ՓՐՈՖ. ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ. «ԱՄՆ-Ի ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉՈՒՆԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կանխատեսումներ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ համաշխարհային համակարգին եւ պետութիւններուն վրայ։ Իր զգայացունց յայտարարութիւններուն մէջ ան մատնանշեց, որ համաճարակի հետեւանքով ծագած հասարակական անորոշութիւնները պիտի դառնան մշտական։ Ըստ իրեն, այլեւս անկարելի է, որ կլոպալ քաղաքական ու տնտեսական համակարգը փոփոխութեան չենթարկուի։ Մասնաւորապէս առողջապահական համակարգի եւ ընդհանրապէս ամբողջ պետական համակարգի անարդիւնաւէտութիւնը ի յայտ եկաւ ու պետութիւններու միջամտութիւնը շատ բարձրացաւ։ Ըստ իրեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ կ՚ակնկալուի, որ պետութիւնը ստանձնէ դեր մը, որ չէ իրականացուցած աւելի քան երբեք։ Բայց եւ այնպէս, այդ պետութիւնները նման կառոյցներ չունին։

Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառի (MIT) դասախօսներէն Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու նախընթաց օր ուեպինարի մը մասնակցեցաւ՝ կազմակերպուած Համաշխարհային թրքական գործարար խորհուրդի կողմէ։ Այս վերջինը կը գործէ Արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու խորհուրդի (DEİK) ենթակայութեամբ։ Տարօն Աճէմօղլու շեշտեց, որ համաճարակի տնտեսական հետեւանքները կրնան շատ խոր ըլլալ։ Վարակեալներու կողմէ տնտեսութեան բերուած նպաստը կը կորսուի։ Օրինակ՝ ներկայիս ԱՄՆ-ի մէջ ձեռք առնուած միջոցներուն հետեւանքով բնակչութեան 50 տոկոսը ետ քաշուած է ամբողջ արտադրութեան եւ սպառման ցանցէն։ Այս երեւոյթը թէ՛ կը կաղացնէ մատակարարումը եւ թէ պատճառ կը դառնայ պահանջարկի սոսկալի սահմանափակման։ «Իւրաքանչիւր ռեսեսիոնի ժամանակ ընկերութիւններ կը սնանկանան, ուրիշներ կը շարունակուին։ Սա բնական է։ Օրինակ՝ ԱՄՆ-ի մէջ իւրաքանչիւր ռեսեսիոնի շրջանին ընկերութիւններու միջին հաշուով 3 տոկոսը կը սնանկանային։ Այժմ, սակայն, խնդիրը շատ աւելի խորքային է։ Արդարեւ, սնանկանալ սկսած են ո՛չ միայն տնտեսական տեսակէտէ խոցելի ընկերութիւնները, այլեւ՝ միւս ընկերութիւնները, որոնք կ՚ազդուին մատակարարման շղթայի տկար օղակներէ», ըսաւ Տարօն Աճէմօղլու։

Անդրադառնալով համաճարակի թափին՝ Տարօն Աճէմօղլու նշեց, որ ան ներկայիս կը ծաւալի բազմապատկուելով։ Ծաւալման թափը ամբողջութեամբ կախում ունի շփումներէ։ Այս ընթացքին վրայ ազդելու միակ ճանապարհն է ընկերային շփումներու սահմանափակումը։ Չինաստան այս բազմապատկիչ ազդեցութիւնը յաջողեցաւ միանգամընդմիշտ նուազեցնել իր մենատիրական միջոցներով։ «Ինչպէս որ այս համաճարակը բազմապատկուելով կը ծաւալի, այնպէս ալ բազմապատկուելով կրնայ նուազիլ՝ եթէ ճիշդ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնուին։ Սա ալ յուսադրիչ է», ըսաւ Աճէմօղլու։

