ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս»։ (Յովհ. 11։25-26)

Սիրելի՛ հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի՝ Մարթային ուղղուած վերոյիշեալ այս խօսքերով կ՚ուզենք սկսիլ մեր զատկական պատգամին, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ օրուայ խորհուրդին եւ մեր վերջին ամիսներու տագնապներուն մասին կը խօսի։

Ուրեմն, մտովի փոխադրուինք Բեթանիա, ուր Տիրոջ սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս արդէն չորս օրէ մեռած էր։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ հոն հասաւ, Մարթան՝ Ղազարոսին քոյրը այս խօսքերը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ»։ (Յովհ. 11։21)

Մարթան, որ կը հաւատար Աստուծոյ եւ մանաւանդ՝ մեռելներու յարութեան, իր եղբօր կորստեան սուգի եւ տրտմութեան պահուն արտասանած խօսքին մէջ թերեւս անգիտակցաբար ունեցաւ մեղադրական արտայայտութիւն մը, որ իր մէջ թերահաւատութեան հնչերանգներ ալ կը պարունակէր։ Յիսուս հասկնալով Մարթայի ապրումները՝ հետեւեալ հաստատումը կատարեց. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի»։ Այնուհետեւ, այս հաստատումը աւելիով ընդգծելու եւ ձեւով մը դիմացինին հոգեւոր մարտահրաւէր նետելու միտումով Յիսուս կը հարցնէ. «Կը հաւատա՞ս ըսածիս»։

Սիրելինե՛ր, այս հարցումը ոչ միայն Մարթային ուղղուած էր, այլ նաեւ Յիսուսի աշակերտներուն։ Յատկանշական է, որ աշակերտներուն մէջ էր նաեւ Թովմասը, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ինչպէս աւետարանիչը կը վկայէ. նո՛յն Թովմասը, որ թերահաւատօրէն ուզեց մատները դնել խաչեալ Փրկչի ձեռքերու գամերուն տեղերը եւ ձեռքը դպցնել անոր կողին։ (Յովհ. 20։25)

- Կը հաւատա՞ս ըսածիս, - Յիսուս կը հարցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ - Կը հաւատա՞ս, որ Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։

Այս օրերուն, երբ աներեւոյթ թշնամու՝ քորոնաժահրի մարդասպան ճիրաններուն մէջ ողջ աշխարհը տակաւին կը տառապի, շատերս յաճախ հոգեւոր տրտմութենէ մղուած Մարթայի բառերով կ՚ըսենք. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ ասիկա պիտի չպատահէր մեզի»։ Մարդկային է, անշո՛ւշտ, տկարութիւնը, վախը, տագնապը, կասկածամտութիւնը եւ անվստահութիւնը։ Աղէտալի պայմաններու տակ, կորստեան վտանգին առջեւ, երբ վերահաս մահը այնքան մօտ կը թուի, մարդ արարածը ինքնակորոյս վիճակին մէջ հոգեկան ցնցում կ՚ունենայ. ցնցում մը, որ մինչեւ անոր էութեան խորքը կը թափանցէ՝ հաւատքի պարիսպները խարխլելու համար։ Փոխանակ մեր հաւատքը զօրացնելու, մեր վախերը կը սնուցանենք՝ մոռնալով Տիրոջ անսուտ խոստումը առ այն, որ «միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը»։ (Մատթ. 28։20)

Երբ քորոնաժահրը վայրագօրէն խուժեց մեր քաղաքները ու տուները, հիմնարկներ, հաստատութիւններ, դպրոցներ գոցուեցան։ Հանրային առողջապահութեան պատասխանատուներ զանազան ցուցումներով փորձեցին կանխել վարակին տարածումը։ Մեզի ցուցուեցաւ ինքնամեկուսանալ եւ ուրիշներէ վեց ոտքի չափ ընկերային հեռաւորութիւն պահպանել (social distancing)։ Ժահրի կանխարգելման միջոցառումներու ընթացքին, մինչ ընկերային հեռաւորութեան վրայ սեւեռուած էինք, ցաւօք շատերս կորսնցուցինք մեր հոգեւոր մտերմութիւնը Աստուծոյ հետ։ Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանը, որ հոգեւոր առանձնացումի շրջան մըն է (spiritual quarantine), շատերուս համար, մեզմէ անկախ պատճառներով, դարձաւ մեր սեփական վախերուն հետ ինքնամեկուսացումի շրջան մը՝ նմանողութեամբ Դանիէլ մարգարէի, որ առիւծի որջին մէջ բանտարկուած էր գիշատիչ գազանին հետ միս մինակ։ (Դանիէլ 6)

