ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին հինէն ի վեր տօնած է Սուրբ Աւետման սքանչելի՜ եւ մե՛ծ տօնը։

Հաստատուն, անշարժ տօն մըն է Աւետման տօնը, որ ամէն տարի կը տօնուի ապրիլ 7-ին։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ Սուրբ Աւետման տօնը հռչակուած է իբրեւ «Մայրութեան օրհնութեան» օր։ Ուստի այս տօնը նաեւ «մայրութեան» եւ «գեղեցկութեան օր» է։ Մայրութեան բերկրանքին սպասող կիներու օրհնութեան օրն է այս տօնը։

«Աւետել», «աւետիս տալ» կը նշանակէ բարի լուր հաղորդել։ Ահաւասի՛կ «բարի լուր» մը. մեծ իրադարձութեան աւետման տօնն է մեր Տիրոջ եւ Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան աւետման տօնը։

Այս աւետիսը ստանալով Սուրբ Կոյս Մարիամը, երբ 14-ամեայ օրիորդ մըն էր տակաւին՝ փառաւորուեցաւ։ Ըստ եկեղեցական աւանդութեան՝ ան, ծնողներուն կողմէ մանկութենէն իսկ նուիրուած ըլլալով Աստուծոյ, սրբութեամբ եւ կուսութեամբ ապրած էր Աստուծոյ Տանը՝ Երուսաղէմի Տաճարին մէջ։

Երբ լրացաւ Մարիամի 14-րդ տարին, քահանայապետները, կնութեան առնելու համար զայն յանձնեցին Յովսէփ անունով բարեպաշտ եւ արդար մարդու մը՝ որուն հետ սրբուհի կոյսը գնաց Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքը եւ բնակութիւն հաստատեց անոր տանը մէջ։ Յովսէփին հետ նշանուած էր Մարիամ, սակայն չէին ամուսնացած եւ իրար չէին մօտեցած։

Այդ ժամանակաշրջանին բարեպաշտ ժողովուրդը համակուած, լեցուած էր Մեսիա-Քրիստոսի աշխարհ գալու ակնկալութեամբ, որ խոստացած էր Աստուած։ Մարդիկ կը սպասէին Քրիստոսին՝ Տիրոջ Օծեալին, որ աշխարհ պիտի գար իբրեւ փրկիչ։ Սուրբ Կոյսը նոյնպէս Երուսաղէմի Տաճարին մէջ ապրած տարիներուն տեղեկացած էր աստուածային այս խոստումին եւ կ՚ակնկալէր Փրկչի գալուստը։

Երբ արդէն վեցերորդ ամիսն էր Եղիսաբէթի յղութեան, Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակապետի միջոցով աւետեր էր, որ Մարիամի ազգականը Եղիսաբէթ, որ ամուլ էր, պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի (Յովհաննէս Մկրտիչը), որ Տիրոջ առջեւէն պիտի երթայ՝ Անոր համար ճամբայ պատրաստելու դէպի մարդոց սիրտերը, եւ չորրորդ ամիսն էր, երբ Սուրբ Կոյս Մարիամ կ՚ապրէր Յովսէփի տունը, նոյն Գաբրիէլ հրեշտակապետը Աստուծոյ կողմէ ուղարկուեցաւ անոր մօտ՝ Պաղեստինի Գալիլիա շրջանի Նազարէթ քաղաքը։ Հրեշտակը, գալով սրբուհի Մարիամի մօտ, ըսաւ. «Ուրախացի՛ր, ո՛վ շնորհընկալ, Տէրը քեզ հետ է»։ Իսկ սրբուհի Մարիամ, այս խօսքերուն վրայ խռովեցաւ եւ մտքին մէջ կը խորհէր, թէ ի՛նչ կը նշանակէր այս ողջոյնը։ Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդին վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (ՂՈՒԿ. Ա 28-33)։

Իսկ Մարիամ հրեշտակին ըսաւ. «Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ»։ Հրեշտակը պատասխանեց. «Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է։ Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։ Մարիամ ըսաւ. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ»։ Եւ հրեշտակը հեռացաւ Մարիամի քովէն։ (ՂՈՒԿ. Ա 34-38)։

