ԱՆԽԱՓԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Քորոնաժահրի համավարակի դէմ Թուրքիոյ մէջ անխափան պայքարը կը շարունակուի։ Երէկ, կառավարութիւնը գումարեց ժողով մը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Այս նիստէն վերջ նախագահ Էրտողան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ ամբողջ երկիրը լուսաբանեց ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ պետութիւնը շարժման անցուցած է իր բոլոր լծակները՝ համաճարակի դէմ ազդու պայքար մը մղելու նպատակով։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ յարափոփոխ իրավիճակի մէջ, յաճախ պահու տակ կողմնորոշուելու ստիպողութեամբ կը կատարուին բազում կարգադրութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ, բնականաբար, որոշ թերացումներ ալ կրնան պատահիլ, սակայն, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ վերահսկելի է։ Դեղօրայքի կամ մասնագիտական սարքաւորումներու առումով, հիւանդանոցներու տարողութեան առումով, պարէնի եւ մաքրութեան նիւթերու մատակարարման առումով երկիրը որեւէ դժուարութիւն չունի։ Նախագահ Էրտողան միջազգային օրինակներու հիման վրայ դիտել տուաւ, որ Թուրքիա հնարաւորինս յաջող եւ ազդու ձեւով կը պայքարի համաճարակի դէմ, նաեւ չ՚ընդհատեր միջազգային համագործակցութիւնը։
Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Էրտողան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին եւս փողոց դուրս գալը արգիլուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ։ Սա անհրաժեշտութիւն մըն է, որովհետեւ բարենպաստ եղանակը պատճառ կրնայ դառնալ հանրային միջավայրերու մէջ մարդոց կուտակման։ Էրտողան մանրամասն թուարկեց նաեւ այն քայլերը, որոնք կ՚առնուին երկրի տնտեսական հաւասարակշռութիւնները լուրջ տատանումներէ զերծ պահելու նպատակով։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ համավարակի զոհերու թիւը հասած է 1296-ի։ Երէկ 34 հազար 456 քննութիւն կատարուած է Թուրքիոյ մէջ եւ նմուշառումներու հիման վրայ յայտնաբերուած՝ 4 հազար 93 նոր վարակեալ։ Երէկ մահացողներու թիւն էր 98։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ կատարուած քննութիւններուն հիման վրայ ակնկալուած նոր վարակումներու ծաւալման թափը յարաբերաբար նուազած է։ Ըստ նախարարին, կանուխ ախտորոշումներու եւ ազդու բուժման ձեւերու շնորհիւ ապաքինեալ հիւանդներու թիւն ալ կը բարձրանայ։