ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ, ԱՄՊԻՈՆԻ ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ՝ ՇԱՀԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Աշխարհի երեսին կան շատ տաղանդաւոր, մեծանուն, նշանաւոր ու մարդկային բարձր յատկանիշներով օժտուած մարդիկ։ Սակայն բոլոր թուածներս անձի մը մէջ՝ հազուագիւտ երեւոյթ մըն է։ Ինծի բախտ վիճակած էր իմ ազգականներու մէջ ունենալ այդպիսի մէկը. Իզապելլա մեծ մայրիկիս տաղանդաշատ ընտանիքէն եղբայրը՝ Շահէն Աբրահամեանը, մեր պարծանքը, որ ամէնուր կը փայլէր իւր մարդ տեսակով։ Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ երբեւէ սրդողած ըլլար սա յարգարժան պարոնէն։ Ան պարզ ու հասարակ մեծութիւն մըն էր, միաժամանակ գիւղացի, հողագործ՝ ամուր կառչած իւր արմատներուն։

Յիրաւի, ամպիոնի դասախօսը երբեք չէ ձգած իր ձեռքի մանգաղն ու բահը։ Օրուայ ընթացքին քանի մը անգամ կը կերպարանափոխուէր։ Շաբաթուայ մէջ քանի մը օր, առտու կանուխ կը հագնէր իր տարազը, կոկիկ տեսքով, բարի ժպիտը դէմքին կը ներկայանար համալսարան՝ սերունդներ կրթելու ու դաստիարակելու։ Տունդարձին կը վերածուէր հասարակ գիւղացիի մը։ Յարմարաւէտ հագուստներով կը շտապէր հոգ տանիլ մեղուներու, անասուներու, մշակել մրգաստաններն ու պարտէզները։ Իսկ ստացած բերք ու բարիքէն կը շտապէր բաժին հանել քոյր-եղբայներուն, բոլոր մերձաւորներուն։ Երեկոներն ալ յոգնած ու դադրած կը դառնար տուն, ուր ընթրիքի սեղանը շտկած իրեն կը սպասէին սիրելի կինն ու ընտանիքի միւս անդամները։

Ով հանդիպել է նրանց իր կեանքում
Եւ ուշիմ լսել զրոյցը խոհեմ,
Ասել է՝ դուռն է բացել դրախտի,
Տեսել՝ թէ ինչ է հեքիաթը բախտի…

Գողտրիկ Արցախ աշխարհի նշանաւոր գրողներէն՝ Սոկրատ Խանեան այսպէս սկսած էր իր բանաստեղծական տողերուն՝ նուիրած հանգուցեալ ընկերոջը՝ մեծանուն մտաւորական Շահէն Աբրահամեանին։ Այո՛, վրիպում մը չկայ, աւա՜ղ հանգուցեալ։ Մեր վերջին հանդիպումի ընթացքին պարոն Աբրահամեան այլեւս յանձնուած էր անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն ու կարճ ժամանակ անց՝ 87 տարեկանին աչքերը փակած կեանքին։

Շահէն Աբրահամեան ծնած էր 1933 թուականի յունուարի 22-ին Արցախի Հանրապետութեան, Շուշիի շրջանի Քարին Տակ գիւղին մէջ։ 1700-ական թուականներէն սկսեալ փրոֆեսէօրի նախնիները բնակած են այս գիւղին մէջ։ Միքայէլ ու Նուրվարդ Աբրահամեան ամոլի եօթ զաւակներէն մին էր պարոն Աբրահամեան։ Ունէր երեք քոյր ու երեք եղբայր՝ Իզապելլա, Էրնեստ, Վովա, Ռոզա, Արեգ ու Վեներա։

Մասնագիտութեամբ կապաւոր Միքայէլն ու տնային տնտեսուհի Նուրվարդը հասցուցած էին եօթ յաջողակ զաւակներ, որոնք իրենց կեանքի հոլովոյթին յաջողեցան նուաճել զանազան բարձունքներ, փառք ու պատուի արժանանալով Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ։

Շահէն Աբրահամեան ամուսնացած էր իր աշակերտուհիին՝ Ալվարդ Յակոբեանի հետ։

Ալվարդը իսկը սարերի Ալ Վարդ,
Ժպիտը դէմքին, բարեւը շրթին,
Շահէնը՝ իսկը կոփուած տղամարդ,
Օրէնքներով նոր, աւանդներով հին։
Երկուսը մէկտեղ՝ գարնան ծիծեռնակ,
Բոյնը ամրակուռ, սէրը՝ սրտալից,
Ձագուկներն առած նրբին թեւի տակ,
Երազում էին օրերը գալիք։
Զրուցում էին՝ ճակատ-ճակատի,
Հոգսով միասին, միասին՝ սիրով,
Աստուած նայում էր նրանց իր գահից,
Հայրաբար օրհնում հեքիաթը սիրոյ։
Ալվարդը դարձաւ մայրիկ ու տատիկ,
Շահէնը աշխոյժ հայրիկ ու պապիկ,
Էլ ո՞վ կարող էր մրցել նրանց հետ,
Ալվարդը՝ Այա, Շահէնը՝ Նահապետ։

