիս ճորով։
*
Երեսդ է կարմիր քան զխայտ խնձոր,
Բերանդ է փոքրիկ, դնչիկդ է բոլոր,
Դեղձան մազդ առեր քո վըզիդ ոլոր,
Քու սէրըդ առեր զիս շոլոր մոլոր։
*
… Շիրին (=քաղցր) է լեզուդ որ կը բարբառէ,
Այդ սիրուն երեսդ որ զիս կը խոցէ.
Մէկ խօսքդ բոլոր քաղաք մը կ՚արժէ
Զէրա (=քանի որ) քեզ նման իսկի ծնեալ չէ։
*
Մազերդ փայլուն զէտ (=պէս) ծիծռկան թեւ (=ծիծեռնակ)
Յունքերդ է քաշած զէտ խայալի թեւ (=պարիկ)
Աչքերդ են պայծառ զէտ ոսկի կանթեղ
Շրթունքդ է բարակ զէտ աղեղան թեւ։
*
… Բարակ նայելուդ ա՛լ չեմ դիմանար
Սիրտս կու ճեղքեմ, արիւնս քեզ հալալ.
Կամ կ՚երթամ կ՚ընկնիմ, ես ծովերն ի վայր.
Ինձ ճարակ մ՚արա, քո՜ւ հոգուդ համար։
*
… Քանի՜ ախ քաշես, ա՜յ խեղճիկ Ղազար,
Քանի որ հասար, իսկի չի հանգան (=անօգո՜ւտ ամէն բան)
Գիշեր ու ցորեկ սիրով վառեցար,
Տէ՜ր, մեղա՛յ ասա, գընա՛, նսիտ ի վայր…։
ՂԱԶԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
Սկզբնաղբիւր.- «Ակնարկ մը միջնադարեան հայ աշուղներու վրայ» Նշան Պ. Սաաթճեան, Ալեփօ գօլէճ, Հալէպ, 28 օգոստոս 1954։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 20, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024