Այժմ նուրբ հարցադրումը հետեւեալն է. միթէ այս համաճարակը կանխելու միակ միջոցը Չինաստանի նման մենատիրակա՞ն ըլլալն է։ Ո՛չ… Աճէմօղլու կը մէջբերէ Սինկափուրի, Թայուանի, Ճաբոնի եւ Հարաւային Քորէայի օրինակները։ Այդ երկիրներուն մէջ առանց մենատիրութեան սահելու, յաջող ընկերային եւ տնտեսական միջոցներ ձեռք առնելով տագնապը կառավարուեցաւ եւ տնտեսութիւնները շուտով դրուեցան հունի մէջ։ Այս օրինակները կ՚ապացուցանեն, թէ Չինաստանի մենատիրութենէն աւելի տարբեր ճանապարհներ ալ գոյութիւն ունին։ Տարօն Աճէմօղլուի խորհրդածութիւններով, աշխարհ նման ճգնաժամեր ապրած էր 1929 թուականի Մեծ տագնապէն եւ Բ. Աշխարհամարտէն վերջ, երբ պետութիւններու հակակշիռը բարձրացած էր։ Բայց եւ այնպէս, ծրագրաւորուած ձեւով նախ տնտեսութիւնը վերակենդանացուած էր, բարեկեցիկ պետութիւնը ձեւաւորուած էր եւ աւելի վերջ քաղաքացիական հասարակութիւնը կանգնած էր ոտքի վրայ։ Եւ այս բոլորին շնորհիւ զարգացած էր ժողովրդավարութիւնը։ Չինաստան այժմու ճգնաժամը մենատիրութեամբ յաղթահարած է, իսկ Ասիոյ միւս երկիրները տագնապը յաղթահարած են առանց մենատիրութեան սահելու։ Պատճառը այն է, որ բացի Չինաստանէն՝ միւս երկիրներէն ներս քաղաքացիական հասարակութիւնը ամուր է եւ ի վիճակի է հաւասարակշռելու պետութեան ուժը։ Այդ երկիրներուն մէջ պետութիւնն ու մասնաւոր հատուածը համակարգուած աշխատելով յաղթահարած են ճգնաժամը, ժողովուրդն ալ հնազանդած է բոլոր նախազգուշական միջոցներուն եւ հակակշռած՝ պետութիւնը։ Պետութիւնը իսկապէս պէտք է զօրանայ, սակայն այդ բանը պէտք է շատ լաւ հակակշռուի։ «Պայման է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովրդավարական նոր հաստատութիւններ ստեղծուին», ըսաւ Աճէմօղլու։

Իր կանխատեսումներով, ընկերային կեանքի մէջ հեռաւորութեան պահպանուիլը տակաւին քանի մը տարի պիտի շարունակուի։ Սա պատճառ պիտի դառնայ ճաշարաններու նման բազմութիւն գործի օրինակներու ամբողջութեամբ եղափոխման։ Բաց աստի, խորհրդաժողովներու եւ զբօսաշրջութեան հատուածներն ալ արմատական ձեւով պիտի դանդաղին առնուազն քանի մը տարի։ Եթէ նոյնիսկ պատուաստանիւթը գտնուի, ապա հոգեբանական թրաւմայի հետեւանքով միջազգային զբօսաշրջութիւնը դժուար թէ քանի մը տարուան ընթացքին վերականգնուի։

Աճէմօղլուի կանխատեսումներով, զարգացած երկիրներու մէջ համաճարակի հակակշռման սկսելէն վերջ, տակաւին չհակակշռուած երկիրներէն եկածներու սահմանափակումը պիտի սկսի։ Սա մէկ կողմէ համաշխարհայնացման վրայ պիտի ազդէ, իսկ միւս կողմէ անցումներու անխոչընդոտելիութեան պատճառաւ վարակի նոր ալիքներու ծնունդ կրնայ տալ։ Այս համաճարակը, իրականութեան մէջ, ի յայտ բերած է նաեւ շատ լուրջ ուրիշ խնդիր մը։ Ամբողջ աշխարհի մէջ հաստատութիւններու հեղինակութիւնը նուազած էր։ Տարօն Աճէմօղլու այս երեւոյթը բացատրած է մասնագիտական հաստատութիւններու վրայ գործադրուած քաղաքական ճնշումով։

Ի լրումն այս բոլորին, Տարօն Աճէմօղլու ընդգծած է, որ Թուրքիա տնտեսական տեսակէտէ վատ կացութեան մը մէջ դէմ յանդիման մնացած է այս համաճարակին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020