«ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ»
Մեծ պահոց շրջանի վեցերորդ կիրակին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան հայրերը կոչած են՝ «Գալստեան»: Գալստեան անուանումը մեզի կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին կրկնակի գալուստները աշխարհ. առաջին գալուստը՝ որպէս մարդ, որպէս զոհ, որպէս պատարագ Հօր Աստուծոյ, երբ մեր մեղքերը Իր ուսերուն վրայ առնելով խաչ բարձրացաւ՝ մեր պարտամուրհակը վճարեց ու մեզ վերստին Աստուծոյ որդեգիր դարձուց: Իսկ երկրորդ գալուստին պիտի գայ որպէս Տէր եւ Դատաւոր, դատելու համար ողջերն ու մեռելները, արդարները՝ յաւիտենական երանութիւն, իսկ մեղաւորները՝ յաւիտենական տանջանք տանելու համար:
Արդարեւ, Տիրոջ առաջին գալուստը մարդոց համար յայտնի եղաւ, երբ ժամանակի ընթացքին Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, որպէս մարդ ծնաւ այս աշխարհին մէջ, երեսուներեք տարիներ ապրեցաւ, Իր կեանքի վերջին երեք տարիներուն ընթացքին կատարեց Իր փրկագործական ծրագիրը՝ որու համար եկած էր աշխարհ, եւ մարդոց տուաւ այն բարի լուրը՝ աւետիսը, որ դարձեալ պիտի գայ: Իսկ երկրորդ գալուստին օրը մարդոց համար անյայտ է. այս մասին նոյնիսկ մեր Տէրը խօսեցաւ, ըսելով. «Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը» (Մտ 24.36). եւ՝ «Արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը ե՛րբ կու գայ: Այս ալ գիտցէք, որ եթէ տանտէրը գիտնար՝ թէ գողը ո՛ր ժամուն պիտի գայ, արթուն կը մնար եւ թոյլ չէր տար, որ գողը պատը քանդելով տունը մտնէ: Այս պատճառով, դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ» (Մտ 24.42-44):
«Գալստեան կիրակի»ին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան հայրերը կարգաւորած են, որպէսզի այս օր հետեւեալ Աստուածաշնչական ընթերցումները կատարուին. Եսայիի մարգարէութենէն 66-րդ գլուխին 1-24 համարները: Պօղոս առաքեալին Կողոսացիներուն ուղղած նամակէն 2-րդ գլուխի 8-րդ համարէն 3-րդ գլուխի 17-րդ համար: Իսկ Մատթէոսի Աւետարանէն 22-րդ գլուխի 34-րդ համարէն 23-րդ գլուխի 39-րդ համար:
Այստեղ գրաբարէ թարգմանաբար ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ հատուածներ՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի մեր Տիրոջ Քրիստոսի գալուստին եւ վերջին դատաստանին մասին գրած քարոզներէն՝ իր «Ամառան» հատորէն, էջ 626-643:
•Եւ արդ, Քրիստոսի երկրորդ գալուստին մասին հինգ բան գիտելի է:
Նախ, թէ այդ օրը մարդոցմէ անգիտելի է:
Երկրորդ, Նեռի գալուստին մասին:
Երրորդ, գալուստի նշաններու մասին:
Չորրորդ, փողի ձայնի մասին:
Հինգերորդ, Քրիստոսի դատաստանին մասին:
•Իսկ եթէ մէկը հարցնէ, թէ Քրիստոս ինչո՞ւ չյայտնեց այդ օրը: Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ երեք պատճառով:
