ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՉ-ԻՍԼԱՄ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ ՄԻԱԿՆ Է, ՈՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԱԾ Է ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ

Հասարակութիւններէ ներս ճակատագրակից ըլլալու հասկացութիւնը կը բիւրեղանայ՝ ուրախութիւնները կամ տխրութիւնները բաժնելու հասարակաց յայտարարին վրայ։ Պարզ է, որ ուրախութիւններու պարագան աւելի հարթ է, որովհետեւ դրական առիթով, լաւ պահու մէջ մարդիկ կամ հասարակութիւնները սովորաբար չեն մնար առանձին։ Հապա վա՞տ պահը… Տխրութեան, ցաւի, դժուարութեան պահը անշուշտ շատ աւելի լուրջ է եւ շատ աւելի յատկանշական։

Այսօր մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ քորոնաժահրի համաճարակը։ Սա սովորական դժուարութենէ մը շատ աւելին է։ Սա փորձանքի մը համազօր մեծ մարտահրաւէր մըն է, որուն կը զուգորդուի նաեւ անորոշութիւնը։ Համաճարակի մահաբեր ըլլալուն համազօր, կործանիչ հանգամանք մըն է անոր զուգորդած անորոշութիւնը։ Նախ եւ առաջ, ժամկէտի վերաբերեալ անորոշութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Ոչ ոք գիտէ, թէ այս մղձաւանջը տակաւին որքան պիտի շարունակուի։ Ուշ կամ կանուխ, այս համաճարակի անցնելէն վերջ ինչպիսի՞ համայնապատկեր մը պիտի պարզէ երկրագունդը։ Անորոշութեան խնդիրը առանցքային է, որովհետեւ կը պայմանաւորէ մարդկութեան ամբողջ հոգեվիճակը, տրամադրութիւնն ու վճռակամութիւնը՝ համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին։ Ի վերջոյ, մարդ արարածը միսէ ու ոսկորէ կազմուած է, իր հիմնական առանձնայատկութիւնն է զգացումներ ունենալը եւ այդ բոլորը ներկայ թէժ պահուն կրնան ազդեցութիւն գործել իր տրամաբանութեան վրայ։ Այս պահուն մարդիկ միասնական են՝ համաճարակը յաղթահարելու եւ զուգահեռաբար անորոշութեան ալ վերջ տալու ձգտումին մէջ։ Համաճարակի եւ անորոշութեան յաղթահարման միջոցաւ երկրագունդի վրայ պիտի ստեղծուի բոլորովին նոր իրադրութիւն մը։ Աշխարհ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ՝ քորոնաժահրի համաճարակին նախորդածին նման։ Համաճարակը այսօր թէեւ համամարդկային աղէտ մըն է, սակայն, ամէն մարդ ստիպողաբար, գործին բնոյթին բերումով անոր կը դիմագրաւէ իր նեղ շրջանակին մէջ։ Իւրաքանչիւրի փոքր աշխարհն ալ նոր պատկեր մը պիտի պարզէ համաճարակէն վերջ։ Եւ այդ նոր համայնապատկերի ձեւաւորման ժամանակ անպայման պիտի յիշուի իւրաքանչիւրի ստանձնած դերը, ցուցաբերած դիմադրութիւնը եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը՝ համաճարակի դէմ պայքարի պահուն։

Այս մե՜ծ երեւոյթներու լոյսին տակ պահ մը ուշադրութիւն կեդրոնացնենք մեր փոքր ածուին վրայ։ Միթէ թրքահայութեան նուա՞զ բաժին կը վիճակի համաճարակի դժուարութենէն եւ ծանր հոգեբանութենէն։ Ո՛չ, անշուշտ։ Մեր համայնքն ալ այս պատուհասին դիմաց կը ջանայ մնալ կանգուն։ Եւ այս իրավիճակին մէջ ահա՛ մեր առջեւ յոյսի, լաւատեսութեան պատուհան մը կը բացուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցով։ Սա մեր ամենամեծ բարենպատակ հաստատութիւնն է, որ այսօր հերթական անգամ իր առաքելութիւնը, իր գոյութիւնը կ՚արդարացնէ՝ նախախնամական քայլերով։ Արդարեւ, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու շարքին հայկականը միակն է, որ ծառայութիւն կը մատուցէ՝ որպէս համաճարակի հիւանդանոց։ Մեր համայնքի անդամները անբաղձալի հաւանականութիւններու դէմ կրնան քիչ մը աւելի ապահով զգալ՝ թէեւ առողջապահութեան հրատապ ծառայութիւնները անշուշտ պատկանելիութեան առաջնահերթութիւններով չեն մատուցուիր։ Բայց եւ այնպէս, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի այսօր հասած մակարդակը կու գայ որոշ չափով փարատել մեր համայնքի անդամներու անտէրութեան զգացումը, յոռետեսութիւնը՝ հաւանական վարակի մը պարագային։

Աւելի՛ն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը կը շարունակէ անխտիր բոլորի դարմանման հասնիլ՝ տագնապելով իրեն վստահած բոլոր հիւանդներու առողջութեան, բժշկումին համար։ Սա մարդասիրական մեծ առաքելութիւն մըն է եւ համաճարակի յաղթահարումէն վերջ ստեղծուելիք նոր մթնոլորտին մէջ անպայման պիտի արժեւորուի հասարակութեան կողմէ։ Ազգային հիւանդանոցին այսօր տեսած գործը յաջորդ քայլափոխին մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած հոգաբարձութեան տեսիլքով՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը վերջին տարիներուն ինքզինք գերազանցելով, մեծ ոստումներ արձանագրելով հասած է այսօրուան դիրքին։ Ան համաճարակի դէմ պայքարի համար առաջնագծի վրայ է եւ իբր այդ՝ առաջնագծի վրայ է նաեւ թրքահայութեան նոր ապագայի ճանապարհին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2020