«ՀԱՒԱՏԱԼ»ՈՒ ՄԱՍԻՆ

Մենք մեր հաւատքը դաւանելու ատեն, կը սկսինք ըսելով. «Ես կը հաւատամ» կամ «Մենք կը հաւատանք»։ Ուրեմն մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատալ»։

Հաւատքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լո՛յս կը սփռէ։ Արդարեւ, Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։

Աստուած չի դադրիր մարդը իրեն քաշելէ եւ մարդը միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը…։

Երկու հռչակաւոր ֆրանսացի գրագէտներու խօսքը կը մտաբերենք այս առթիւ։

«Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար, մարդ պիտի հնարէր Աստուած մը», կ՚ըսէ Voltaire։

Իսկ La Bruyère կ՚ըսէ. «Աստուծոյ գոյութիւն չունենալը ապացուցանելու անկարելիութեան մէջ գտնուիլս ինձ կը յայտնէ Անոր գոյութիւնը»։

Նաեւ Alexander Smith, սկովտիացի բանաստեղծը սապէս կ՚ըսէ. «Ամենէն տխուր բանը այն ատեն կը պատահի հոգիի մը, երբ ան կը կորսնցնէ իր հաւատքը առ Աստուած»։

Ուրեմն եթէ, ինչպէս կը հաւատա՛նք, Աստուծոյ գոյութիւնը եւ մեր հաւատքը այնքան սերտօրէն կապուած են մարդկութեան կեանքին եւ երջանկութեան հետ, ապա ուրեմն, ո՜րքան գերազանցօրէն աւելի մօտէն կապուած են անոնք մեր իւրաքանչիւրին կեանքին եւ գոյութեան հետ, քանի որ մեր հաւատքը եւ մեր եկեղեցին եղած են, այսքան դարերու միջոցին մեր ինքնութիւնը պահպանող ամենէն զօրաւոր ազդակները։

Արդարեւ, մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի իր Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։ Այս կոչումը՝ հրաւէրը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ, կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։ Որովհետեւ մարդը եթէ գոյութիւն ունի, պատճառը այն է որ Աստուած ստեծեց զինք սիրով եւ չի դադրիր սիրով անոր գոյութիւն տալէ։ Եւ մարդը լիովին չ՚ապրիր ըստ ճշմարտութեան, եթէ ոչ ինքնակամ ճանչնալով այս աստուածային անկեղծ եւ ճշմարիտ սէրը եւ ինքզինք տալով իր Արարչին։

Մարդիկ բազմազան կերպերով, պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս, Աստուծոյ իրենց որոնումը արտայայտեցին իրենց դաւանութիւններով, հաւատքով եւ իրենց կրօնական վարմունքով. ինչպէս՝ աղօթքներով, զոհերով, պաշտամունքներով, խորհրդածութիւններով, եւ այլն։ Արտայայտութեան այս կերպերը, հակառակ երկդիմութիւններուն զորս կարող են բովանդակել, այնքա՛ն ընդհանրական երեւոյթներ են, որ կարելի է մարդը կոչել «կրօնական էակ»։

Ուստի, հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Հաւատալը արարքն է բանականութեան, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի»։

Այս ուղղութեամբ «Հաւատամք»ին վերջին «Ամէն»ը կը վերակոչէ եւ կը վերահաստատէ իր առաջին «կը հաւատամ» բառը։ «Հաւատալ»՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն «Ամէն» ըսել է. ամբողջովին վստահիլ Անոր, որ անհո՜ւն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէն»ն է։

Քրիստոնեային ամէնօրեայ կեանքը պէտք է լիանայ այս «Ամէն»ով։ Եւ դարձեալ, քրիստոնեային ամէնօրեան պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը, իբր պատասխա՛ն մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «Կը հաւատամ»ին։

