ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ

23 դեկտեմբեր, 2003։

Հարաւային Իրանի Պամ քաղաքը արեւուն հրաժեշտ կու տար։

Աղաւնիները վայրէջք կը կատարէին, կը վերադառնային իրենց տնակներ, կտկտալով, մէկզմիւսը հրմշտելով կը մտնէին տուփիկներէն ներս, վրայ հասնող աւազամրրիկէն պատսպարուելու յոյսով։

Երամներէն մէկը երկնքի կապոյտին վրայ պար բռնելով՝ շրջապտոյտներ կատարեց, իջաւ, մօտեցաւ, հասաւ բազմադարեայ միջնաբերդ Արկ է Պամ-ի ստորոտին գտնուող կաւէ տնակներէն մէկուն տանիքին։ Տասն-տասնհինգ աղաւնին թափահարեցին թեւերն իրենց միաժամանակ, Զանայենց երդիքի հող ու փոշիին կեանք տալով։

Ձախ ձեռքի բութ ու միջնեմատը իրար կապած, երկուքը միասին սեղմած լեզուին, Զանան կը սուլէր, աջ ձեռքով ալ թաշկինակաւոր գաւազանը վեր-վար շարժելով։ Անմիջապէս փոխեց շարժումին ուղղութիւնն ու ձեւը, ձեռքը հանեց բերանէն, տարաւ գրպանին, ափովը հացահատիկներ սկսաւ բաշխել վանդակի բաժանումներուն մէջ, աղաւնիները քիչ-քիչ ներս առնելով։ Երբ վերջինը, գլխիկին վրայ կարմիր նշանով այդ խոշոր սպիտակն ալ մտաւ ներս, գետին նետեց գաւազանը Զանան, գոցեց դռնակը վանդակին, կղպեց զայն։ Դէմքը տարաւ ճաղերուն, սկսաւ մէկ առ մէկ հաշուել՝ կտուցներուն նայելով.

Եք, տու, սէ, չահար, փենճ, շեշ, հաֆթ, հաշթ, նոհ, տահ, եազտահ, տավազտահ, սիզտահ, չահարտահ։

Տասնչորս. այնքան, ինչքան գացած էին։ Շունչ քաշեց։

Կամացուկ բացաւ կողքի պատուհանիկներէն մէկը, ձախ ձեռքը մտցուց ներս, բռնեց կարմրաւուն աղաւնին, հանեց դուրս։ Գնաց նստաւ տանիքի պատին, ոտքերը դուրս ու վար կախեց, դէմքը դարձուց միջնաբերդին, որուն ետին անցած էր արեւը արդէն։ Խաղաղ, երջանիկ եւ սիրով սկսաւ շոյել գլուխը թռչնակին, միաժամանակ փառաւոր հնութիւնը դիտելով։

Զա՜նա՜...

Մայրն էր։ Արագ վերցուց աղաւնին, բոլոր տասնչորսին ալ գիշեր բարի մը շշնջաց, վազելով իջաւ աստիճաններէն։ Ընթրիքի նստած էին։ Հայրը՝ սեղանի գլխուն, մայրն ու մեծ մայրը կողք-կողքի՝ օճախին մօտիկ կողմը սեղանին, փոքր քոյրը՝ անոնց դիմաց, այնպէս մը, որ հօր մօտիկ նստատեղին իրեն՝ Զանային վերապահուած մնար։ Գնաց նստաւ տեղը։ Թէյի գաւաթները լեցուեցան, հայրը վերցուց հացը, կտրեց, առաւ իր բաժինը, բոլորը սկսան լուռ ճաշել։

Քիչ անց հայրը սրբեց բերանը թաշկինակով, շնորհակալութիւն յայտնեց կնոջը՝ Թաշաքքօր, Սեփիտէհ... եւ անցաւ ննջասենեակ։ Ընթրիքը վերջացած էր։ Սեղանը արագ հաւաքեցին մայրը, քոյրը, մեծ մայրը։ Զանան բարի գիշեր մաղթեց բոլորին, համբուրեց ձեռքը մեծ մօր, անցաւ իր սենեակ՝ այն որ տան դուրս ցցուած մասն էր, փողոցին մօտիկ, պզտլիկ խուց մը, անկողնին չափ գրեթէ։

Երկարեց մարմինը մահճակալին վրայ, փակեց աչքերը։ Առաստաղէն վեր կը լսուէր, երբեմն ու յանկարծ, փոքրիկ ոստոստումը այս կամ այն աղաւնիին։ Զանան անհամբեր կը սպասէր առաւօտուն, որ վազէր վեր, հանդիպէր աղաւնիներուն, օր մը եւս անցընէր իր նոր յայտնաբերած այդ պատուաբեր խաղով։ Ձայներն ու մտքերը հեռացան, փոքրացան, չքացան։

Քնացաւ Զանան։

ԵՐԱՄ

•(շարունակելի)

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020