Առաջին՝ որպէսզի երկիւղ ունենանք, զգոյշ մնանք եւ միշտ բարեգործութիւն ընենք, որպէսզի բազմաթիւ վարձք ստանանք, քանի որ եթէ ոեւէ մէկը գիտնար այդ օրուան մասին՝ բազմաթիւ չարիքներ կը գործէր, եւ երբ այդ օրը մօտենար՝ կ՚ապաշխարէր, իսկ այժմ երկու բան մեզ կը վախցնէ: Մէկը՝ որ մեր մահուան օրը չենք գիտեր, իսկ միւսը՝ Քրիստոսի գալուստի օրը. երկուքն ալ յայտնապէս գիտենք, որ պիտի պատահին, սակայն չե՛նք գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի պատահին, որպէսզի պատրաստ ըլլանք. Տէրը կ՚ըսէ. «Դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ» (Ղկ 12.40):
Երկրորդ պատճառ՝ չյայտնեց մարդոց անհոգութեան պատճառով, որովհետեւ Քրիստոսի առաջին գալստեան ժամանակը յայտնի էր Սուրբ Գիրքերէն, սակայն մարդիկ ծուլցան ու չկրցան գիտնալ. Քրիստոս նախատեց զանոնք՝ ըսելով. «Կեղծաւորներ, երկինքի ու երկրի երեսը քննել գիտէք, իսկ այս ժամանակները ինչպէ՞ս չէք քններ» (հմմտ. Մտ 16.3): Իսկ երբ Քրիստոս եկաւ՝ չընդունեցին զԻնք, այլ՝ նախատեցին ու նախատանքով՝ սպաննեցին. այդ պատճառով երկրորդ գալուստը ծածուկ պահեց մարդոցմէ, որպէսզի յանկարծակի հասնի անոնց գլուխին վրայ: Սակայն, չի՛ կամենար երկրորդ գալուստը ծածկաբար ընել, այլ՝ բազմաթիւ հրեշտակներով ու փառքով, որպէսզի բոլորն ալ երկիւղ ունենան Անկէ:
Երրորդ պատճառ՝ որովհետեւ թէեւ Աստուած բազմաթիւ բաներ բաշխած է մարդոց ցեղին, սակայն տարբեր է այն ինչ որ իշխանութեամբ դրաւ, որպէսզի երեւի թէ Աստուած է. Աստուած ստեղծագործութեան սկիզբը Յիսուսին տուաւ Իր ձեռքով, քանի որ միայն Ի՛նքը ստեղծեց եւ ո՛չ ոք օգնեց Անոր, ո՛չ հրեշտակներէն եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ. Սակայն կատարածը Յիսուսին տուաւ Իր իշխանութեամբ, որովհետեւ միայն Ի՛նք գիտէ, ու ո՛չ ոքի յայտնեց, ինչպէս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Դուք չէր կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը Իր իշխանութեամբ որոշած է» (Գրծ 1.7):
•Ո՜վ մեղաւոր, ո՞ւր պիտի փախիս. պահուըտելու հնար չկայ. եթէ յայտնապէս երեւաս՝ չես կրնար համբերել: Եւ արդ, ո՞ւր պիտի փախիս, երկի՞նք՝ ո՛չ, որովհետեւ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Եթէ երկինք ելլեմ՝ Դուն հոն ես. եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ՝ ահա Դուն հոն ես» (Սղ 139.8): Եթէ հրեշտակներուն ապաւինիս քեզ պահելու համար՝ յանձն չեն առներ, որովհետեւ հիմա կը պահեն, իսկ այն ատեն մեղաւորներէն պիտի փախչին: Եթէ սուրբերուն ապաւինիս՝ պիտի չընդունին, որովհետեւ ողորմութեան ժամանակը անցած է ու դատաստանի ժամանակը հասած է, ինչպէս Դաւիթը կ՚ըսէ. «Երբ դատաստան ընեմ՝ ուղիղներն ալ պիտի դատեմ», այսինքն՝ ո՛չ միայն յայտնի չարերը պիտի դատեմ, այլ՝ անոնք, որոնք մարդոց առջեւ ուղիղ կ՚երեւին. «Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է» (Ղկ 16.16):
