ՇԷՐԼՕՔ ՀՕԼՄՍԻ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ…
Երբ կը թղթատէինք Հայ Մամուլի հին բայց մշտանորոգ էջերը, Բիւզանդ Քէչեանի «ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ»ի մէջ հանդիպեցանք մեր մեծ մօրեղբօր Սիմոն Չէօմլէքճեանի, «Ժ. Շիրակացի» ծածկանունով մէկ թարգմանութեան։ Որպէս յարգանք մեր մեծ մօրեղբօր Սիմոն Չէօմլէքճեանի անմեռ յիշատակին, ստորեւ կը ներկայացնենք «1903 փետր. 26-11 մարտ» թուակիր «ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ»-Հայաթերթ Ամենօրեայ թերթին սոյն հատուածը։
Հատուածը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
ՇԷՐԼՕՔ ՀՕԼՄՍԻ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ (89)
ԴԵՂՆԱԳՈՅՆ ԵՐԵՍԸ
Կինս ալ ինծի պէս յուզեալ կ՚երեւէր։ Իմ վրաս նետած իր խուզարկու ակնարկներէն կրցայ հասնկնալ թէ իր պատմութեան չհաւատալս գուշակած էր, եւ ի՛նչ ընելը չէր գիտեր։ Հազիւ քանի մը խօսք փոխանակեցինք նախաճաշի ատեն, եւ անմիջապէս ետքը պտոյտի համար դուրս ելայ, որպէս զի կարենամ այս գործին վրայ խորհիլ առտուան զով օդին մէջ։ Մինչեւ Քրիսդըլ Բէլէս գացի, ժամ մը պտտեցայ եւ Նօրպրի դարձայ ժամ մէկին։ Պատահեցաւ որ տան առջեւէն անցնիմ, ուր վայրկեան մը կեցայ պատուհանները նայելու եւ տեսնելու համար թէ կրնայի՞ արդեօք դիտել այն տարօրինակ դէմքն որ առջի օր երեսս նայած էր պիշ պիշ։ Երեւակայեցէք զարմանքս, Մր. Հօլմս, երբ դուռն յանկարծ բացուեցաւ եւ կինս դուրս ելաւ։ Զարմանքէս չկրցայ խօսիլ, բայց իմ յուզումս ոչինչ էր բաղդատմամբ այն յուզման զոր կինս ցոյց տուաւ իր դէմքին վրայ երբ մեր աչքերն իրարու հանդիպեցան։ Վայրկեան մ՚ուզեց տունէն ներս փախչիլ, բայց տեսնելով որ անօգուտ էր, դէպ ինծի եկաւ ճեբճերմակ երեսով եւ բոցավառ աչքերով որք կ՚հերքէին շրթներուն վրայի ժպիտը։ -Օ՛հ, Ճէք, ըսաւ, հոս եկայ տեսնելու համար թէ կրնա՞մ օգնութիւն մ՚ընել մեր նոր դրացիներուն։ Ինչո՞ւ այդպէս կ՚նայիք երեսս, Ճէք։ Բարկացա՞ծ էք ինծի դէմ։
= Ըսել է որ գիշերը հոս եկաք, ըսի։
- Ադ ինչե՜ր կ՚ըսէք, պոռաց։
= Հոս եկաք։ Վստա՛հ եմ ասոր։ Ո՞վ են այս մարդիկն որոց կ՚այցելէք այնպիսի ժամու մը։
- Ես հոս եկած չեմ ասկէ առաջ։
= Ի՜նչպէս կրնաք ըսել ինծի ինչ որ գիտէք թէ սխալ է, պոռացի։ Խօսած ատեննիդ ձեր ձայնը կ՚փոխուի։ Ես երբեք գաղտնիք մ՚ունեցա՞ծ եմ ձենէ։ Այդ տունը պիտի մտնեմ եւ խնդիրը մանրամասնօրէն պիտի քննեմ։
