ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԻՄՆԱՔԱՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հիմնաքարն է։ Նախարարութիւնը յայտարարութեան մէջ նշած է հետեւեալը.

«Մենք կը շնորհաւորենք Արցախի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը մարտի 31-ին ժողովրդավարական բարձր չափանիշներու համապատասխան ազատ եւ արդար ընտրութիւններու իրականացման առթիւ։ Արցախի ժողովուրդը իրաւամբ վաստակած է ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու, ժողովրդավարական եւ ժամանակակից հասարակութիւն ունենալու իրաւունքը։ Այս համապետական ընտրութիւնները, որոնք անցան ժողովրդավարական ազատ մրցակցութեան եւ քաղաքացիական համերաշխութեան միջավայրի մէջ, լաւագոյն վկայութիւնն են այս բանին։ Անոնք անգամ մը եւս փաստեցին, թէ մարդու իրաւունքները՝ մասնաւորապէս ընտրելու եւ կառավարման մասնակցելու իրաւունքը անօտարելի են եւ համընդհանուր։ Մարդու իրաւանց հիմնարար փաստաթուղթերը՝ մասնաւորապէս Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագիրը եւ Մարդու իրաւանց միջազգային դաշնագրերը յստակօրէն կը սահմանեն, որ մարդու իրաւանց համատեսքին մէջ որեւէ տարբերակում պէտք չէ դրուի՝ տարածքի, քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային կարգավիճակի հիմքով եւ բոլոր ժողովուրդները ինքնորոշման իրաւունքի ուժով կրնան ազատօրէն որոշել իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ հետամուտ ըլլալ իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացման։

«Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնաքարն է։ Այս իրողութիւնը ամբողջովին արտայայտուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ ներկայացուած կարգաւորման սկզբունքներուն եւ տարրերուն մէջ, ուր ամրագրուած է այդ իրաւունքով Արցախի ժողովուրդի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամքի արտայայտման միջոցաւ Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը։ Յատկանշական է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Արցախի ընտրութիւններու վերաբերեալ իրենց յայտարարութեան մէջ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ սկզբունքներու եւ տարրերու համատեսքէն ներս անգամ մը եւս ընդգծեցին Արցախի բնակչութեան դերը՝ իր ապագան որոշելու գործին մէջ։ Արցախի ապագայ իշխանութիւնները, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով արդէն ստացած են, իսկ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքով պիտի ստանան Արցախի ժողովուրդի լիազօրութիւնը, առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն եւ դերակատարում ունին խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Արցախի ընտրուած իշխանութիւններու աշխոյժ ներգրաւումը՝ որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական կողմ, էականօրէն պիտի բարձրացնէ բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը եւ պիտի ապահովէ յառաջընթաց կարգաւորման առանցքային հարցերու մէջ։ Արցախի ընտրութիւնները կարեւոր են նաեւ տարածքաշրջանէ ներս ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման տեսակէտէ։ Սա վերստին կը փաստէ այն իրողութիւնը, թէ հակամարտութիւնը չի կրնար դառնալ անյաղթահարելի խոչընդոտ ժողովրդավարական հասարակութեան կառուցման ճանապարհին։

«Այս օրերուն մենք նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցենք Արցախի ժողովուրդի դէմ չորս տարի առաջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական բռնութեան եւ վայրագութիւններու զոհերու յիշատակին։ Այս համատեսքին մէջ անհրաժեշտ կը համարենք ընդգծել, որ տարածքաշրջանի բոլոր երկիրներու ժողովրդավարական զարգացումը եւ սեփական ժողովուրդներու առջեւ հաշուետու իշխանութիւններու ձեւաւորումը տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գրաւականն է»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախի ժողովրդավարացումը կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման տեսակէտէ։ Անդրադառնալով 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Պատերազմը տուաւ ամենակարեւոր հարցի պատասխանը։ Հարցը հետեւեալն է. թէ որքանո՞վ անկախութեան սերունդը ի վիճակի էր պաշտպանել սեփական հայրենիքի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Այդ պատասխանը պերճախօս կերպով տրուեցաւ։ Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչները դարձան անօրինակ սխրանքներու հեղինակներ՝ պատասխանելով ամենակարեւոր հարցման։ Հայաստանը, Արցախը եւ հայ ժողովուրդը պէտք է վստահ ըլլան, թէ Արցախի ազատամարտի առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եկած են համալրելու նոր սերունդը, որ նոյնքան վճռական՝ պատրաստ է կանգնիլ սեփական հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն։ Եւ սա կասկածի տակ չի կրնար դրուիլ»։

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն։ Ըստ իրեն, Արցախի ժողովրդավարութեան յետագայ զարգացումը կարեւոր է հիմնահարցի լուծման եւ տարածքաշրջանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման տեսանկիւնէն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020