FORBES-Ի 2020-Ի ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ 2 ՀԱՅ

Forbes պարբերականը վերջին օրերուն հրապարակեց աշխարհի ամենէն հարուստ անձերու 2020-ի ցուցակը: Այս տարի ցանկին վրայ կան միայն երկու հայեր՝ երկուքն ալ Ռուսաստանէն: Այսպէս, «Տաշիր»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան 2.5 միլիառ տոլար կարողութեամբ 836-րդ կարգին վրայ է։ Հայկական արմատներով Սերկէյ Կալիցքին  (Յարութիւնեան) ալ 3.4 միլիառ տոլարով 565-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Անցեալ տարի մեծահարուստներու այս ցուցակին վրայ վերոյիշեալներու կողքին կային նաեւ Էտուարտօ Էրնէքեանն ու Քերըլայն Ռաֆայէլեանը: 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020