Երջանիկ ամոլը ունէր երկու զաւակ ու մէկ դուստր՝ Գարիկ, Գառնիկ, Նուարդ. 12 թոռ՝ Արտեմ, Իշխան, Ալվարդ, Յովհաննէս, Միքայէլ, Տաթեւ, Մարիաննա, Տիգրան, Սվետա, Մերի, Սուրիկ, Նարեկ ու 7 ծոռ՝ Իրա, Լիա, Եանա, Աննա, Մերի, Սոֆի, Շահէն։

Շահէն Աբրահամեան նախնական կրթութիւնը ստացած էր Քարին Տակ գիւղի երբեմնի եօթնամեայ վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ ուսումը շարունակած էր Շուշիի Մանկավարժական ուսումնարանին մէջ։ Ուսումնարանը աւարտելէ վերջ մեկնած էր Պաքու, ուր որոշ ժամանակ աշխատած որպէս նաւթագործ բանուոր։ Աւարտած էր Պաքուի Մանկավարժական կաճառի հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժինը։

Գիտութեամբ զինուած պարոն Աբրահամեան վերադարձած էր հայրենի գիւղ ու դասաւանդած՝ տեղւոյն միջնակարգ դպրոցին մէջ։ Վարժարանի մէջ երեք տարի աշխատած էր որպէս փոխ-տնօրէն։ Այնուհետեւ, որպէս Շուշիի Համայնավար երիտասարդական միութեան շրջանային կոմիտէի քարտուղար, անցած էր աշխատանքի։ Ապա տեղափոխուած էր Ստեփանակերտ։ Արցախի մայրաքաղաքին մէջ աշխատած էր եղբայրական կազմակերպութեան մարզային կոմիտէէն ներս, որպէս քաղաքական գծով դպրոցական բաժնի ղեկավար։

1964 թուականին Համայնավար կուսակցութեան շարքերէն ներս անցած էր կուսակցական աշխատանքի։ Մարզային կոմիտէի մէջ աշխատած էր որպէս տուեալ կոմիտէի դասախօսական խումբի ղեկավար։ Ապա՝ ուսման ծարաւ մտաւորականը Մոսկուայի մէջ, կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէին կից բարձրագոյն կուսակցական դպրոցի երդիքին տակ ուսանած էր երկու տարի։ Զայն աւարտելէ վերջ վերադարձած էր Արցախ՝ կուսակցական աշխատանքի։

Իր կեանքի հոլովոյթին զբաղեցուցած էր քանի մը պատասխանատու ու բարձր պաշտօններ։ Եղած էր Արցախի Պետական համալսարանի առաջին վերատեսուչը։ Վերջինիս հեղինակութեամբ լոյս տեսած են բազում քաղաքական յօդուածներ ու գրքեր։

Այժմ անցնինք մեր զրոյցին.

-Պարոն Աբրահամեան, ինչպիսի՞ մանկութիւն ունեցած էք։

-Վաղ շրջանի իմ մանկութիւնը՝ 30-ական թուականներու երկրորդ կէսերէն մինչեւ 1940 թուականը շատ լաւ անցած էր՝ շրջապատուած ծնողաց հոգատարութեամբ։ Այդ շրջանին մեր տան սիւնը, ղեկավարը մեծ հայրս էր՝ Արտեմ ապան։ Անոր խօսքը ոչ մէկ անգամ անտեսած ենք։ Մեծ հայրս կրագործ էր։ Ան շատ աշխատասէր ու յարգուած անձ մըն էր։ Սակայն, երբ սկսաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը՝ մեր կեանքը փոխուեցաւ։ Մինչեւ 1940-ական թուականներու երկրորդ կէսերը մեր տան բոլոր հոգերը բարդուած էին իմ մեծ հայրիկի ուսերուն։ Այդ տարիներուն մենք ապրեցանք սովի, դժուարութիւններու ծանր շրջան մը։ 1947 թուականի նոյեմբերի 7-ին մեծ հայրս աչքերը գոցեց կեանքին։ Արտեմ ապան կորսնցնելէ վերջ իմ հայրիկը անցաւ մեր ընտանիքի գլուխը։