Հրեշտակապետի տեսնուելէն եւ ողջոյնէն սրբուհի Մարիամ կը խռովի. սակայն չ՚աճապարեր պատասխանել, այլ նախ կը սկսի մտքին մէջ խորհիլ, քննել, թէ ի՛նչ կրնան նշանակել ողջոյնի այդ խօսքերը, այսինքն՝ ընտրողութիւն կը կատարէ։ Ապա, երբ հրեշտակապետէն կը ստանայ Յիսուսով իր յղացման աւետիսը, կը հաւատայ, եւ խորհելով ըսուածին մասին, կը հարցնէ, թէ՝ «ինչպէ՞ս այդ կը պատահի ինձ, քանի որ ես այր մարդ չեմ ճանչնար»։ Երբ կ՚իմանայ նաեւ յղացման կերպը, որ այդ ըլլալու է ո՛չ թէ այր մարդէ, այլ Սուրբ Հոգիի իջմամբ, այդ ժամանակ միայն կը յայտնէ իր յօժարութիւնը, եւ նաեւ հնազանդութիւնը Աստուծոյ կամքին։ «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլալ»։

Սուրբ Աւետմամբ Որդին Աստուած մարմնացաւ, մարդացաւ, ստացաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի արիւնը եւ միաւորեց Իր Աստուածութեանը, եւ «Կատարեալ Աստուած եղաւ կատարեալ մարդ»՝ միաւորեալ մէկ աստուածամարդկային բնութեամբ։

Սուրբ Աւետմամբ Սուրբ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ ծագեցաւ լուսափայլ Ճառագայթը՝ Բանն Աստուած՝ Որդին Աստուած, որ սրբուհիի համաձայնութիւնը ստանալուն պէս իջաւ անոր արգանդը եւ այնտեղ նկարեց Իր արքայական կատարեալ պատկերը։

Սուրբ Կոյս Մարիամի ստացած աւետիսով կիներ վերստացան մարդկային ցեղի նախամօր՝ Եւայի մեղքի պատճառով կորսնցուցածը։ Սուրբ Կոյսը, պահպանելով հանդերձ կուսութեան իր պատիւը, մայրացաւ, դարձաւ Աստուծոյ մայրը, կրեց զԱյն իր սուրբ արգանդին մէջ 9 ամիս եւ 5 օր՝ մինչեւ Փրկչի ծնունդը (ապրիլի 7-էն մինչեւ յունուարի 6-ը)։

Սակայն Սուրբ Աւետումով պատուուեցաւ ո՛չ միայն կոյս Մարիամը՝ արժանանալով «Աստուծոյ Մայր» կոչուելու եզակի եւ բարձրագոյն պատիւին, այլեւ պատուուեցաւ մայրութիւնը ընդհանրապէս։ Մայրութիւնը բարձրացաւ պատուոյ նոր եւ վսեմ աստիճանի, եղաւ ա՛լ առաւել ակնածելի իրողութիւն մը։

Մայրութեան գաղափարը բարձր եւ վսեմ խորհուրդ մըն է, եւ մեզի համար ամենէն հարազատ ու սրտամօտ արժէքները կապուած են անոր հետ։ Զոր օրինակ, զուր չէ, որ կը կոչենք «մայր եկեղեցի», «մայր հայրենիք», «մայր հող», «մայրենի լեզու», եւ այլն։ «Մայր Եկեղեցի», քանի որ անոր սուրբ աւազանէն ստացած ենք մեր հոգեւոր ծնունդը, քանի որ անոր միջոցով կ՚ապրինք, կը գործենք, քանի որ ան է մեր գոյութեան գրաւականը… եւ մայրենի լեզու, քանի որ մեր կեանքի առաջին իսկ պահերէն մեր մայրենի քաղցրաբարբառ շուրթներէն կը լսենք այն եւ կը սորվինք իբրեւ մեր անհատական եւ հաւաքական ինքնութեան հիմքը։

Մայրութեան վսեմ գաղափարն է, որ մայրական կաթի հետ կը ներթափանցէ մեր էութեան մէջ եւ սկիզբ կը դնէ մեր ձեւաւորմանը իբրեւ արժանաւոր մարդիկ՝ շաղախուած մայրական սիրով եւ գորովով։ Մայրութեան վսեմութիւնն է, որ մեզ կը մղէ որդիական սիրով եւ երախտագիտութեամբ խոնարհելու մեր մայրերու առջեւ։

***

Աւագ երեքշաբթի կը յիշուի նաեւ Տասը կոյսերու յիշատակը։ Ամէն մարդ հրաւիրուած է երկնաւոր փեսային հարսանիքին. բայց լապտեր ունենալ բաւական չէ. պէ՛տք է նաեւ առատ իւղ ապահովել՝ պէտք է ունենալ կենդանի հաւատք, շնորհ եւ իրական, անկեղծ սէ՛ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 30, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020