ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՍԱԿԱ՛ՐԿ
Տիկնոջ մը մասին զուարթ պատմութիւն մը կը պատմուի, թէ օր մը նախաճաշի ընթացքին նամակ մը կը կարդար։ Ան, կարդալու միջոցին ուտելը յանկարծ դադրեցնելով, կասկածի իմաստալից նայուածքով իր ամուսինին կ՚ըսէ. «Գէորգ, այնպէս կ՚երեւի թէ մայրդ մեզի այցելութեան պիտի չգայ»։ Ամուսինը զայրոյթի շեշտով մը կը հարցնէ. «Այդ ի՞նչ ըսել է որ պիտի չգայ մայրս»։ Եւ կը շարունակէ. «Հրաւէրի նամակը գրեցիր չէ՞ եւ ըսիր թէ իրեն յարմար որեւէ օր կրնայ գալ եւ ուզածին չափ ալ երկար մնալ, այնպէս չէ՞…»։ «Այո՛», կը պատասխանէ կինը. «Նամակը գրեցի. բայց փոխանակ - յարմար ատեն - մը ըսելու, - քու հաշւոյդ համաձայն եկո՛ւր - ըսի»։
Արդարեւ, անկեղծ հրաւէրներ պէտք է ըլլան անսակարկ, եւ ո՛չ թէ «հաշիւի համաձայն», անոնք պէտք է ըլլան առանց վերապահութեան։
Եւ այս իմաստով, ահաւասիկ, Քրիստոնէական հաւատքի մէջ սակարկութիւն, վերապահութիւն գոյութիւն չունի՛. «քու հաշւոյդ», կամ «եթէ հաշւոյդ գայ», «պարագաներուս յարմարի՝ կ՚ընդունիմ» կամ «կը հաւատամ» չկա՛յ։ Քրիստոնէութիւնը հաշիւով չէ՛ երբեք։
Քրիստոնեան «Չար»ին հետ, այսինքն Սատանային հետ հաշիւի չի նստիր իր հոգւոյն համար. անոր համոզիչ եւ «իմաստուն» դաւերէն տարուելով, մի գուցէ չի կորսնցներ իր հոգւոյն ազատութիւնը։
Ուստի, Աւետարանին պատգամը սա է. «Մարմնաւոր եղողները մարմինին բաները կը մտածեն եւ հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները»։ Եւ այս իմաստով, «մեղաւոր մարդ»ուն միտքն ու խորհուրդները մա՛հ են, բայց այն միտքն ու խորհուրդները, որոնք հոգիով կը կառավարուին, խաղաղութիւն եւ կեանք են։ Քանի որ մարմնով եղողներ չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ. «Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ՚ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է։ Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ. մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն։ Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ։ Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (ՀՌՈՄ. Ը 5-8)։
Զարմանալի է, թէ ինչո՞ւ մարդիկ ընդհանրապէս աւելի մահը կ՚ընտրեն, քան կեանքը եւ խաղաղութիւնը, գիտնալով թէ՝ «մարմնաւոր խորհուրդը մա՛հ է, եւ հոգեւոր խորհուրդը կեանք եւ խաղաղութիւն, եւ թէ մարմնաւոր եղողներ չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ»։
Սա բացայայտ է, որ մարդ արարածին սրտին խորքը ծածուկ, գաղտուկ եւ քօղարկուած անկիւն մը գոյութիւն ունի, ուր Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան հոգին բոյն է գտած։