-Կը յիշէ՞ք որեւէ յիշարժան դէպք ձեր մանկութենէն։

-Շատ հետաքրքրական դէպք մը տեղի ունեցած էր, զոր մինչեւ այսօր վառ է իմ մտքի մէջ։ Այդ տարիներուն մենք մեր տունը կը տաքցնէինք վառարանի օգնութեամբ։ Վառարանի համար փայտն ալ շալակով կը բերէինք անտառէն։ Օր մը բաւականին յոգնած, ուժասպառ անտառէն տուն կը դառնայի փայտերը շալկած։ Ճամբան զիս կանգնեցուց տարեց կին մը՝ Անուշ պաճըն ու ըսաւ. «Քանի մը վայրկեան սպասէ, քեզի բան մը պիտի ըսեմ» ու շտապեց տուն։ Վերադարձին իր գոգնոցէն հանեց մեծկակ կտոր մը հաց… կարմիր գոյնի հաց… Այդ հացին համն ու բոյրը առայսօր չեմ մոռցած, կը յիշեմ, քանզի այդ վայրկեանին ես անասելի քաղցած էի։

Առհասարակ իմ մանկութիւնը անցած է մեր գիւղի դաշտերուն մէջ։ Տասն տարեկանէս ի վեր կը զբաղիմ հողագործութեամբ։ Թերեւս մինչեւ իմ կեանքի 85-րդ տարիները աշխատած եմ հողի, մեղուներու, անասուներու հետ։

-Արդեօք վառ յիշատակ մը ունի՞ք ձեր ծնողներու հետ կապուած։

-Մայրիկիս հետ կապուած իմ բոլոր յիշողութիւնները վառ են։ Մենք շատ կապուած էինք իրարու։ Մենք ունէինք մեր գաղտիքները։ Այդ գաղտնիքները ոչ մէկը իմացած էր, միայն ես ու մայրս՝ գիտէինք։

Հայրս բաւականին քիչ շփում ունեցած էր իր զաւակներուն հետ։ Բնաւորութեամբ սակաւախօս էր։ Համայնավար մարդ մըն էր։ Բնաւ չեմ յիշեր, որ իմ հայրիկը երբեւէ համբուրած կամ գրկած ըլլար իր երեխաներէն որեւէ մէկը։ Նոյնիսկ իրարու ձեռք չէինք սեղմած, պարզապէս կը բարեւէինք։

Մեր ընտանիքի մէջ մշտապէս կը տիրէր համերաշխութիւն ու խաղաղութիւն։ Ունեցած եմ լաւ ու հաւատարիմ ծնողներ։ Բնաւ չեմ յիշեր, որ մեր ծնողներէն ոեւէ մէկը մեզի երբեւէ ծեծած, անիծած կամ կծու խօսք մը ըսած ըլլայ։

-Ձեր ծնողները ունէի՞ն բարձրագոյն կրթութիւն։

-Մայրս՝ Նուրվարդ Աբրահամեան Յարութիւնին, չունէր կրթութիւն։ Սակայն գիտէր գրել-կարդալ։ Ան շատ հեքիաթներ կարդացած էր իր զաւակներուն ու թոռներուն։ Հայրս՝ Միքայէլ Աբրահամեան Արտեմին՝ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ աւարտած էր կապի գծով յատուկ դպրոց մը։

-Ո՞րն էր ձեր կեանքի լաւագոյն շրջանը։

-Կրնամ ըսել, թէ իմ կեանքի լաւագոյն շրջանը իմ ուսանողական տարիներն էին։ Ես աղքատ ուսանող մըն էի։ Չունէի լաւ հագուելիքներ, սակայն ազատ էի։ Ունէի ընկերական լայն շրջանակ։ Իմ ընկերները զիս շատ կը սիրէին։ Անոնք միշտ հաշուի կ՚առնէին իմ կարծիքն ու գաղափարները։ Բաց աստի, ուսանողական տարիներուն է, որ ես կրցայ կայանալ որպէս մասնագէտ։

-Կը պատմէք, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ բանասիրութենէ դէպի քաղաքականութիւն ձեր անցումը։

-Մոսկուայի մէջ երկու տարի իմ ուսանած բարձրագոյն կուսակցական դպրոցը իր էութեամբ քաղաքական էր։ Ան կը պատրաստէր քաղաքական գործիչներ։ Այս դպրոցը բարձր վարկանիշ ունէր Խորհրդային Միութեան տարածքին։ Այստեղ զիս շատ հետաքրքրեց փիլիսոփայութիւնը։ Ես հակուած էի դէպի փիլիսոփայական գաղափարները, միտքը։

