ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
ՎԵՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Հարցում. Առանց թափորական հանդիսի ի՞նչ կերպով կը կատարուի վերաբերութիւնը:
Պատասխան. Սարկաւագը երբ կ՚ըսէ. Մի՛ ոք յերախայիցը, ու դպիրները՝ Մարմին տէրունականը. սարկաւագը կ՚երգէ Սաղմոս ասացէքը, ու դպիրները ծունկի եկած՝ Սրբասացութիւնը կ՚երգեն: Այդ ընթացքին սարկաւագը Սեղանին կը խնկարկէ, յետոյ ընծաներուն, Սկիհը ձեռքը կ՚առնէ քօղով միասին, ու դէպի վեր բարձրացուցած ծանր-ծանր քալելով՝ դիմացէն ալ խնկարկութիւն ընդունելով Սեղանին ետեւէն կը դառնայ ու ձախակողմեան դռնէն ելլելով՝ կու գայ Սեղանին աստիճանին մօտ. քահանան ալ խնկարկութեամբ կ՚ընդունի Սուրբ Սպասը, կ՚օրհնէ անով ժողովուրդը եւ Սեղանին վրայ կը դնէ:
Հ. Սարկաւագը «մի՛ ոք յերախայից» ըսելով, մասնաւորապէս ի՞նչ կ՚ուզէ հասկցնել:
Պ. Ժողովուրդին կը թելադրէ (հին սովորութիւնը յիշեցնելով), որ չըլլայ թէ երախաները, թերահաւատները, ապաշխարողներն ու անմաքուրները Սուրբ Սեղանին ընծայ բերեն:
Հ. Դպիրներուն պատասխանը ի՞նչ միտքով է:
Պ. Դպիրներուն, այսինքն՝ ժողովուրդին տուած պատասխանին իմատը այն է, թէ՝ «այո՛, գիտենք ու կը հաւատանք, որ մեր Տիրոջ Քրիստոսի մարմինն ու փրկական արիւնը արդէն կայ Սեղանին վրայ՝ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդով, եւ հիմա դարձեալ նոյն Սուրբ Խորհուրդը պիտի կատարուի. մինչ երկնային հրեշտակները առանց մեր աչքին երեւնալու կ՚երգեն ու կ՚ըսեն. “Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր զօրութեանց”»:
Հ. Ի՞նչ մասնաւոր խորհուրդ ունի վերաբերութիւնը:
Պ. Քրիստոսի մարդեղութեամբ աշխարհ գալուստին օրինակն է, եւ Անոր Սուրբ Սեղան գալուստին՝ Հաղորդութեան Խորհուրդով:
Հ. Ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ քահանան այս ընթացքին, երբ դպիրները սրբասացութիւնը կ՚երգեն:
Պ. Քահանան Սուրբ Սեղանին դիմաց խոնարհած, հետեւեալ ծածուկ աղօթքը կ՚ընէ.
Ո՛չ ոք արժանի է յըմբռնելոցս մարմնաւոր ախտիւք եւ ցանկութեամբ մատչել ի սեղան Քո, կամ սպասաւորել մեծի արքունական փառաց Քոց: Քանզի պաշտել զՔեզ՝ մեծ եւ ահաւոր երկնաւոր զօրութեանցդ իսկ է. սակայն վասն անչափ բարերարութեան Քո՝ անպարագրելի Բանդ Հօր եղեր մարդ, եւ քահանայապետ մեր երեւեցար եւ իբր Տէր ամենեցուն՝ այսմ սպաաւորութեան եւ անարիւն զենման զքահանայութիւն աւանդեցեր մեզ: Վասն զի Դու ես Տէր Աստուած մեր, որ տիրես երկնաւորաց եւ երկրաւորաց. որ ի վերայ քերովբէական աթոռոյ բազմից, սերովբէից Տէր եւ Թագաւոր Իսրայէլի: Որ միայն Սուրբ ես եւ ի սուրբս հանգուցեալ. աղաչեմ զՔեզ՝ միայն բարերար եւ հեշտալուր, նայեա՛ յիս ի մեղուցեալ եւ յանպիտան ծառայս Քո, եւ սրբեա՛ զհոգի եւ զմիտս իմ յամենայն պղծութենէ չարին. Եւ բաւականցո՛ զիս զօրութեամբ Սուրբ Հոգւոյդ, որ զգեցեալ ես զքահանայականս շնորհ, կալ առաջի Սրբոյ Սեղանոյս եւ քահանայագործել զՔո անարատ մարմինդ եւ զպատուական արիւնդ: Քեզ խոնարհեցուցեալ զպարանոցս իմ՝ մաղթեմ, մի՛ դարձուցաներ զերեսս Քո յինէն, եւ մի՛ մերժեր զիս ի ծառայիցդ Քոց, այլ արժանի արա մատուցանել Քեզ զընծայս զայս յինէն ի մեղուցեալ եւ յանարժան ծառայէս Քումմէ: Վասն զի Դու ես, որ մատուցանես եւ մատչիս, եւ ընդունիս եւ տաս, Քրիստոս Աստուած մեր: Եւ Քեզ փառս մատուցանեմք հանդերձ անսկիզբն Քո Հարբդ եւ ամենասուրբ եւ բարերար Հոգւովդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Մեզի պէս մարմնաւոր ախտերով եւ ցանկութեամբ բռնուածներէն մէկն ալ արժանի