Բորորս կը յիշենք համաճարակի առաջին օրերուն պարէնային խանութներու վրայ խուճապային յարձակումները, թէ ինչպէս մարդիկ զիրար հրմշտելով ու կոխկռտելով կը խուժէին խանութները՝ գէթ երկու-երեք շաբաթի համար առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ գնելու։ Վերջին օրերը յիշեցնող գոյութենական պայքարի ահասարսուռ տեսարանը կարծես Յայտնութեան Գիրքէն ըլլար։ Դիմատետրի (Facebook) եւ լրատուական այլ կայքերու միջոցաւ տարածուող, յաճախ՝ ուղղորդուած լուրերը աւելի կը բորբոքէին արդէն իսկ շիկացած իրավիճակը։ Ցաւ ի սիրտ պէտք է արձանագրենք, որ մեզմէ շատեր փոխանակ «Բարի Լուր»ին (Good Tidings) ապաւինելու՝ սփռուող կեղծ լուրերուն (fake news) կը հետեւէին։

Մեր տուները եւ պահեստները պայթելու չափ լեցուցինք մոռնալով Տիրոջ խօսքը՝ ուղղուած հարուստ հողագործին. «Անմի՛տ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»: (Ղուկ. 12:16-21)

Յովհաննէս Մկրտիչ կ՚աղաղակէր ըսելով՝ «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ (Մատթ. 3։2) Յովհաննէսի մատնուելէն յետոյ Յիսուս նոյնը կը քարոզէր ըսելով՝ «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք ու աւետարանին հաւատացէ՛ք»։ (Մարկոս 1։14) Ան Աստուծոյ արքայութեան Աւետարանը կը քարոզէր եւ ժողովուրդը կը բժշկէր բոլոր ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն։ (Մատթ. 4։23) Նոյնիսկ այդ բժշկութիւնները եւ աստուածային մեծագոյն հրաշքները տեսնելէ յետոյ մեզմէ շատեր անտարբեր մնացին ու ականջալուր չեղան մեր սուրբերու գոչիւնին՝ հոգեւորապէս պատրաստուելու Տիրոջ երկրորդ գալստեան։ Մինչդեռ, լրահոսէն մեզի հասած պզտիկ ակնարկ մը պատճառ դարձաւ նպարատուները գրոհելու մեր մարմնական պէտքերը հոգալու համար։

Ասկէ քանի մը օր առաջ՝ Աւագ երեքշաբթի յիշատակեցինք Տասը կոյսերը։ Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած առակը կը պատմէ, թէ ինչպէս փեսան դիմաւորելու ելած տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն գտնուելով իրենց հետ պահեստի ձէթ առին, մինչ միւս հինգը յիմարաբար ձեռնունայն ներկայացան։ Անոնք քունի թմբիրին մէջ էին եւ երբ արթնցան կանթեղները նորոգելու՝ անդրադարձան, որ ձէթի պէտքութիւն ունին։ Մինչ անոնք խանութպաններուն քով ձէթ կը գնէին, փեսան եկաւ եւ հինգ իմաստուն կոյսերը, որ նախապատրստուած էին, անոր հետ հարսանիքի մտան, եւ դուռը գոցուեցաւ։ (Մատթ. 25: 1-12)

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ, կանթեղները կը խորհրդանշեն մեր հոգիները, իսկ ձէթը Աստուծոյ խօսքն է։ Վա՜յ մեզի, եթէ մեր հոգինները պարպուին աստուածային պատգամներէ եւ մենք անպատրաստ գտնուինք Տիրոջ երկրորդ գալստեան։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես յաղթեցի աշխարհին»։ (Յովհ. 16։33) Եւ յիրաւի, մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս յաղթեց այս աշխարհին. օրուան ժամամուտի բառերով՝ «Իր մահով մահուան յաղթեց եւ Իր յարութեամբ մեզ կեանք պարգեւեց»։ Օրհնեա՜լ թող ըլլայ մեր Տիրոջ հրաշափառ Յարութիւնը։