-Ինչպէ՞ս ընտրուեցաք Արցախի Պետական համալսարանի առաջին վերատեսուչ։

-1968 թուականին ես աւարտեցի Մոսկուայի բարձրագոյն կուսակցական դպրոցն ու վերադարձայ հայրենիք։ Աշխատանքի անցայ Համայնավար կուսակցութեան մարզային կոմիտէի մէջ՝ զբաղեցնելով իմ նախկին պաշտօնը՝ դասախօսական խումբի ղեկավար։

1969 թուականի օգոստոսի 1-ին, Պաքուի Մանկավարժական կաճառի մասնաճիւղը բացուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Մարզային կոմիտէի առաջին քարտուղար՝ Պորիս Գէորգով զիս հրաւիրեց իր մօտ ու առաջարկեց դասախօսել նորաբաց կրթական հաստատութեան մէջ։ Ես սիրով ընդունեցի։ Մինչ այդ, ան ինծի առաջարկած էր Մարտունիի կուսակցութեան շրջանային կոմիտէի քարտուղարի, ինչպէս նաեւ՝ Շուշիի կուսակցութեան շրջանային կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները, սակայն ես մերժած էի։

Ընդամէնը քանի մը ամիս զբաղեցուցի Ստեփանակերտի Մանկավարժական կաճառի տնօրէնի պաշտօնը։ Այդ տարիներուն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարները կը կոչէին տնօրէն։

-Ինչո՞ւ ձեր պաշտօնավարումը տեւեց այդքան կարճ։

-Այդ տարիներուն մեծ ճանաչում կը վայելէր գրող Բագրատ Ուլուպապեանը, որ յայտնի էր իր հայկական մտածողութեամբ ու գաղափարներով։ Ան շատ հայրենասէր ու հայասէր մէկն էր, որու հետ ես ունէի ջերմ ու բարի յարաբերութիւններ։ Ուստի, մեր ակնառու լաւ յարաբերութիւնները չէր կրնար վրիպիլ Պետական անվտանգութեան կոմիտէի աչքէն։

Պետական անվտանգութեան կոմիտէն ալ զիս ներկայացուց Պաքուին որպէս Բագրատ Ուլուպապեանի համախոհ մը, Դաշնակցական խումբի անդամ, այսինքն՝ ազգայնամոլ մը, պատահականօրէն յայտնուած կուսակցական աշխատանքի մէջ։ Այդ իսկ պատճառաւ կարելի չէր միջազգային ուսումնական հաստատութիւն մը, ուր կ՚ուսանէին թէ՛ հայ, թէ՛ ատրպէյճանցի ուսանողներ՝ վստահիլ վերջինիս ղեկավարման։

Հարկ է նշեմ, որ այդ խումբի բոլոր աշխատողները մէկ առ մէկ դուրս կը հրաւիրէին Ղարաբաղէն։ Ես նոյնպէս ուզեցի լքել Ղարաբաղը, սակայն մարզական կոմիտէի առաջին քարտուղարը թոյլ չտուաւ։ Ան ըսաւ. «Քանի ես այստեղ եմ, դուն ոչ մէկ տեղ կրնաս երթալ»։ Այդ թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ կար գիտական համայնավարական ամպիոն, որու վարիչը զիս կը հրաւիրէր դասաւանդելու։

Ինչեւէ, 3-4 ամիս վերջ զիս ազատեցին պաշտօնէ։ Գրեթէ երկու ամիս ես մնացի գործազուրկ, թէպէտ Պաքուի կաճառի վերատեսուչը անձամբ հրամայեց՝ զիս նշանակել աւագ դասախօս նոյն համալսարանի մէջ, սակայն ես մերժեցի։ Կրկին վերադարձայ մարզական կոմիտէ։ Իսկ երբ այլեւս Ստեփանակերտի մէջ Պաքուի Մանկավարժական կաճառի մասնաճիւղը կազմաւորուեցաւ որպէս կաճառ, այդ տարիներուն Ղարաբաղի մարզային կոմիտէի առաջին քարտուղարը՝ Պորիս Գէորգով, զիս կանչեց ու ըսաւ. «Քեզի կ՚առաջարկեմ երկու պաշտօն, ո՛րը որ կ՚ուզես. Ստեփանակերտի կաճառի մէջ հասարակական գիտութիւններու ուսուցչապետ կամ հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի վարիչ»։ Ես ընտրեցի ամպիոնի վարիչի պաշտօնը։ Այդ տարիներուն ամպիոնի վարիչը կը հաստատուէր գլխաւոր կեդրոնական կոմիտէի կողմէ։ Այդ իսկ պատճառաւ յետագային ես պէտք է անցնէի բարձր կարգի հանգստաթոշակի։ Սակայն արցախեան պատերազմը ամէն բան տակնուվրայ ըրաւ։ Ես այդ հանգստաթոշակը չստացայ, կը շարունակեմ աշխատիլ մինչեւ օրս։