«Թող քու Հանգանակդ ըլլայ քեզի՝ զերդ հայելի մը։ Ինքզինքդ դիտէ՝ անոր մէջ, տեսնելու համար, թէ դուն արդեօք կը հաւատա՞ս այն ամէն ինչին, որուն հաւատալ կը յայտարարես։ Եւ ամէն օր հրճուէ՝ քու հաւատքովդ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Արդարեւ, մեր փրկութիւնը ընդունելու համար անհրաժե՛շտ է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի եւ զԻնք մեր փրկութեան համար Առաքողին։ «Եւ քանի որ առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ» (ԵԲՐ. ԺԱ 6) եւ հասնիլ Անոր որդիներուն վիճակին մասնակցութեան, ուստի ո՛չ ոք առանց հաւատքի կ՚արդարանայ եւ ո՛չ ոք յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունի եթէ հաւատքին մէջ «մինչեւ վերջ չէ յարատեւած» (ՄԱՏԹ. Ժ 22, ԻԴ 13)։

Աստուծոյ մարդուն տուած Հաւատքը ձրի պարգեւ մըն է։ Մենք կարող ենք կորսնցնել այդ անգնահատելի պարգեւը մեր մարդկային տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն պատճառով։ Այս մասին է որ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ Տիմոթէոսը. «Մղէ՛ գեղեցիկ պայքարը, պահպանէ՛ հաւատքդ եւ մաքուր խիղճդ. ոմանք մերժեցին զայն եւ ասոր համար հաւատքին մէջ նաւաբեկ եղան» (Ա ՏԻՄ. Ա 18-19)։ Հաւատքին մէջ ապրելու, աճելու եւ մինչեւ վերջ յարատեւելու համար, պարտինք զայն սնուցանել Աստուծոյ Խօսքով։ Պարտինք աղերսել Տէրը որ աւելցնէ զայն։ Հաւատքը պէտք է գործէ «սիրով» (ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐ. Ե 6) եւ (ՅԱԿ. Բ 14-26), պաշտպանուի «յոյսով» (ՀՌՈՄ. ԺԵ 13) եւ արմատանայ Եկեղեցւոյ հաւատքով։

Հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մեզի ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան, որ այս աշխարհի վրայ մեր ճանապարհորդութեան վախճանն է։ Այն ատեն Աստուած «դէմ յանդիման» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 12) պիտի տեսնենք «ինչպէս որ է» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 2)։

Հաւատքը յաւիտենական կեանքին արդէն իսկ սկի՛զբն է։

«Հաւատքին օրհնութիւնները հայելիին արտացոլումին մէջէն այժմէն իսկ սեւեռելով, մենք կարծես արդէն իսկ կը տիրանանք այս սքանչելիքներուն, որոնց մասին մեր հաւատքը կը հաստատէ, թէ օր մը պիտի վայելենք զանոնք», կ՚ըսէ Սուրբ Բարսեղ Մեծ։

Մեր եկեղեցին, մեր հաւատքը մեզի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի։ Դարեր առաջ հիմնուած եւ հաստատուած մեր հաւատքը՝ զանազան փորձութիւններէ, նեղութիւններէ անցնելով հասած է բարոյական եւ հոգեկան ներկայ վիճակին։ Հաւատքն է որ պիտի փրկէ մեզ ամէն նեղութենէ, դժուարութենէ եւ փորձութենէ։

Եւ ահաւասիկ, ներկայ օրերուս շատ աւելի պէտքը կը զգանք բարոյական այն մեծ զօրութեան՝ հաւատքին։ Ուրեմն փորձենք վերաքննել, աչքէ անցընել մեր հաւատքը եւ վերհաստատել զայն մեր մէջ, արդարեւ, հոն՝ ուր մարդկային գիտութեան սահմանը եւ կարելիութիւնը անբաւարար կը մնայ գոնէ ժամանակի մը համար, հաւա՛տքն է որ մեզ պիտի հասցնէ հանդարտ եւ խաղաղ նաւահանգիստներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 28, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020