ՄԱԿ. «ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱՆ»
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 75-ի։ Երէկ, 16 հիւանդ զոհ գացած է համաճարակի եւ ըստ վերջին տուեալներուն՝ վարակուածներու թիւն ալ հասած է 3 հազար 629-ի։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր առմամբ 7 հազար 286 քննութիւն կատարուեցաւ։ Նմոյշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1196 նոր վարակեալ։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ բոլորը յամառօրէն կը հրաւիրէ նախազգուշական միջոցները գործադրելու։
ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ
Երբ համաճարակը ամբողջ աշխարհի մէջ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած է, միջազգային աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկրագունդի վրայ վարակուածներու թիւը գերազանցած է կէս միլիոնի սահմանը։ Աշխարհի վրայ համաճարակի զոհերու թիւն է՝ 23 հազար 584։ Այս պահու դրութեամբ 122 հազար 58 հոգի ալ բուժուած է։
Ներկայ պայմաններով՝ երկրագունդի վրայ աւելի քան 3 միլիառ հոգի դատապարտուած է բնակարաններէն դուրս չգալու։ Այս իրավիճակին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, քորոնաժահրի համաճարակը կը սպառնայ ամբողջ մարդկութեան եւ համայն աշխարհ պարտաւոր է պայքարելու անոր դէմ։ Ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ կլոպալ շարժումներն ու զօրակցութիւնը ունին կենսական նշանակութիւն, որովհետեւ երկիրներու առանձին պայքարը անբաւարար պիտի մնայ։ Կութերես զգուշացուց, որ համաճարակը կը տարածուի դէպի այն երկիրները, որոնք հակամարտութիւններու, բնական աղէտներու եւ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով կը տուժեն։ Ուստի, Կութերես փափաք յայտնեց, որ զարգացած երկիրները 2 միլիառ տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութեան առարկայ դարձնեն այդ գօտիները։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մարդիկ կ՚ապրին գաղթականաց նեղ ճամբարներու մէջ, ուր ջուր եւ օճառ չունին իրենց ձեռքերը լուալու համար։ Վարակուելու պարագային անոնց հասանելի հիւանդանոցներ ալ պիտի չըլլան, ոչ ալ շնչառութեան սարքաւորումներ։ «Եթէ մենք վճռակամ ձեւով շարժման չանցնինք, ապա կը վախնամ, թէ համաճարակը պիտի հասնի ամենախոցելի երկիրները, պիտի շարունակէ տարածուիլ երկրագունդի վրայ՝ առանց սահմանները նկատի առնելու եւ աշխարհի մնացեալն ալ վտանգելով», ըսաւ Կութերես։
Միւս կողմէ, քորոնաժահրի դէմ պայքարի համար ձեռք առնուած խիստ նախազգուշական միջոցները յառաջիկայ շրջանին պատճառ կրնան դառնալ համաշխարհային սովի մը։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները կը զգուշացնեն, որ նուազած գործուժը հիմնական ազդակ մը կրնան դառնալ այս ուղղութեամբ։ Արտերէ ներս թէեւ հունձքի ժամանակը հասած է, սակայն սահմանափակումներու հետեւանքով բանուորները հեռու են հնձման աշխատանքներէն։ Երկիրները ներկային կը փակեն իրենց սահմանները, ինչ որ կը նշանակէ մաքսերու եւ արտածումներու պարագային սահմանափակում։ Այստեղ խօսքը շաբաթներու մասին է։ Ազատ առեւտուրի դէմ սահմանուած արգելքները հակառակ ազդեցութիւն պիտի գործեն։ Ուստի, այս կանխատեսումներու առընթեր մասնագէտները յարմար կը նկատեն, որ առեւտուրը չսահմանափակուի, այլեւ՝ աշխարհի վրայ սննդամթերքի շրջանառութիւնը պահպանութեան տակ առնուի։