-Պարոն Աբրահամեան, կը պատմէ՞ք ձեր հեղինակային գիրքերուն մասին։

-Ես ունիմ երկու մենագրութիւն եւ երրորդ մը՝ ուրիշի մը հետ։

2003 թուականին հրատարակուած «Ազգային քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում Խորհրդային իշխանութեան տարիներին» խորագրեալ գիրքը իմ առաջին մենագրութիւնն է։ Այս գրքի մէջ ես պարզապէս ներկայացուցի, թէ ի՛նչ ազգային քաղաքականութիւն կը վարէր Ատրպէյճանի իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ես ոչ մէկ գռեհիկ արտայայտութիւն գործածած եմ Ատրպէյճանի կեդրոնական կոմիտէի հասցէին։ Սակայն գրած եմ, որ Արցախի մէջ կը նեղուի հայը, մասնաւորապէս՝ հոգեւոր, մշակութային կեանքի, լեզուի գործածութեան մէջ։ Իմ աշխատութիւնը հիմնուած էր արխիւային փաստաթուղթերու վրայ։

Իմ երկրորդ գիրքը՝ 2006 թուականին հրատարակուած «Անցումային փուլ» խորագրեալ մենագրութիւնն է։ Այստեղ կը պատմեմ, թէ անկախութիւն նուաճելէ վերջ ի՞նչ կը կառուցուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէ՞ս կը կառուցուի, ինչպիսի՞ բացեր, թերութիւններ կան։ Այս գրքին մէջ բաւական լուրջ խօսքեր կան ըսուած Ղարաբաղի այն ժամանակուայ իշխանութիւններուն մասին։ Նոյնիսկ խմբագիրը տպագրելէ առաջ զիս զգուշացուց, որ գուցէ վերանայիմ այս գիրքը հրատարակելու որոշումս։ Սակայն յետագային ես երբեք չանհանգստացայ։ Թերեւս հասցէատէրերը չեն ալ թերթած իմ այս գիրքը։

Բաց աստի, գրած եմ բազմաթիւ յօդուածներ։ Մասնակցած եմ Քալինինկրատի, Մոսկուայի, Ալմա-Աթայի, Պաքուի, Երեւանի մէջ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովներու։

«Ազգային հակամարտութիւնները եւ նրանց լուծման ուղիները» կը հանդիսանայ իմ երրորդ գիրքը՝ հրատարակուած 2012 թուականին։ Այս գրքի մէջ ալ կը պատմեմ, թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս կը ծագին ազգային հակամարտութիւնները։ Ո՞րն է անոնց ծագման պատճառը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք վերացնել. ի՞նչ ճանապարհով՝ պատերազմի՞, ուժի՞, թէ բանակցութիւններու։

-Ովքե՞ր են ձեր նշանաւոր ուսանողները։

-Իմ ուսանողներէն են ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մարաթ Մուսայէլեանը, արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեանն եւ այլք։

-Ինչպիսի՞ն են ձեր յարաբերութիւնները ուսանողներու հետ։

-51-րդ տարին է, որ ես կը դասախօսեմ Արցախի Պետական համալսարանի մէջ։ Այս տարիներու հոլովոյթին ոչ մէկ ուսանողի հետ ունեցած եմ անախորժութիւն։ Ոչ մէկ ուսանողի նշանակած եմ անբաւարար գնահատական մը։ Եթէ ուսանող մը իր ամբողջ ուսումնական տարեշրջանը ներկայացած ու մտիկ ըրած է իմ դասախօսութիւնները, ի վերջոյ ան արժանի է բաւարար գնահատականի։ Ո՞վ պիտի կըր-նար ինծի արգելք ըլլալ։ Համալսարանի մէջ ոչ մէկը կրնար ինծի ընդդիմանալ։

Մասնաւորապէս մանչ ուսանողները կը պաշտեն զիս։ Այժմ դէպք մը պիտի պատմեմ։ Օր մը մեր ամպիոնի մէջ տեղի ունեցաւ տհաճ խօսակցութիւն մը, որու ընթացքին իմ ձայնն ալ քիչ մը բարձրացաւ։ Այդ ընթացքին դրան մօտէն կ՚անցնէին երկու ուսանող։ Երբ ձայնս լսեցին, անոնք խուճապահար եղան։ Խորհեցան, թէ հաւանաբար պարոն Աբրահամեանը կը նեղացնեն։ Առանց երկար-բարակ խորհելու, ամպիոնի դուռը բանալով՝ որոշեցին ստանալ զիրենք յուզող հարցի պատասխանը. «Պարոն Աբրահամեան, կրնա՞յ ըլլալ, որ այստեղ որեւէ մէկը համարձակի ձեզ նեղացնել…»։

