ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (4)

Ուրիշ, նոր Պամի մը մէջ պիտի բանար աչքերը Զանան։

Բայց աչքերէն առաջ, ոտքն էր։

Անկէ դուրս պայթող, վեր՝ դէպի սիրտ մագլցող տաք ու ահաւոր ցաւ մը բացաւ կոպերը Զանային։ Ո՞ւր էր։ Ի՞նչ էր պատահեր։ Դանդաղ սկսաւ լսողութիւնը գտնել. ճիչեր հոս ու հոն, օգնութեան կանչեր, ողբ մը կանացի... ողբին հետ անմիջապէս մայրն ինկաւ միտքը. Զանա՜... կանչեր էր նախորդ գիշեր։ Իջեր էր վար։ Ընթրեր էին։ Յետո՞յ։ Յետոյ ձայները, աղաւնիները... յետոյ տանիքը, շան ոռնոցները եւ... շարժումը Արկ է Պամի։

Յիշեց Զանան։

Ուշքի եկաւ։ Ամէն ինչ հասկցաւ։ Սարսափն ինկաւ փորը։

Ոտքը ցաւ կը ժայթքէր։ Բարձրացուց գլուխը, նայեցաւ սրունքին. ոտը չկրցաւ տեսնել։ Պատէն մաս մը ինկած էր վրան, ծածկած էր զայն։ Փորձեց շարժել, վերցնել, բարձրացնել պատը. անօգուտ։ Նայեցաւ շուրջ բոլորը, եւ առաջին հերթին միջնաբերդը տեսաւ։ Կիսուած, խարտուած, հնձուած էր Արկ է Պամը կարծես։ Չկար, աղճատուած էր, կորսուած էր իր մանկութեան հսկան, երազանքներու բերդը, երկինք տանող ուղին։ Ու դեռ երէկ, դեռ քանի մը ժամ առաջ կը նայէր անոր, ձեռքին աղաւնի մը բռնած։

Անմիջապէս շեղեց նայուածքը դէպի ձախ, ուր վանդակը պիտի ըլլար։ Հոն էր վանդակը, կար. բայց դատարկ, լքեալ, քանդուած էր ան ալ։ Ոչ մէկ աղաւնի. փախեր էին բոլորն ալ, բացի... բացի մէկէն, որու կարմրուկ գլուխը կ՚երեւար, կտուցը բաց, վիզը՝ փայտի մը տակ ճզմուած։ Ընտանի՛քը... Մայրը քոյրը հայրը մեծ մայրը... ո՞ւր էին, վարն էին, ի՞նչ եղան։

Երկրորդ անգամ մը արթնցած՝ սկսաւ պոռալ Զանան։

Մա՛ամա՜ն... Պապա՜... Ա՛ապճի՜...

Եւ այդպէս անդադար, եւ այդպէս հինգ վայրկեան, տասը վայրկեան, կէս ժամ... մինչեւ կտրեց յոյսը Զանան։ Ոտքէն ցաւը անցաւ սրտին, աչքերուն, եւ սկսաւ յորդիլ դուրս կոպերուն տակէն։ Լացն աւելի ու աւելի ձայնաւոր, ճախրեց դէպի հեռուն, մինչեւ Արկ է Պամ, եւ անկէ վեր՝ երկինք... ուրիշ ո՞ւր. ուրիշ որո՞ւն դիմէր։

Լսեցին զինք երեւի։ Յանկարծ եկան։

Մէկը, երկուքը, յետոյ խումբն ամբողջ աղաւնեաց։ Ուրկէ՞... չհասկցաւ։ Լսեցին ոռնոցն իր ու հասան, հաւաքուեցան շուրջը, սկսան տխուր կտկտալ։ Մէկը եկաւ նոյնիսկ, բարձրացաւ Զանայի գիրկը, յետոյ հոփ՝ թառեցաւ ուսին։

Զանային թուեցաւ, որ մինակ էր մնացեր։ Միակ մարդը քաղաքին։ Կային երկինքը, Արկ է Պամն ու քաղաքն ամբողջ՝ փլատակ, եւ աղաւնիները իր։ Մինակ էր, ամբողջովին մինակ։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020