Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ՄԱՀ՝ ԹԱԼԻՆ ՄԱԹՈՍՕՂԼՈՒԻ
Ցաւով տեղեկացանք, թէ վերջին օրերուն անժամանակ ձեւով իր մահկանացուն կնքած է մեր կրթական համակարգի համակրելի դէմքերէն Թալին Մաթոսօղլու։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը, ան երկար տարիներ եղած էր Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհին։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին աշխատած էր դպրոցի վերելքին համար եւ իր դրական ծառայութիւնները Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ կը վերյիշուին երախտագիտութեամբ։
Թալին Մաթոսօղլու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը մնացած է անբաւարար եւ ան անժամանակ ձեւով աչքերը փակած է կեանքին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Թալին Մաթոսօղլուի հոգւոյն եւ կը վշտակցինք սիրելիներուն։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020