Կրնա՞ք երեւակայել նման բան,- (ծիծաղով մէջբերաւ յարգարժան վաստակաշատ դասախօսը)։

-Պարոն Աբրահամեան, ինչպիսի՞ն էր ձեր յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի հետ։

-Պարոն Սարգսեանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ ու մտերիմ էին։ Ես մեծ ակնածանքով կը վերաբերէի Սերժ Սարգսեանի անձին։ Ան մեծ հայրենասէր էր։ Յիրաւի, Սերժ Սարգսեանը պայքարած է իր ժողովուրդի ազատութեան համար։ Ան մշտապէս կը գտնուէր ռազմի դաշտին մէջ։ Անուրանալի է Սերժ Սարգսեանի անձնուրաց ծառայութիւնը հայոց բանակի ստեղծման գործընթացին մէջ։ Ան քրտնաջան աշխատանք տարած է արտաքին յարաբերութիւններու ստեղծման ու ամրապնդման համար։ Գիտէք, առայսօր ալ կը դժուարանամ բացասական արտայայտուիլ Սերժ Սարգսեանի մասին, սակայն իմ բոլոր լսածները կու գան ապացուցել, որ ան յետագային բազմիցս թերացած է, շեղած է իր բռնած ճշմարիտ ուղիէն։ Բան մը փոխուեցաւ անոր մէջ, ան չկրցաւ անաղարտ պահել իր կերտած անունը։ Այս բառերը ես կ՚արտասանեմ մեծ ցաւով։

-Երկրորդ նախագահի մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։

-Ռոպերթ Քոչարեանի հետ ես չէի ունեցած մօտ յարաբերութիւններ։ Պարզապէս երբ Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը կը գործէին միասնական, այն ատեն միայն շփում ունեցած եմ վերջինիս հետ։ Անոնք երկուքը միասին կը նստէին Մարզկոմի շէնքի երրորդ յարկին վրայ աշխատասենեակի մը մէջ։

Ուրեմն, օր մը հանդիպեցայ անոնց։ Պարոն Սարգսեան ինծի հարցուց. «Պարոն Աբրահամեան, ի՞նչ կրնանք ընել ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար, դուք ինչպիսի՞ ելք կը տեսնէք»։ Ես ալ առաջարկեցի վաճառել մեր ունեցած բոլոր զարդերն ու ոսկիները եւ ստացուած գումարով արտասահմանէն գնել զէնք։ Սերժը խնդաց ու ըսաւ, թէ այլեւս ատոր կարիքը չէ մնացած։ Ունինք թէ՛ դրամ, թէ՛ զէնք։

-Ձեր ղեկավարման շրջանին համալսարանը ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուէր։

-Տակաւին նոր ու մեծ դժուարութեամբ ստեղծուած համալսարանը իր առջեւ ունէր ծառացած շարք մը խնդիրներ, որոնցմէ առաջնայինն էր շէնքի անբարենպաստ վիճակն ու նիւթական միջոցներու սակաւութիւնը։ Ընդամէնը մէկ ամսուան հոլովոյթին մենք պէտք է կազմակերպէինք դասընթացները։ Շէնքը ունէր վերանորոգութեան կարիք։ Մենք բաւական մեծ դժուարութեամբ կազմակերպեցինք այս ամէնը։

Համալսարանը բաղկացած էր երկու ճիւղերէ՝ հայկական ու ատրպէյճանական։ Պէտք է խոստովանիմ, որ այդ շրջանին մենք ատրպէյճանցիներու հետ ունէինք ոչ մէկ հակասութիւն, թշնամական յարաբերութիւններ։ Մենք մեր համատեղ աշխատանքի մէջ միասնական էինք, հաշուի չառնելով մանր-մունր խնդիրներ։ Ունէինք ջերմ ու բարի ընկերական յարաբերութիւններ, նոյնիսկ իրարու տուն կ՚այցելէինք։

-Ինչպիսի՞ վիճակի մէջ կը գտնուէր համալսարանը ղարաբաղեան շարժման տարիներուն։

-Շարժման տարիներուն համալսարանը ժամանակաւորապէս, թերեւս տարի մը դադրեցուց իր գործունէութիւնը։ Երբ շարժումը ուժեղացաւ Խորհրդային Հայաստանի Բարձրագոյն կրթական նախարարութիւնը հրաման արձակեց՝ ժամանակաւորապէս դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի Պետական համալսարանի գործունէութիւնը։ Համալսարանի հայկական բաժինը փոխադրուեցաւ Կիրովական, ուր ձեւաւորուեցաւ որպէս մասնաճիւղ՝ Կիրովականի Մանկավարժական համալսարանի։ Երբ տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժը, համալսարանը վերաբացուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Իսկ պատերազմի տարիներուն միշտ կը գործէր։