- Ո՛չ, ո՛չ, Ճէք, Աստուծոյ սիրոյն, պոռաց անզսպելի յուզմամբ։
Երբ դրան կ՚մօտենայի, թեւէս բռնեց եւ հրեց զիս ջղաձգական ոյժով.- Կ՚պաղատիմ որ չերթաք, Ճէք, պոռաց։ Կ՚երդնում որ ամէն բան պիտի ըսեմ ձեզ օր մը։ Աղէք չըլլար եթէ այդ տաղաւարէն ներս մտնէք։
Յետոյ, երբ կ՚փորձէի թեւս ազատել ձեռքէն, փարեցաւ ինծի եւ մոլեգնօրէն աղերսեց։ - Հաւատացէք ինծի, Ճէք, պոռաց։ Մինակ այս անգամ հաւատացէք ինծի։ Բնաւ պատճառ պիտի չունենաք ցաւելու։ Գիտէք թէ ձենէ գաղտնիք պիտի չպահէի եթէ ձեր սիրոյն համար չըլլար։ Մեր բովանդակ կեանքն ասկէ կախում ունի։ Եթէ ինձ հետ տուն դառնաք, ամէն բան աղէկ պիտի ըլլայ, իսկ եթէ բռնի ներս մտնէք տաղաւարէն, ամէն բան կ՚վերջանայ մեր միջեւ։
Իր խօսելու եղանակին մէջ այնքան եռանդ եւ այնքան յուսահատութիւն կար որ դրան առջեւ կեցայ վարանոտ։ - Պիտի հաւատամ ձեզի մէ՛կ պայմանով, բայց մէ՛կ պայմանով միայն, ըսի վերջապէս։ Այսինքն այս գաղտնիքը հիմակուընէ վերջ գտնէ։ Ամէն ազատութիւն ունիք ձեր գաղտնիքը պահելու, բայց պէտք է խոստանաք ինծի թէ այլեւս գիշերային այցելութիւն պիտի չտաք եւ պիտի չընէք բան մը զոր ես չգիտնամ։ Կ՚հաւանիմ անցած դարձածը մոռնալ, եթէ խոստանաք որ ապագային մէջ այլեւս ասանկ բան պիտի չըլլայ։
= Վստա՛հ էի թէ պիտի հաւտայիք ինծի, ըսաւ սփոփանքի հառաչ մ՚արձակելով։ Ճիշդ ձեր ուզածին պէս պիտի ըլլայ։ Եկէ՛ք, օ՛հ, եկէք տուն երթա՛նք։
Տակաւին թեւիս փարած, տաղաւարէն հեռացուց զիս։ Ճամբայ ելած ատեննիս ետիս նայեցայ, եւ տեսայ որ դեղնագոյն երեսով մարդը վերի պատուհանէն կ՚դիտէր մեզ։ Ի՜նչ կապ կրնար ըլլալ այդ արարածին եւ կնոջս միջեւ։ Կամ թէ ի՞նչպէս կրնար ըլլալ որ կոշտ ու անտաշ կինը, զոր տեսած էի առջի օր, յարաբերութիւն կ՚ունենար կնոջս հետ։ Տարօրինակ առեղծուած մ՚էր։ Հասկցայ թէ միտքս պիտի հանդարտէր մինչեւ որ այդ առեղծուածը չլուծէի։ Երկու օր տունը մնացի, եւ կինս ուղղամտօրէն կատարեց իր յանձնառութիւնը, զի որչափ գիտեմ, տունէն դուրս չելաւ երբեք։ Երրորդ օրը, սակայն, տեսայ որ իր հանդիսաւոր խոստումը բաւական եղած չէր ետ կեցնելու զինք՝ այդ գաղտնի ազդեցութենէն որ իր էրկընէն ու իր պարտաւորութենէն շեղեցուց զինք։ Այն օրը քաղաք իջած էի, բայց 2.40-ի կառախումբով դարձայ փոխանակ 3.36-ի, որ իմ սովորական կառախումբս էր։ Տունէն ներս մտած պահուս, սպասուհին վազեց դող ելած։ - Ո՞ւր է ձեր տիրուհին, հարցուցի։