•Ինչպէս որ Աստուած ամենակարող է ստեղծելուն մէջ եւ ամենողորմ շնորհելուն մէջ, նոյնպէս ալ ճշմարիտ ու արդար է հատուցանելու: Որովհետեւ արդարապէս արդարներուն բարիներուն բարիք կը հատուցէ, նոյնպէս ալ չարերուն՝ տանջանքներ եւ պատիժներ արդարապէս կը հատուցէ: Եւ չարերուն այս հատուցումները՝ կամ այստեղ մարմինով է եւ ժամանակաւոր, կամ ալ այնտեղ հոգիով եւ՝ յաւիտենական: Ինչի մասին աստուածային բերանը կ՚ըսէ, թէ՝ «Իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ, որը ձեր վրայ պիտի բորբոքի» (Եր 15.14): Արդ, նախ եւ առաջ պէտք է գիտնալ, թէ Աստուծոյ մէջ բարկութիւն չկայ, եւ ո՛չ դառնութիւն եւ ո՛չ ալ սրտմտութիւն, այլ՝ Աստուած ամբողջութեամբ բարութիւն է, քաղցրութիւն է եւ ողորմութիւն: Յայտնի է այն խօսքէն, որ կ՚ըսէ. «Իմ բարկութենէ կրակ վառեցաւ»: Չ՚ըսեր Իմ էութենէս եւ կամ թէ Իմ կամքէս: Որովհետեւ Աստուծոյ էութիւնն ու կամքը բարի է եւ զուտ ու պարզ առանց ոչինչ խառնուածի. որովհետեւ «լաւ ծառը գէշ պտուղ չի կրնար տալ» (Մտ 7.18): Այլ, երբ Աստուած կը բարկանայ, այն է՝ թէ մենք մեր գործերով բռնութեամբ կը բարկացնենք զԻնք ու [Անոր] քաղցրութիւնը դառնութեան կը փոխենք: Եւ օրինակի համար, մենք բարի ստեղծուեցանք՝ բարիին պատկերով, սակայն մեր կամքով ախտացանք ու չարի փոխուեցանք, այն է՝ որ Աստուծոյ չհնազանդեցանք. նոյնպէս Աստուծոյ բարի կամքը կը ձեւանայ ու կը փոխուի բարկութեան, սրտմտութեան եւ դառնութեան, որպէսզի ատով մեզ փոխէ մեր առաջին բարութեան: Այս բարկութիւնը Աստուծոյ մէջ չար չէ, որովհետեւ մեր մօտ ալ բարկանալն ու գործի չդնելը չար չէ, ըստ այնմ. «Բարկանայք եւ մի՛ մեղանչէք» (Սղ 4.4), որովհետեւ բարկանալը խօսքով է, իսկ մեղանչելը՝ սրտմտութիւն եւ բարկութեան գործ, որ կատարման կը հասնի: Եւ դարձեալ, Աստուծոյ բարկանալը չար չէ, որովհետեւ ատով մեզ բարութեան եւ ուղղութեան կը բերէ. տակաւին, Աստուծոյ սրտմտիլը չար չէ, քանի որ երբ մենք մեղքերուն մէջ կը յամառինք ու դարձի չենք գար, այդ ատեն Աստուած կը սրտմտի ու գործով կը խրատէ, որովհետեւ եթէ դարձած ըլլայինք մեղքերէն՝ չէր խրատեր:
•Արդ, մենք պէտք է դատաստանէն երկնչինք բազմաթիւ պատճառներով.
Նախ՝ Դատաւորին ահագնութեան համար, ինչպէս կ՚ըսէ տեսիլքը. «Անոնք լեռներուն պիտի ըսեն՝ մեր վրայ ինկէք, իսկ բլուրներուն՝ մեզ ծածկեցէք Անոր երեսէն, որ աթոռին վրայ կը նստի, ազատեցէ՛ք մեզ Գառնուկին բարկութենէն» (տե՛ս Յյտ 6.16):
Երկրորդ՝ երկնային զօրութիւններու շարժումին համար ըստ Մատթէոսի (24.29):
Երրորդ՝ անդառնալի վճիռին համար, որովհետեւ ատիկա ըստ Յոբին վերջին վճիռը պիտի ըլլայ. «Աստուած մէ՛կ անգամ պիտի խօսի ու նոյնը պիտի չկրկնէ». «Հեռո՛ւ գացէք Ինձմէ, անիծեալներ» (Մտ 25.41):
Չորրորդ՝ սպասաւորներու բազմութեան համար, որոնք վճիռը կը կատարեն, ինչպէս Մատթէոս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վախճանին հրեշտակները պիտի ելլեն եւ չարերը զատեն արդարներուն մէջէն ու զանոնք բոցավառ հնոցին մէջ պիտի նետեն» (Մտ 13.49-50):
Հինգերորդ՝ դատապարտեալներուն նեղութեան համար, որովհետեւ Գիրգորը կ՚ըսէ, ո՜հ թէ ինչպէս անձուկ է ամէն կողմերէն դատապարտեալներուն ճանապարհը: Վերը՝ Դատաւորը պիտի կենայ: Վարը՝ դժոխքին հսկայ վիհը: Աջ կողմը՝ մատնիչ մեղքը: Ձախ կողմը՝ անթիւ դեւերը, որոնք դէպի տանջանք կը քաշեն: Ի ներքուստ խղճմտանքի տոչորումը: Արտաքուստ աշխարհի բորբոքումը, եւ թշուառեալ մեղաւորը որ այսպէս պաշարուած է, ո՞ւր պիտի փախչի:
Վեցերորդ՝ դատապարտեալներուն տկարութեան համար, որոնք պիտի չկարողանան հակառակիլ, ո՛չ ալ յարդը՝ կրակին, ըստ Մատթէոսին. «Յարդը [պիտի] այրէ անշէջ կրակով» (Մտ 3.12): Եւ դարձեալ՝ «պիտի ըսեմ հնձողներուն նախ որոմը հաւաքեցէք ու խանձարուրով կապեցէք այրելու համար» (տե՛ս Մտ 13.40):
Եօթներորդ՝ բոլոր տեսակի օգնականութիւններուն պակսելուն համար, որովհետեւ ո՛չ մէկ ստեղծուած կ՚օգնէ. նաեւ, սուրբերը, որոնք Աստուծոյ բարկութեան դէմ կենալու սովոր էին, պիտի ուրախանան երբ տեսնեն, թէ Աստուած վրէժ առած է նախատինքներուն համար, ինչպէս կ՚ըսէ սաղմոսը. «Արդարը պիտի ուրախանայ երբ հատուցումը տեսնէ եւ իր ձեռքերը պիտի լուայ մեղաւորի արիւնէն»:
Ութերորոդ՝ մեղքերը յայտնուելուն համար, ինչպէս կ՚ըսէ Եսային. «Քու ամօթդ պիտի յայտնուի եւ քու նախատինքդ պիտի երեւայ»: Իսկ Պօղոս կ՚ըսէ. «Տէրը պիտի գայ՝ որ խաւարի գաղտնիքերը կը լուսաւորէ եւ սիրտերուն խորհուրդները կը յայտնէ»:
Իններորդ՝ բազմաթիւ զօրաւոր ոսոխներուն համար, որոնք են հրեշտկաները, սուրբերը, երկինքը, երկիրը եւ դեւերը, ըստ Մատթէոսի. «Մարդու Որդին Իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, եւ արքայութենէն պիտի հաւաքէ բոլոր գայթակղութիւնները, եւ այնպիսիները՝ որոնք անօրէնութիւն կը գործեն, եւ զանոնք բոցավառ հնոցին մէջ պիտի նետեն»: Առակին մէջ կ՚ըսէ. «Այն ատեն արդարները բազում համարձակութեամբ իրենց նեղիչներուն դիմաց պիտի կանգնին»: Յոբը կ՚ըսէ. «Երկինքը անոր անօրէնութիւնները պիտի յայտնէ, երկրի վրայ պիտի երեւի»: Սիրաքը կ՚ըսէ. «Անոր ստեղծած հոգիներն են՝ ի վրէժխնդրութիւն, եւ վախճանի ժամանակ սրտմտութիւն պիտի հեղուն»:
Տասներորդ՝ մեղքերուն ստուգութեան համար, որովհետեւ նոյնԻնքն Դատաւոր ու Վկայ պիտի ըլլայ: Քանի որ Անոր աչքերուն դիմաց բոլոր մեղքերը գործուեցան, ինչպէս Երեմիան կ՚ըսէ. «Ես Դատաւոր եւ Վկայ եմ, կ՚ըսէ Տէրը»: Նաեւ մեղաւորներուն կողմէ պիտի ըլլայ այս ստուգութիւնը, որոնք իրենց ձեռքով գրուած գրութիւնը պիտի ունենան, այսինքն՝ խղճմտանքը՝ որ իրենց հակառակ պիտի վկայէ, ըստ Դանիէլին. «Դատաստանի նստաւ, եւ դպրութիւնները բացուեցան», այսինքն՝ խղճմտանքը:
Տասնմէկերորդ՝ դատաստանին ժամանակը չգիտնալուն համար, որովհետեւ յանկարծակի պիտի գայ, երբ չէին ակնկալեր, ըստ Մատթէոսի. «Ինչպէս Նոյի օրերուն մարդիկ կ՚ուտէին ու կը խմէին եւ չգիտցան, մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ, նոյնպէս պիտի կատարուի Մարդու Որդիին գալուստին ժամամակ»: Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Երբ ըսեն թէ խաղաղութիւն ու շինութիւն է, անոնց վրայ սատակումը յանկարածկի պիտի գայ»:
Տասներկրորդ՝ մեղաւորներուն ամենէն չար տանջանքներուն մատնուելուն համար, ըստ Մատթէոսի. «Անոր տէրը բարկանալով իրմէ զինք դահիճներուն ձեռքը պիտի մատնէ», այսինքն՝ դեւերուն, որոնք անգթութեամբ գերազանց են քան բոլոր տանջողները: Որոնցմէ մեզ եւս փրկէ Քրիստոս Աստուած Իր ողորմութեամբ, եւ Անոր փառք յաւիտեանս: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 մարտ 2020, Վաղարշապատ