-Ի՞նչ առարկաներ դասաւանդած էք ու կը դասաւանդէք։

-Իմ դասաւանդման յիսուն տարիներու ընթացքին մեծաւ մասամբ դասախօսութիւններ կարդացած եմ փիլիսոփայութենէ։ Վերջին հինգ-վեց տարիներու ընթացքին նաեւ քաղաքագիտական առարկաներէ՝ ազգային, համեմատական քաղաքագիտութիւն, քաղաքական իշխանութիւն։

-Գո՞հ էք ձեր ապրած կեանքէն։

-Ի հարկէ, գոհ եմ։ Եթէ ծնէի երկրորդ անգամ, ապա կ՚ընտրէի իմ նոյն ուղին։ Լուրջ սխալներ չեմ կատարած, մշտապէս ճիշդ կողմնորոշուած եմ։

-Ի՞նչ բան կը կարեւորէք կեանքի մէջ։

-Ամենէն շատ ազնուութիւնը։ Սեփական խօսքին տէր կանգնելու ունակութիւնը։ Չկեղծել, ըլլալ ազնիւ։

-Ինչո՞ւ որոշեցիք հեռանալ քաղաքի թոհուբոհէն։

-Կար ժամանակ, երբ մեր ընտանիքը կը դիմագրաւէր նիւաթական լուրջ խնդիրներ, թէպէտ համալսարանը կը շարունակէր իր գործունէութիւնը, սակայն անկանոն ձեւով։ Ես ալ իմ բոլոր ազատ ժամանակը որոշեցի նուիրել ֆիզիքական աշխատանքի։ Ուստի, իմ տիկնոջ հետ փոխադրուեցանք մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մօտակայքին ամայի գիւղ մը։

-Առանց հոսանքի, բնական կազի ամայի գիւղի մը մէջ ինչո՞վ կը զբաղէիք։

-Հոսանքի բացակայութեան պայմաններուն երեկոները մեր օճախը կը լուսաւորէինք նաւթէ ճրագով, մոմի լոյսով։ Ճաշ պատրաստելու, տունը տաքցնելու համար կը գործածէինք փայտի վառարան, որ աւելի լաւ է, քան բնական կազը։ Ճիշդ է, ամրան ամիսներուն դժուար կ՚ըլլար։

Ղայպալու գիւղին մէջ կնոջս հետ հաւասարաչափ կ՚աշխատէինք։ Կը զբաղէի մեղուաբուծութեամբ, անասնապահութեամբ ու հողագործութեամբ։

-Որպէս բազում սերունդներ կրթած մտաւորական, ի՞նչ կը կարեւորէք երիտասարդութեան դաստիարակութեան, կայացման մէջ։

-Գիտէք երիտասարդութիւնը պէտք է սիրել, յարգել։ Երբեք ինքզինքդ անոնցմէ վեր չդասել։ Ընկերութիւն ընել անոնց հետ, մտիկ ընել անոնց խօսքը, կարծիքը, նոյնիսկ եթէ համամիտ չես։ Ըստ իս, երիտասարդութեան հետ աշխատանքը կը գտնուի բարձիթողի վիճակի մէջ։ Այն առումով, որ երիտասարդութիւնը ինք կ՚որոշէ իր զարգացման ուղին։ Սա կաթուածահար վիճակ մըն է հասարակութեան համար։ Քանզի երէց սերունդը ինք ճամբայ ցոյց պիտի տայ անոնց, նոյնիսկ համալսարանականներուն։ Համալսարաններու դասախօսական կազմերը պէտք է գիտելիքէն վերջ երկրորդ տեղը անպայման յատկացնեն երիտասարդութեան դաստիարակութեան, կեանքի մէջ կայանալուն, ճիշդ ուղղորդման։

-Ի՞նչ է երջանկութիւնը։

-Երջանկութիւնը լաւ կայացած ընտանիքն է։ Այն ընտանիքը, որ չունի ներքին հակասական խնդիրներ։ Կը համակերպի դժուարութիւններուն ու լաւին։

Ն.Ք. երկրորդ դարուն յոյն մեծ փիլիսոփայ Էփիկուր առաջարկած էր երջանկութեան գաղափարը։ Ի՞նչ է երջանկութիւնը, արդեօք կարելի՞ է հաճոյքը համեմատել երջանկութեան հետ։ Ով որ շատ հաճոյք կը ստանայ կեանքէն, արդեօք ան երջանի՞կ է։ Էփիկուր բացառած է. հաճոյքը կարելի չէ անուանել երջանկութիւն։ Երջանկութիւնը կը ծնի առաջին հերթին ընտանեկան, այնուհետեւ մարդկային յարաբերութիւններէն։