= Կարծեմ թէ պտոյտի ելաւ, պատասխանեց։
Անմիջապէս կասկածեցայ։ Վերի յարկը վազեցի ապահով ըլլալու համար թէ տունը չէր։ Յետոյ պատահաբար դուրս նայեցայ պատուհանէն եւ տեսայ որ սպասուհին,- որուն հետ քիչ մ՚առաջ խօսած էի -, դաշտին մէջէն կ՚վազէր դէպ ի տաղաւարը։ Այն ատեն անշուշտ հասկցայ թէ ի՛նչ կ՚նշանակէր։ Կինս հոն գացած էր եւ սպասուհիին պատ-ւիրած էր կանչել զինք եթէ դառնայի։ Բարկութենէս կրակ կտրած, վար իջայ եւ դուրս ելայ, որոշած ըլլալով միանգամ ընդ միշտ վերջացնել այս խնդիրը։ Տեսայ որ կինս եւ սպասուհին ետ կ՚դառնային աճապարանքով, բայց ես չկեցայ անոնց հետ խօսելու համար։ Տաղաւարին մէջ էր գաղտնիքն որ ստուեր ձգած էր կեանքիս վրայ։ Երդում ըրի որ, ի՛նչ ալ պատահէր, պիտի լուծէի այդ գաղտնիքը։ Մինչեւ իսկ դրան չզարկի երբ հոն հասայ, այլ կոճակը դարձուցի եւ ներս մտայ։ Խոհանոցին մէջ եռոց մը կը ֆշրտար կրակին վրայ եւ խոշոր սեւ կատու մը կծկուած էր սակառի մը մէջ, բայց հետքը չկար այն կնոջ զոր նախապէս տեսած էի։ Միւս սենեակը վազեցի, որ նոյնպէս ամայի էր։ Այն ատեն սանդուղէն ելայ, բայց միւս երկու սենեակներն ալ պարապ եւ ամայի գտայ։ Ամբողջ տանը մէջ մարդ մարդասանք չկար։ Կարասիներն ու պատկերները շատ հասարակ բաներ էին, բաց ի այն սենեակինէն որու պատուհանը տեսած էի տարօրինակ երեսով արարածը։ Վայելուչ եւ հանգստաւէտ սենեակ մ՚էր։ Կասկածներս աւելցան եւ զայրոյթ զգացի երբ տեսայ որ ձորձակալէն վար կախուած էր կնոջս բնական մեծութեամբ լուսանկարը զոր երեք ամիս առաջ հանել տուած էր իմ խնդրանքովս։
Բաւական կեցայ հոն ապահով ըլլալու համար թէ տունն իրօք մարդ չկար։ Յետոյ դուրս ելայ, սրտիս վրայ զգալով ծանրութիւն մը զոր երբեք զգացած չէի անկէ առաջ։ Կինս դէմս ելաւ երբ տունէն ներս մտայ, բայց այնքան վշտացած ու բարկացած էի որ հետը չխօսեցայ, եւ աշխատութեանս սենեակը գացի։ Սակայն ետեւէս եկաւ, տակաւին ես դուռը չգոցած։ - Կ՚ցաւիմ որ խոստումս դրժեցի, Ճէք, ըսաւ, բայց եթէ բոլոր պարագաները գիտնաք, վստա՛հ եմ թէ պիտի ներէք ինծի։
= Ուրեմն ամէն բան ըսէք, պատասխանեցի։
- Չեմ կրնար, Ճէք, չեմ կրնար, ըսաւ։
ՍԸՐ Ա. ՔՕՆԸՆ ՏՕՅԼ
Թարգմ. Ժ. ՇԻՐԱԿԱՑԻ
***
Շէրլօք Հօլմս, վստահ ենք որ լուծած է այս «գաղտնիք»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 24, 2020, Իսթանպուլ