Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ ՄՐՑՈՅԹ
«Քայլ առ քայլ». Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը առցանց հարթակի վրայ կ՚իրականացնէ հետաքրքրական մրցոյթ մը։ Այսպէս, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը իր պահոցներուն մէջ ի պահ դրուած յայտնի եւ անյայտ լուսանկարներու հիման վրայ կ՚իրականացնէ խաղ-մրցոյթ մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «Քայլ առ քայլ» խաղ-մրցոյթի կանոններն են աշխոյժ մասնակցիլ յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող խաղին՝ մուտք գործելով տրուած յղումով՝ https://puzzel.org/en/slidingpuzzle/play, հաւաքել գլուխկոտրուկը հնարաւորինս արագ եւ ճիշդ կիսուիլ արդիւնքով մեկնաբանութիւններու հատուածին մէջ:
Ամենալաւ արդիւնքներ ցուցաբերած մասնակիցները Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի կողմէ կը ստանան անակնկալ նուէր:
Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2020