Իբր արարած, բան մը կայ մարդուն մէջ, որ տակաւին «արգիլուած պտուղ»ը կը ցանկայ՝ պտուղը որ տակաւին կը շարունակէ բուռն պայքար մը մղել Աստուծոյ դէմ եւ Անոր պատուիրաններուն դէմ։ Մարդուն մէջ քօղարկուած փափաք մը կայ, որ զայն կը մղէ խաւարը ընտրել, քան լոյսը, պայքարը ընտրել, աւելի քան կեանքը եւ խաղաղութիւնը։ Եւ ի վերջոյ մա՛հը ընտրել աւելի քան կեանքը։
Ահա ա՛յս է արմատական հարցը Եդեմի պարտէզին մէջ՝ զոր կը մարտնչէին Ադամն ու Եւան։
Սվետլանան՝ Ժօզէֆ Ստալինի դուստրը կը պատմէր իր հօր մահուան մասին՝ թէ Ստալին իր մահուան մահիճին մէջ վերջին շունչը կը հեւար. յանկարծ աչքերը լայն բացած, կը շտկուի եւ կը նստի մահիճին մէջ ու իր բռունցքը պինդ՝ զայն րոպէ մը ուղղահայեաց դէպի Աստուած բռնելէ ետք, կ՚իյնայ բարձին վրայ եւ շնչահեղձ կը մեռնի։
Սվետլանան համայն աշխարհի հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ հայրը այսպէս արտառոց կերպով մեռաւ։
Շիտակ է որ Աստուծոյ ջաղացքը թէեւ կամաց կը դառնայ, սակայն շատ մանր կ՚աղայ։ Եւ ամէն մարդ իր ենթագաւիթին մէջ տակաւին լռելեան, ծպտեալ պայքար մը ունի Աստուծոյ դէմ։ Անկեղծ ըլլալու համար, Քրիստոնէութիւնը գոց եւ պինդ բռունցք չէ, այլ բաց ձեռք՝ տալու, օգնելու եւ ծառայելու, Տէրը փառաւորելու, սիրելու դրացին եւ նաեւ թշնամին։ Բռունցք ձեռքերով կարելի չէ գրկել մերձաւորները։
Արդարեւ, մարդ չի կրնար փրկուիլ բռունցք բարձրացնելով՝ գոց եւ պինդ ձեռքերով, այլ բաց ձեռքերով որ կը խոստովանին իրենց անկեղծութիւնը եւ հաւատարմութիւնը մեծ Բարեկա՛մին, Արարչին, եւ Նախախնամին հանդէպ։
Սրտախտի հիւանդ մը, սրտի մասնագէտ բժիշկին կը ներկայանայ քննութեան համար։ Բժիշկը երկու տեսակ դեղեր տալով, կ՚ըսէ հիւանդապահուհիին որ տանի եւ բացատրէ։
Հիւանդին ափը տուփերով լեցուած կը ներկայանայ հիւանդապահուհիին, բացատրութիւն ստանալու համար։
Հիւանդապահուհին զանոնք կը բացատրէ ըսելով. «այս կլորը ետեւը կեղուելով, վեց ժամը մէկ հատ կուրծքիդ վրայ փակցուր, եւ այս դեղահատերէն ալ օրական երկու հատ, մէկը նախաճաշին, իսկ միւսը իրիկունը քնանալէ առաջ։
«Երկու շաբաթ ետք դարձեալ եկուր, որպէսզի բժիշկը քննէ»։
Երկու շաբաթ ետք, հիւանդը ներկայանալով բժիշկին, գանգատի ձեւով կ՚ըսէ, թէ՝ դեղերէն մին շատ նեղութիւն տուած է։ Բժիշկը զարմացած կը հարցնէ, թէ՝ ո՞ր մէկն էր ան։ «Սա փակցնելիքը. հիւանդապահուհին ըսաւ թէ, վեց ժամը ասկէ հատ մը կուրծքիս փակցնեմ։ Կուրծքիս վրայ տեղ չմնաց եւ ափս տակաւին լեցուն է անոնցմով», կը պատասխանէ հիւանդը։
Բժիշկը կը հրամայէ, որ անմիջապէս շապիկը հանէ. եւ ի՜նչ տեսնէ, փոխանակ հինը հանելով անոր տեղ նորը դնելու, հիւանդը ամէն վեց ժամը հատ մը հինին վրայ փակցնելով, ալ տեղ չէր մնացեր նորը դնելու…։
Պատուէր մը լսել չի բաւեր, այլ պէտք է լա՛ւ հասկնալ, որպէսզի արդիւնաբեր ըլլայ ան. ուստի լսել եւ իմանալ՝ հասկնալ անբաժա՛ն են եւ պատուէրը կ՚ամբողջացնեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 21, 2020, Իսթանպուլ