չէ Քու Սեղանիդ մօտենալու, եւ կամ Քու մեծ ու թագաւորական փառացդ սպասաւորութիւն ընելու: Որովհետեւ Քեզ պաշտելը, ո՜վ մեծ եւ ահաւոր Տէր, Քու երկնային հրեշտակներուդ գործն է. եւ սակայն Քու անհուն բարերարութեամբդ, Դուն, որ անբովանդակելի Բանդ ես Հօր Աստուծոյ՝ մարդ եղար, եւ մեզի Քահանայապետ յայտնուեցար. եւ որովհետեւ Տէր ես ամենայնի եւ ամենեցուն, այս պաշտօնն ու անարիւն զոհիդ քահանայութիւնը մեզի աւանդեցիր: Որովհետեւ Դուն ես մեր Տէրն ու Աստուածը, որ երկնաւոր եւ երկրաւոր արարածներուն վրայ կը տիրես, եւ քերովբէական աթոռի վրայ բազմած ես, ո՜վ Տէրդ սերովբէից եւ Թագաւորդ Իսրայէլի: Դուն, որ միայն Սուրբ ես եւ սուրբերուն վրայ կը հանգչիս, կ՚աղաչեմ Քեզ՝ միայն բարերար եւ քաղցրութեամբ մեր աղօթքը լսող, նայէ՛ իմ վրաս, որ Քու մեղապարտ եւ անպիտան ծառադ եմ, եւ սրբէ՛ ու մաքրէ՛ միտքս չարին ամէն տեսակի պղծութենէն, եւ ուժ տուր Հոգւոյդ Սրբոյ զօրութեամբը ինծի, որ այս քահանայական շնորհքը վրաս առած եմ, Սուրբ Սեղանին առջեւ արժանաւորապէս կանգնելու եւ քահանայագործելու Քու անարատ մարմինդ ու պատուական արիւնդ: Ահա Քու առջեւդ վիզս խոնարհեցնելով կ՚աղաչեմ, մի՛ դարձներ Քու երեսդ ինձմէ, եւ մի՛ հաներ զիս Քու ծառաներուդ կարգէն, հապա արժանի ըրէ զիս՝ որ ինծի պէս մեղապարտ ու անարժան ծառադ մատուցանէ Քեզի այս ընծան: Որովհետեւ Դուն ես թէ՛ մատուցողը, թէ՛ մատուցուողը, թէ՛ ընդունողը եւ թէ՛ մեզի շնորհք եւ ողորմութիւն տուողը, Քրիստոս Աստուած մեր. եւ մենք Քեզի փառք կը մատուցենք, նոյնպէս եւ Քու անսկիզբ Հօրդ եւ ամենասուրբ ու բարերար Հոգիիդ, այժմ եւ...:
Հ. Քահանային Սկիհով օրհնութիւն տալը արդեօք կասկած չի՞ տար ժողովուրդին, որ իբր թէ արդէն սրբագործուած համարուին հացն ու գինին:
Պ. Ո՛չ. այդ կասկածին պատճառ չկայ, որովհետեւ եթէ խաչով, մասունքով, ինչպէս նաեւ պարզ ձեռքով օրհնութիւն կը տրուի ժողովուրդին, տարակոյս չկայ, որ կարելի է օրհնել ու խաչակնքել ժողովուրդին վրայ նաեւ օծեալ Սկիհով ու օրհնուած Սուրբ Սպասով, թէեւ տակաւին սրբագործութիւնը [հացին ու գինիին] կատարուած չէ:
Հ. Ժողովուրդը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միտքով կ՚ընդունի այս օրհնութիւնը:
Պ. Ջերմեռանդ երկրպագութեամբ՝ Սուրբ Սպասով տրուած եւ այն Սկիհով՝ որու մէջ միշտ կը սրբագործուի Աստուծոյ Որդիին Մարմինն ու Արիւնը:
Հ. Վերաբերութենէն ետք քահանան ինչո՞ւ ձեռքը կը լուայ:
Պ. Այն պատճառով, որ այնուհետեւ սրբագործութիւնը պիտի սկսի, եւ ինք ուրիշ գործողութիւն պիտի չկատարէ, եւ ո՛չ իսկ խնկարկութիւն, մինչեւ ճաշակումէն ետք:
ՈՂՋՈՅՆ
Հ. Ի՞նչ արարողութիւն կայ վերաբերութենէն ետք:
Պ. Ողջոյնի արարողութիւնը:
Հ. Ի՞նչ է ոջոյնին խորհուրդը եւ ինչպէ՞ս կը կատարուի:
Պ. Եկեղեցին չի՛ մոռնար Քրիստոսի Տեառն մերոյ այն պատուիրանը, որ կ՚ըսէ. «Եթէ մատուցանից» զպատարագ քո ի վերայ սեղանոյն, եւ անդ յիշեսցեց եթէ եղբայր քո ունի ինչ խեթ զքէն, թող զպատարագն քո առաջի սեղանոյն. ե՛րթ նախ հաշտեաց ընդ եղբօր քում, եւ ապա եկեալ մատուսջիր զպատարագն քո», այսինքն՝ թէ որ քու ընծադ սեղանին վրայ մատուցես, եւ այնտեղ յիշես, որ եղբայրդ սիրտին մէջ քեզի դէմ բան մը ունի, ձգէ՛ ընծադ Սեղանին առջեւը, գնա՛ նախ եղբօրդ հետ հաշտուէ, ու ապա եկուր՝ քու պատարագդ ընծայէ: Ուստի, կ՚ուզէ որ Սուրբ Պատրագը մատուցանողներն ալ հաշտ ըլլան իրարու հետ, ոխ չունենան մէկը միւսին դէմ եւ ատոր իբր նշան՝ սուրբ սիրով ողջոյն տան իրարու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 9
Վաղարշապատ