ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ԿՈՉ
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մահացածներու թիւը բարձրացաւ 356-ի։ Երէկ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ ներկայացուց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 18 հազար 757 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 2 հազար 456 նոր վարակեալ։ Երէկ մահացողներուն թիւը եղաւ 79։ Թուրքիոյ մէջ ցարդ կատարուած քննութեան թիւը հասած է 125 հազար 556-ի։ Վարակեալներու ընդհանուր թիւն է 18 հազար 135։ Ցարդ համաճարակի զոհ գացած է 356 հոգի։ Թուրքիոյ մէջ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1101 հոգի։ Արհեստական շնչառութեան սարքաւորումի կապուած է 753 հիւանդ։ Ցարդ բուժուածներու թիւն է 415։
Նախարար Ֆահրետիին Քոճա երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշեց, որ օր մը առաջուան բաղդատմամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններու թիւը բարձրացած է աւելի քան 4 հազարի։ Քննութիւններու բաղդատմամբ ստուգուած հիւանդներու թիւը յարաբերաբար նուազած է։
Այս համայնապատկերին վրայ մասնագէտներ միշտ կը հարցաքննեն Թուրքիոյ մէջ համաճարակի դէմ որդեգրուած ռազմավարութիւնը։ Նոյն ամբողջին մէջ մասնաւորապէս մտահոգութեան առարկայ է մեծ քաղաքներու կացութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ վարակեալներու թիւի աճն ու համաճարակի ծաւալման թափը անհրաժեշտ կրնայ դարձնել տարբեր ռազմավարութիւններ։ Մասնագէտներու դիտարկումներուն զուգահեռ կառավարութիւնն ալ կը պատրաստուի նոր միջոցներ ձեռք առնելու Իսթանպուլի պարագային։ Այսպէս, տեղական մամուլի հաղորդումներով, 18 տարեկանէ փոքրերու փողոց դուրս գալը պիտի արգիլուի Իսթանպուլի մէջ։ Մասնաւոր ինքնաշարժներն ալ պիտի չկարողանան երթեւեկել քաղաքին մէջ։ Փողոց դուրս գալու արգելքի տարիքային շեմը 65-էն իջած է 60-ի։ Հանրային փոխադրամիջոցները պիտի երթեւեկեն աւելի քիչ թիւով ուղեւորներով։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ այսօրուան թշնամին է քորոնաժահրը։ Այդ թշնամիին դէմ պէտք է միանալ։ Նախագահ Էրտողան համոզուած է, թէ պէտք է մէկ կողմ թողուին քաղաքական, ազգային կամ դաւանական բոլոր տարբերութիւնները ու պէտք է վերյիշել վաղեմի ու յաւերժական եղբայրութիւնը։ «Օրը եղբայրութեան օրն է», ըսաւ նախագահը։