ԱՆԳԼԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԽՕՍՔ ՈՒՂՂԵՑ՝ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով խօսք ուղղեց ամբողջ ժողովուրդին, Միացեալ Թագաւորութեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած պետական միաւորներու ամբողջ բնակչութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ այս ելոյթը ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. թագուհին։ Սա իսկապէս թէ՛ պատմական եւ թէ արտասովոր իրադարձութիւն մըն էր։ Արդարեւ, իր գահակալութեան 68 տարիներու ընթացքին Էլիզապէթ Բ. թագուհին չորրորդ անգամ խօսք ուղղեց ժողովուրդին։
Այս ելոյթը լայն արձագանգ գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ BBC-ի առընթեր, միջազգային յառաջատար բոլոր հեռուստակայանները ուղիղ եթերով տեսասփռեցին Անգլիոյ թագուհիին ելոյթը։ Թագուհին այս առթիւ ընդհանուր խորհրդածութիւններ ըրաւ համաճարակի մթնոլորտին շուրջ եւ ինք եւս կրկնեց ինքնամեկուսացման յորդորները, որոնք ներկայիս յաճախ արձագանգ կը գտնեն համայն աշխարհի մէջ։ Անգլիոյ թագուհին ընդգծեց, որ համաճարակը պիտի յաղթահարուի շնորհիւ իր երկրին բնորոշ առանձնայատկութիւններուն, որոնց շարքին է կարգապահութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ մարդիկ դարձեալ ինքնամեկուսացումէ վերջ զիրար պիտի վերագտնեն։ Էլիզապէթ Բ. թագուհի շեշտեց, որ մերօրեայ սերունդը պիտի յիշուի այս համաճարակի դէմ ցուցադրելիք դիմադրութիւնով։ Ան ըսաւ, որ Անգլիոյ ներկայ սերունդը այսպէսով պիտի ապացուցանէ իր զօրութիւնը։ Էլիզապէթ Բ. թագուհին փորձեց խրախուսել ժողովուրդը՝ տարակոյս չյայտնելով համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարի արդիւնքի յաջողութեան մասին։