Զատկական այս առաւօտ, բարեգութ Աստուած իր առատ ողորմութեամբ նոր կեանքին արշալոյսը ծագեցուց մեր վրայ։ Այսօր այդ նոր կեանքին տօնախմբութիւնն է, որ կը կատարենք։

 Քրիստոսի հրաշալի Յարութիւնը աւետելով՝ այսօր մեր էութեան խորքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վերահաստատենք։ Քրիստոսի լուսաբաշխ յարութեան աւետիսով մեր հաւատքը կը զօրացնենք, քանզի քրիստոնէութիւնը սոսկ փիլիսոփայութիւն չէ, այլ՝ կեանքի ընթացք։ Քրիստոսի յեղաշրջող յարութիւնը տօնախմբելով կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը հաւատքի ուսուցիչներ դառնալու մեր զաւակաց համար, որպէսի անոնք երբեք չխոտորին ճշմարտութեան ճամբաներէն։

Վերջին շրջանի փորձութիւնները լաւ դաս մը սորվեցուցին մեզի։ Առաքեալի խօսքերով՝ «Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ։ Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները»։ (Բ. Կորնթ. 1։9) Վախերու, տագնապներու եւ բացասական այլ երեւոյթներու կողքին ականատես եղանք նաեւ գիտակից հաւատքի կենդանի վկայութիւններու եւ գործնական արտայայտութիւններու։ Բորորս ականատես եղանք աշխարհի չորս ծագերու մէջ բժիշկներու եւ բուժաշխատակիցներու բացառիկ եւ անձնուրաց ծառայութեան՝ դիմացինի սիրոյն սեփական կեանքը վտանգելով։ Տեսանք աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան զանազան հրաշալի դրսեւորումներ՝ տարեցներուն կամաւորաբար օգնութիւն հասցնող երիտասարդական առաքելութիւններ, դեղօրայքի եւ պարէնի ազնիւ նուիրատուներ, կառավարական համապատասխան հիմնարկներու՝ ոստիկանութեան, հրշէջ ծառայութեան, շտապօգնութեան ծառայողներու շուրջօրեայ նուիրեալ աշխատանք։ Մեզի յատկապէս ուրախութիւն պատճառեց մեր սիրեցեալ զաւակաց համախմբումը Մայր Հայրենիքին մէջ։ Այդ բարերարներու կատարած հերոսական արարքին մէջ մենք Քրիստոսի Յարութեան յաղթական ուժը կը տեսնենք։

Հայ ազգը պատմութեան ընթացքին շատ փորձութիւններ տեսած է՝ աղէտներ, պատերազմներ, սով եւ հիւանդութիւն։ Սակայն մեր հայրերու հաւատքին շնորհիւ մենք միշտ վեր յառնած ենք փիւնիկի պէս, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս՝ Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք»։ (Հռոմ. 6։4)

Սիրելի՛ բարեպաշտ քոյրեր եւ եղբայրներ, մեր խնդրանքն է, որ չդադրիք աղօթելէ աշխարհի բոլոր հիւանդներու, կարօտեալներու, նեղուցեալներու համար։ Չդադրիք աղօթելէ Մայր Հայաստանի, Սուրբ Էջմիածնի եւ մանաւանդ՝ Մայր Աթոռի եւ անոր գահակալի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի համար։

Հաւատացէ՛ք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան հրաշքին եւ գիտցէ՛ք, որ այս դժուարութիւններն ալ պիտի անցնին։ Մեր հայրական յորդորն է, որ Քրիստոսի Յարութեան այս պատգամով առաջնորդէք ձեր կեանքը՝ անկախ օրուայ պայմաններէն։ Մի՛ մոռնաք Ձեր Տէր Աստուածը ուրախութեան եւ հանգստութեան օրերուն, այլ անդադար փառաւորեցէք Անոր սուրբ անունը, որ է օրհնեալ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

Քրիստոս յարեաւ ի Մեռելոց։
Օրհնեա՜լ է յարութիւնը Քրիստոսի։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020