ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԲՈՒԺՈՒԱԾ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ ՀԱԶԱՐԻ ՍԱՀՄԱՆԸ
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ համաճարակի հետեւանքով եւս 73 հոգի մահացաւ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը դժբախտաբար հասաւ 574-ի։ Ներկայ պայմաններով վարակեալներու թիւն է 27 հազար 69-ը։ Նախարարը ընդգծեց, որ երէկուան դրութեամբ քննութիւններու օրական թիւի տեսակէտէ Թուրքիա յաղթահարած է 20 հազարի շեմը։ Այսպէս, երէկ երկրէն ներս կատարուած է 20 հազար 65 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ախտորոշուած է 3 հազար 175 նոր վարակեալ։
Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ցարդ ապաքինած վարակեալներու թիւն ալ գերազանցած է հազարի սահմանը։
Նախարարը հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի ամբողջ ժողովուրդը անպայման կարգապահութեամբ հնազանդի նախազգուշական միջոցներուն։