ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՍՊԱՍՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը հասաւ 908-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած է 28 հազար 578 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է եւս 4 հազար 56 վարակեալ։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու թիւը բարձրացած է 42 հազար 282-ի։ Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, երէկ մահացողներու թիւը եղած է 96, իսկ ապաքինածներու թիւը՝ 296։ Նախարար Քոճա շեշտեց, որ օրական 30 հազար քննութիւն իրականացնելու նշաձողին մօտենալու վրայ է։ Հակառակ քննութիւններու թիւի բարձրացման, վարակումներու տարածման թափը դանդաղելու միտում ցոյց կու տայ։ Յամենայնդէպս, Ֆահրետտին Քոճա յիշեցուց, որ քորոնաժահրի տարածման թափը, հզօրութիւնը կախում ունի շփումներէ։ Ուստի, նախարարը կրկնեց տունը մնալու կոչը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, համավարակի կանխարգիլման տեսակէտէ այս շաբաթավերջի տուեալները բախտորոշ նշանակութիւն պիտի ունենան Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Արդարեւ, համավարակի կանխարգիլման համար ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներու առաջին արդիւնքները յայտնի պիտի դառնան այս կիրակի՝ ապրիլի 12-ին։ Այս պահու դրութեամբ ակնկալութիւնները դրական են։ 14 օրուայ ժամանակաշրջանի մը ընդհանուր համայնապատկերի լոյսին տակ պիտի կատարուին արժեւորումները։ Որքան որ ալ այժմու սպասումները ըլլան դրական, բնականաբար, պատկան մարմինները հաշուի կ՚առնեն բոլոր հաւանականութիւնները։ Այսպէս, եթէ համաճարակի սահմանափակման տեսակէտէ ձեռք առնուած միջոցներու արդիւնքը ակնկալութիւնները չարդարացնէ, ապա օրակարգի վրայ պիտի գան շատ աւելի խիստ միջոցներ, անխուսափելիօրէն։ Այդ ամբողջին մաս կրնայ կազմել բովանդակ երկրէն ներս փողոց դուրս գալու արգելքի մը հաստատուիլը։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020