ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱԾ Է ԾԱՌԱՅԵԼ՝ ՈՐՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՇԱՐԺԻՉ ՈՒԺ
The National ազդեցիկ պարբերականը, որ լոյս կը տեսնէ Ապու Տապիի մէջ, «Տեսակէտ» խորագրին ներքեւ վերջին օրերուն ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մտորումները։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնն ու մարդիկ պիտի գոյակցին, պիտի չմրցին։ Արհեստական բանականութիւնը պիտի ծառայէ մեզի եւ ոչ թէ հակառակը։ Միլիառաւոր տոլարներու ներդրումներու կատարմամբ արհեստական բանականութեան ոլորտէն ներս՝ պտուղները պիտի քաղուին բժշկութեան, տիեզերքի հետազօտութեան եւ գիտութեան այլ ճիւղերուն մէջ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդածութիւններուն մէջ մատնանշած է, որ եթէ 200 տարի առաջ Չինաստանի մէջ համաճարակ մը ծագէր, ապա միայն տարիներ վերջ այդ մէկը Եւրոպա պիտի հասնէր։ Իսկ այսօր, երբ առաջին դէպքերը տեղի ունեցան Չինաստանի մէջ, երկրորդ ալիքը արդէն կրնար արձանագրուիլ Արժանթինի կամ Նիւ Եորքի մէջ։ Նոյնը տեղի կ՚ունենայ նաեւ ելմտական ռիսքերու պարագային։ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ համաշխարհային ռիսքերը ի յայտ կու գան նման արագութեամբ։ «Եւ եթէ մենք կը փափաքինք չափել զանոնք ու գտնել լուծումներ, ապա պէտք է փոխենք մեր վերաբերմունքը՝ օգտագործելով ֆիզիքի, տարրաբանութեան եւ կենսաբանութեան կենսունակ ու ճկուն մեթոտները», նշած է Արմէն Սարգսեան։
Նոյն խորհրդածութիւններուն մէջ դիտել տրուած է, որ առաջին երեք արդիւնաբերական յեղափոխութիւնները բացատրելու համար դիւրին էին։ Առաջինի պարագային բացայայտուեցաւ՝ ինչպէս այրել վառելանիւթը արտադրութեան գործարկման համար։ Երկրորդի պարագային մեր կեանքը աւելի լաւ դարձնելու նպատակով օգտագործուեցաւ ելեկտրականութիւնը։ Իսկ երրորդին՝ մարդկութիւնը սորվեցաւ համակարգիչներու օգտագործումը։ «Նոյնիսկ եթէ աշխարհ կ՚անցնի չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան ընդմէջէն, ուր թուային, կենսաբանական եւ ֆիզիքական աշխարհները կը հանդիպին արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ, համեմատաբար լաւ չ՚ընկալուիր, թէ նոր հաշուողական փորձագիտութիւնները ինչպէս պիտի յարմարեցուին մեր բնական բանականութեան», գրած է Արմէն Սարգսեան։
Արմէն Սարգսեանի բանաձեւումներով, աշխարհ այսօր արագ կը փոխուի ու մենք պիտի չկարողանանք տարբերակել այսօրուայ չորրորդ յեղափոխութիւնը հինգերորդէն կամ վեցերորդէն եւ այդպէս շարունակ։ Համաշխարհային քաղաքականութեան աւանդական կառուցուածքը կ՚անցնի յարմարեցման փուլէ մը։ Այս բոլորը կ՚ենթադրէ, որ մենք անյապաղ պէտք է օժանդակենք մեր ներկայ աշխատուժին։ Հիմնարար նոր գաղափարներու աճի բացը եւ խնդիրներու ոչ-սթանտարտ լուծումներ գտնելու կարիքը կը յանգեցնեն հմտութիւններու եւ տաղանդներու աւելի լայն շրջանակի գոյութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նախկինին բաղդատմամբ։ Դասական քաղաքական պրիսմակի մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունէին կապի կազմակերպման ձեւերը՝ ցեղերը, ազգերը, կրօնները, գաղափարախօսութիւնները, կուսակցութիւնները եւ քաղաքական կառոյցները։ Այդ համատեսքին մէջ անցումը քուանթումի քաղաքական աշխարհ եղաւ աւելի արագ, անկանխատեսելի եւ կը թուի, թէ անկանոն ձեւով։ Այսօր մենք կը գտնուինք քուանթումի քաղաքականութեան, քուանթումի վարքագծի եւ քուանթումի ազդեցութեան նոր դարաշրջանի մէջ։ Սա կը դժուարացնէ ամբողջ պատկերը տեսնելը, որովհետեւ այդ մէկը եւս նոր է եւ կլոպալ։
«Մինչ մարդ արարածներուս համար ամբողջական պատկերը տակաւին կրնայ մշուշոտ ըլլալ, արհեստական բանականութիւնը կու գայ օգնութեան», նշած է Արմէն Սարգսեան եւ ընդգծած՝ որ արհեստական բանականութիւնը աստիճանաբար կը համարկուի գիտութեան ամենօրեայ կեանքին հետ։ Ան արդէն իսկ սկսած է ծառայել՝ որպէս փորձագիտութեան եւ քաղաքակրթութեան յառաջընթացի շարժիչ ուժ։