ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱՒ 131-Ի

Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի հետեւանքով երէկ մահացած է եւս 23 հոգի։ Այսպէսով, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ համաճարակի զոհերուն թիւը բարձրացած է 131-ի։ Ըստ երէկ երեկոյեան հրապարակուած տուեալներուն, վերջին 24 ժամուան ընթացքին 1815 հոգիի մօտ հիւանդութիւն ախտորոշուած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու թիւը հասած է 9 հազար 217-ի։ Երէկ կատարուած է 9 հազար 982 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ 1815 վարակեալ յայտնաբերուած է։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի կողմէ հրապարակուած այս տուեալներուն զուգահեռ երէկ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն ալ համաճարակի մթնոլորտին շուրջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Ըստ նախարարին, Թուրքիոյ մէջ ընկերային մեկուսացումը ապահովուած է։ Ներկայիս 95 տոկոսով կեանքը բնակարաններու մէջ կ՚ընթանայ։ Պետութիւնը չի խուսափիր որեւէ նախազգուշական միջոց ձեռք առնելէ։ Սիւլէյման Սոյլու շեշտեց, որ բոլոր նախազգուշական միջոցները ձեռք կ՚առնուին համարձակութեամբ ու ճիշդ ժամանակին։ Սոյլու տեղեկացուց, որ նոյն ծիրին մէջ սահմանափակումներ կը դրուին նաեւ քաղաքներէ ներս թաքսիներու շրջանառութեան։

Կեդրոնական դրամատունն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ համաճարակի պայմաններուն ներքեւ տնտեսութեան տեսակէտէ իրադրութեան առընչութեամբ։ Ըստ դրամատան աղբիւրներուն, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աշխոյժ կառուցուածքով համաճարակի այս շրջանը յարաբերաբար աւելի նուազ վնասներով պիտի յաղթահարէ եւ այդ բանը աշխարհի այլ տնտեսութիւններու բաղդատմամբ պիտի ըլլայ աւելի կարճ ժամանակի ընթացքին։ Եւրոպայի տնտեսական դանդաղեցումը, համաճարակը, քարիւղի գիներու անկումը պատճառ դարձած են, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ռուսաստանի կողմէ ներածումներու պահանջները տկարանան։ Սա ուղղակիօրէն պիտի պայմանաւորէ Թուրքիոյ արտածումները։ Յամենայնդէպս, այս գործընթացը ժամանակաւոր է։ Համաճարակի տարածման թափի կասեցումով Թուրքիոյ տնտեսութիւնը պիտի վերականգնուի շուտով։

ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Միւս կողմէ, ամբողջ աշխարհի մէջ քորոնաժահրէ վարակուածներու թիւը արդէն գերազանցած է 700 հազարի սահմանը։ Համաճարակի հետեւանքով ցայսօր աշխարհի վրայ մահացած է 33 հազար 178 հոգի։ Քորոնաժահրը ամենաբարձր համեմատութեամբ տարածում գտած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կայ 131 հազար 403 վարակեալ։ ԱՄՆ-ին կը յաջորդէ Իտալիան, ուր եւս վարակեալներու թիւը կը մօտենայ 100 հազարի։ Աշխարհի մօտաւորապէս 200 երկիրներու կամ տարածքաշրջաններու մէջ ներկայիս պայքար կը մղուի համաճարակի դէմ։ 10 հազարէ աւելի բարձր թիւով վարակեալներ արձանագրուած են՝ Չինաստանի, Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի եւ Պելժիոյ մէջ։ Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի մէջ համաճարակը ծնունդ առած է Միլում քաղաքին մէջ անցեալ փետրուարին էվանժելիստներու կողմէ կազմակերպուած եկեղեցական արարողութեան մը ընթացքին։ Բազմաթիւ քաղաքներէ մարդիկ մասնակցած են այս արարողութեան, ինչ որ պատճառ դարձած է համաճարակի տարածման։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020