ՏՈՒՆԸ ՄՆԱՆՔ

Չվտանգենք մեր առողջութիւնը՝ մնանք տունը…

Քորոնաժահրի վարակի կանխարգիլման նպատակով անհրաժեշտ է տեղեկացուած ըլլալ հետեւեալ երեք պայմաններու մասին՝ ընկերային տարածութիւն, ձեռքերու մարքութիւն, հազի, փռշտալու ժամանակ ուշադրութիւն։

Քորոնաժահրի համաճարակի տարածման առաջին գործառոյթը՝ ընկերային տարածութիւնն է, որ կ՚ենթադրէ ամէն օր մաքրել եւ ախտահանել այն բոլոր մակերեսները, որոնց յաճախ կը դպչիք։ Այս մակերեսները կը ներառեն սեղանի մակերեսներ, վաճառասեղաններ, դռներու բռնակներ, լոգարանի յարմարութիւններ, զուգարանակոնքեր, ստեղնաշարներ, հեռախօսներ, պնակիտներ եւ կողային սեղանիկներ։ Նաեւ մաքրեցէք եւ ախտահանեցէք որեւէ մակերես, որու վրայ կենսաբանական հեղուկ թափած է (թուք)։ Օգտագործեցէք կենցաղային մաքրող եւ ախտահանող միջոցներ կամ անձեռոցիկներ՝ ըստ ապրանքի պիտակի ցուցումներու։

Երբ պէտք է իրականացնել քորոնաժահրի վարակի տարածման երկրորդ գործառոյթը՝ ձեռքերու մաքրութիւն։

Հանրային վայրերու մէջ գտնուելէ առաջ եւ յետոյ, սնունդ ընդունելէ առաջ եւ յետոյ, սնունդ պատրաստելու ատեն անընդհատ եւ օրուայ ընթացքին պարբերաբար լուացէք ձեր ձեռքերը։ Ձեռքերը պէտք է լուալ հոսող ջուրով եւ օճառով 20 երկվայրկեանի ընթացքին, եթէ չունիք լուացուելու հնարաւորութիւն, ապա օգտագործէք ալքոլի հումքի վրայ պատրաստուած որեւէ հականեխիչ նիւթ։ Ձեռքերու մշակման թեքնիկին համար կարեւոր է հետեւեալը.

Ժամանակաւոր խորհուրդ կիներու համար. հնարաւորինս խուսափեցէք զարդեր կրելէ, ինչպէս նաեւ երկար եղունգներէ, որովհետեւ անոնք լրացուցիչ ռիսք կը պարունակեն վարակի տարածման համար եւ կը նուազեցնեն ձեռքերու մաքրութեան արդիւնաւէտութիւնը։

Յաճախակի եւ մանրակրկիտ մաքրեցէք ձեր ձեռքերը, յատկապէս քիթը մաքրելէ, հազալէ եւ փռշտալէ, ճեմիշէ օգտուելէ յետոյ։ Հազալու կամ փռշտալու ժամանակ ծածկեցէք ձեր բերանն ու քիթը անձեռոցիկով։ Օգտագործուած թուղթէ անձեռոցիկները անմիջապէս աղբաման նետեցէք ու լուացէք ձեր ձեռքերը։

Պահպանեցէք մաքրութեան կանոնները, զգօն եղէք, հետեւեցէք պաշտօնական լրահոսին, ժպիտով պայքարեցէք համաճարակի դէմ, մնացէք տունը՝ մի՛ վտանգէք ձեզ եւ ձեր հարազատներու առողջութիւնը։ Վստահ եղէք, միասին կը յաղթենք քորոնաժահր կոչեցեալ թշնամիին։

Առողջ մնացէք։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020