ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Առողջապահութեան համակարգը ամբողջ թափով կ՚աշխատի, մինչ հանրային մեկուսացումն ալ ապահովուած է հնարաւորինս։ Կառավարութիւնը հասարակութեան առողջութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն առընթեր, կը ջանայ տնտեսական հաւասարակշռութիւնները ապահովել՝ մինչեւ համաճարակով պայմանաւորուած տագնապին յաղթահարումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին Հայաստանի կառավարութիւնը ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղեալ նոր միջոցներ ընդունեց։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու միջոցաւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Մենք այս դժուար ժամանակներուն պէտք է ըլլանք առաւել համախմբուած եւ մենք ցոյց տուինք, որ կրնանք սա ընել։ Ես կ՚ուզեմ յաջողութիւն մաղթել մեր բոլորին, ընդհանրապէս մարդկութան, մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն աշխարհի բոլոր կողմերուն։ Քորոնաժահրը դարձաւ այն փորձաքարը, որ երկիրները ստիպեց առանձին-առանձին գործելու։ Կը կարծեմ՝ ժամանակն է, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը, մենք բոլորս կարողանանք քննարկել աւելի միասնական գործողութիւններ մշակելու հնարաւորութիւնը, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ այդ միասնական գործողութիւնները կրնան աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ՝ ներածումով եւ արտածումով զբաղող խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Վարչապետը այս առթիւ տեղեկացուց, որ Վրաստան եւ Ռուսաստան դէպի Հայաստան տեղափոխուող բեռներու պարագային պիտի ապահովեն «Կանաչ գօտի»։ Ինչպէս ծանօթ է, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի քաղաքական տարաձայնութիւնները ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն դէպի Հայաստան բեռնափոխադրումներու ժամանակ։ Բարեբախտաբար, ներկայ դժուարին իրավիճակին մէջ կարելի եղած է ապահովել նպաստաւոր պայմաններ։ Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Վերին Լարսի անցակէտին մասնաւոր գօտի մը պիտի առանձնացուի, ըստ էութեան, Հայաստանի բեռներուն համար։ «Ի հարկէ, քաղաքական մակարդակի վրայ պայմանաւորուածութիւնը, բայց տակաւին պէտք է սա իրականութիւն դարձնել եւ կեանքի կոչել», ըսաւ Փաշինեան։ Բաց աստի, վարչապետը շեշտեց, որ համաճարակի պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստան թէեւ շարք մը սահմանափակումներ կը հաստատէ եւ այդ բոլորը կրնան խուճապային տրամադրութիւններ յառաջացնել Հայաստանի մէջ։ Ուստի, շատ կարեւոր է արձանագրել, որ Ռուսաստանի կողմէ ընդունուած սահմանափակումները պիտի չվերաբերին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կամ առնուազն Հայաստանին։ Փաշինեան ընդգծեց, որ այս պայմանաւորուածութիւնը յստակ է եւ վերջնական։

Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բեռնափոխադրումներու կազմակերպումը՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի կողմէ սահմաններէ անցքերու համար հաստատուած սահմանափակումները։ Երկու վարչապետները արձանագրեցին, որ Հայաստանէն Ռուսաստան բեռնափոխադրումները պիտի շարունակուին կանոնաւոր կերպով եւ վերոյիշեալ սահմանափակումները պիտի չազդեն հայկական բեռներու փոխադրութեան վրայ։ Փաշինեան եւ Միշուսթին արծարծեցին նաեւ հայ-ռուսական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ արդիական հարցեր։ Անոնք ընդգծեցին, որ երկու երկիրներու միջեւ ամբողջ ծաւալով բեռնափոխադրումներու պահպանումը կարեւոր է։ Վարչապետները համաձայնեցան կանոնաւոր շփումները տեւականացնելու համար՝ ապագայ խնդիրներուն արագօրէն արձագանգելու նպատակով։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020