-Պարոն Աբրահամեան, դուք երջանի՞կ էք։

-Անշուշտ։

-Ո՞րն է ձեր կեանքի կարգախօսը։

-Որքան ոտքի ես՝ աշխատէ՛։

-Ո՞րն է ձեր պատգամը գալիք սերունդներուն։

-Փնտռել, ուշի ուշով նախկին սերունդի ունեցած բոլոր դրական յատկանիշներն ու սեփականացնել, իւրացնել զանոնք։ Ապա միայն մտածել նորի ստեղծման մասին։

-Կը սիրէ՞ք ճամբորդել։

-Ոչ, չեմ սիրեր։ Նոյնիսկ ժամանակին աւարտելով Մոսկուայի բարձրագոյն կուսակցական դպրոցը, ինծի երկու անվճար ուղեգիր առաջարկած էին դէպի եւրոպական որեւէ երկիր։ Սակայն ես հրաժարած եմ։ Փոխարէնը կնոջս հետ միասին 15 օրով ուղեւորուեցանք դէպի Սեն Փեթերսպուրկ։ 15 օրին 10 օրն ալ անցուցինք Էրմիթաժի մէջ։

-Թուրքիա այցելա՞ծ էք։

-Ոչ։

-Ի՞նչ կարծիք ունիք Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու մասին։

-Կեցցէ՛ թրքահայութիւնը, որ կրնայ պահպանել իր ազգային ինքնութիւնը, ինքնագիտակցութիւնը, միաժամանակ համակերպելով թուրք ժողովուրդի հետ։

-Ի՞նչ կը մաղթէք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընթերցողներուն։

-Պահպանել թերթը. կարդացէք այս դարաւոր թերթը։ Նպաստէք վերջինիս գոյութեան, յետագայ հարստացման։

2013-ի օգոստոսին յանկարծամահ եղաւ յարգարժան փրոֆեսէօրի տիկինը, խոր վիշտի ու առանձնութեան մատնելով ամուսինն ու ամբողջ ընտանիքը։ Առանց տիկին Ալվարդի անցուցած տարիները տաղտկալի էին ու անգոյն։ Տարիներ անց անողոք հիւանդութիւնը շտապեց չոքել Շահէն Աբրահամեանի դրան շեմին ու քանի մը ամսուայ մէջ խլել վերջինիս կեանքը։ 2020 թուականի փետրուարի 8-ին ան աչքերը գոցեց կեանքին։ Մինչեւ վերջին շունչ չէր լքած երկրորդ տուն դարձած՝ այնքա՜ն հարազատ համալսարանը։

Հուսկ, իմ միտքը կ՚ուզեմ եզրափակել պարոն Աբրահամեանին ու իր սիրասուն տիկնոջը նուիրած Սոկրատ Խանեանի «Հանդիպում երկնքում» բանաստեղծական տողերով.

Կեանքը բարդ գիրք է առեղծուածների,
Աստուածն է նրա էջերը կարդում,
Մի օր Ալվարդին տարաւ թեւերին,
Մի օր էլ՝ Շահէն պապին մշտարթուն
Ու նրանք այսօր մէկտեղ են կրկին,
Ալվարդը՝ հոգով մեղմ ու ժպտադէմ,
Շահէնը՝ պապի ջերմ խօսքը շրթին,
Մէկտեղ՝ Աստուծոյ դրախտում-Եդեմ։
Նայում են Վերից ու ժպտում հանգիստ,
Որդիները՝ վեհ, թոռներն՝ իմաստուն,
Իրենց պապիկի, տատիկի նման
Մէկտեղ վարքար են պահում տեղ ու տուն։
Բարեկամներ ու ընկերներ բարի
Շահէնին յիշենք, յիշենք Ալվարդին,
Ոտքի վրայ լուռ, բաժակները լի,
Փառք տանք մենք նրանց աստղալից կեանքին։
Ասենք՝ անմոռաց Շահէն ու Ալվարդ։
Խաղաղութիւն ձեր լուսավառ հոգւոյն,
Ձեր զաւակները ու թոռները ձեր,
Ձեզ պէս են պահում ե՛ւ օճախ, ե՛ւ տուն։
Ձեր սէրն ու ձեր օճախը վկայ,
Երջանկութիւնը հենց դա է, որ կայ,
Հենց դա է կեանքի բարդ առեղծուածը
Ձեր արեւաշող հոգու կենացը։

ԱՐԵԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020